Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց լիբանանեան զանազան շրջաններ կատարած իր հովուապետական այցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ ան հասաւ Ժուրուտ Պաթրուն եւ Թաննուրին:
Ռայի պատրիարքը Թաննուրինի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ երկփեղկումն ու իրարու նկատմամբ ցուցաբերուած անպարկեշտ ու նենգ վերաբերումը ցոյց կու տան, որ մենք բաւարար չափով քրիստոնէական դաստիարակութիւն չենք ստացած:
«Իսկ նկատի ունենալով արաբական աշխարհին դիմագրաւած ցաւերն ու պատերազմները, Լիբանան հրաւիրուած է ամրապնդելու իր կայունութիւնը, որովհետեւ ան արաբական ընկերութեան համար ծանօթ է իբրեւ կայունութեան ազդակ: Սակայն դժբախտաբար Լիբանան իր կարգին կ՛ապրի երկունքի ցաւեր, որոնց վախճանը անորոշ է: Ուրեմն լիբանանցիները` ընդհանուր առմամբ, իսկ քրիստոնեաները` յատկապէս, հրաւիրուած են լիբանանեան ազգային միասնականութեան մէջ դերակատարութիւն ունենալու եւ երկփեղկումի բոլոր պատերը ճեղքելու», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը:


