Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառը նոյն պայթումէն սպաննուած երկու զոհերուն միջեւ նիւթական հարցի գոյութիւնն է: Ան ընդգծեց, որ այդ պայթումը ահաբեկչական ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց, որ Դիմադրութեան հիմնական նպատակն է պայքարիլ թշնամի Իսրայէլի դէմ: Ան մերժեց ընդդիմութիւն մը, որուն արարքները կը միտին քանդել Դիմադրութեան ձեռք բերած նուաճումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նպատակն է կերտել արդարութեան, կայունութեան եւ քաղաքական կեանքի ազատութեան վրայ հիմնուած Լիբանան մը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած յանցագործները յանձնելու Միջազգային դատական ատեանին: Ան ընդգծեց, որ այս առումով Լիբանանի մէջ ոչ ոք եւ ոչ մէկ քաղաքական կողմ որոշ համայնք մը կամ յարանուանութիւն մը Հարիրիի սպանութեան յանցանքով կ՛ամբաստանէ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին հրապարակած ամբաստանագիրը դիւրաբեկ է եւ անկարելի է, որ ան ծառայէ իբրեւ զօրաւոր փաստ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» երեսփոխանական պլոքի անդամ Խալետ Զահրաման իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի շեշտեց, որ Հըզպալլայի միլիսը լիբանանցիները թիկունքէն հարուածելու, ոխակալութիւն սերմանելու եւ միջհամայնքային ու միջյարանուանական սադրանքներ նախապատրաստելու միլիս մըն է:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրը կը միտի հարուածել եւ այլափոխել Դիմադրութեան պատկերը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթիին կողմէ հարաւային Լիբանան կատարուելիք հաւանական այցելութիւնը կը նախապատրաստուի Տար էլ Ֆաթուայի կողմէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաղուան իր նիստին ընթացքին վաւերացնէ ելեկտրականութեան տագնապին լուծման նպատակով պատրաստուած օրինագիծը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան յաջողութեան չափանիշը երկրին տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն լուծման մէջ է:

ՄԻԱՑԵԱԼ նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի մը որդեգրման նպատակն է բարելաւել լիբանանեան քաղաքական տարբեր շերտերուն ներկայացուցչութեան պատկերը` իւրաքանչիւրին ապահովելով ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց պետական նախարար Ալի Քանսոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուելիք ընտրական օրէնք մը կ՛արգիլէ մենատիրութիւնը եւ առիթ կու տայ բազմազանութեան` նոյնիսկ տուեալ համայնքի մը մէջ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յառաջիկայ ուրբաթ, 26 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մարուն Ռասի մէջ խօսք մը պիտի արտասանէ` Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով:

 

 

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

«ՆՈՐ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆՆ Է» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.