Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսկանեան. «Ես Դէմ Եմ Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն»

September 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Oskanian_9-17-15

Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախկին անդամ Վարդան Օսկանեան իր տեսակէտը յայտնած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին` դիտել տալով, որ անոնց նպատակը ոչ թէ Հայաստանի մէջ կառավարման խորհրդարանական համակարգ հաստատելն է, այլ պարզապէս վերացնել նախագահի պաշտօնը` այնպէս, ինչպէս առկայ է այսօր:

Ան այս մասին գրած է. «Շատ յարգարժան մարդ մը, ձեզ բոլորին քաջ ծանօթ` կուսակցական-քաղաքական գործիչ, այս նիւթին շուրջ զրուցելու ընթացքին ինծի ըսաւ հետեւեալը. «Սերժ Սարգսեանը կը վախնայ յաջորդ Սերժ Սարգսեանէն»:

Շատ դիպուկ եւ բազմաբովանդակ ըսուած է: Մտածեցէ՛ք անոր մասին:

Իրապէս, այս փոփոխութիւններուն ելակէտը, գլխաւոր նպատակը, էութիւնը նախագահի պաշտօնի վերացումն է: Ոչ թէ անոր համար, որ այդ մէկը պէտք չէ, այլ որովհետեւ անհատի մը, խումբ մը  մարդոց կամ քաղաքական ուժի այլեւս ձեռնտու չէ այդ մէկը:

Այլ խօսքով` մենք ոչ թէ խորհրդարանական համակարգի կարիքը զգացած ենք, ուստի անխուսափելիօրէն հրաժարած ենք նախագահի պաշտօնէն, այլ հակառակ կողմէն եկած ենք` ուզած ենք այդ պաշտօնը վերացնել, հետեւաբար անխուսափելիօրէն անցում կը կատարենք խորհրդարանական համակարգի:

Հայաստանի այսօրուան ներքին, արտաքին եւ տնտեսական ահագնացող մարտահրաւէրներուն, խորացող արտագաղթի պայմաններուն մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու այս փորձը կրնայ իսկական փորձանք դառնալ երկրին գլխուն:

Ես դէմ եմ սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ կոչ կ՛ուղղեմ մեր քաղաքացիներուն ոչ ըսելու այդ փոփոխութիւններուն, յայտնած է Օսկանեան:

 

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Նոր Վարչապետը` Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կողմնակից

Յաջորդը

Աղուան Վարդանեանի Հարցադրումները` Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Գծով

RelatedPosts

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը
Հայկական

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

March 6, 2026
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է  Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.