Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան աշխատանքային այցելութեամբ երէկ մեկնած է Պիելոռուսիա:
Կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` Հայաստանի վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այսօր Կրոտնօ քաղաքին մէջ կը մասնակցի Եւրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին: