Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՆՔ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ Կ՛ԱՌՆԵՆՔ, ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ ՈՔ ՄԵԶԻ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ ԿՐՆԱՅ ԸՆԵԼ» ԸՍԱՒ ԱՍԱՏ

August 22, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Ասատ կը պատասխանէ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներուն հարցումներուն

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ապահովական գետնի վրայ սկսանք ձեռքբերումներ արձանագրել, եւ մտահոգ չեմ, իսկ կացութիւնը ապահովական տեսանկիւնէն աւելի լաւ է»: Ան ըսաւ, որ պահանջուածը Սուրիան քանի մը շաբթուան ընթացքին տապալելն էր, սակայն սուրիացի ժողովուրդին արթնութեան շնորհիւ այդ ծրագիրը ձախողութեան մատնուեցաւ:

Ասատ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին համար ապահովական լուծում չկայ, այլ` քաղաքական, սակայն երբ ապահովական կացութիւններ կան, անհրաժեշտ է առնչակից մարմիններուն միջոցով ապահովութիւնը պահպանել, որովհետեւ քաղաքական լուծումը առանց ապահովութեան պահպանման կարելի չէ` ընդգծելով, որ «ապահովական գործողութիւններուն ընթացքէն եւ զարգացումներէն մտահոգ չեմ»: Սուրիոյ նախագահը նշեց, որ «սկսանք արձանագրել ապահովական ձեռքբերումներ, զորս ներկայիս պիտի չյայտարարենք»:

Ան յայտնեց, որ երկիրը մուտք գործած է սահմանադրութիւնը քննարկելու հանգրուան: «Մենք կը գտնուինք փոխանցման հանգրուանի մը մէջ, որուն մէջ ամէնէն կարեւորը երկխօսութիւնը շարունակելն է: Սահմանադրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելէ ետք ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան», ըսաւ ան: Խօսելով բարեփոխումներուն մասին` նախագահ Ասատ յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն կուսակցութեանց օրէնքի յանձնախումբը պիտի յայտարարուի եւ պիտի սկսի կուսակցութեանց արձանագրութեան համար դիմումնագիրներ ընդունիլ:

Ասատ յայտնեց, որ մամլոյ օրինագիծը պիտի հրապարակուի Ռամատան ամսուան աւարտէն ետք, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան դեկտեմբերին, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւնները` փետրուար 2012-ին:

Խօսելով քաղաքայիններու դէմ բռնարարքներ կատարած անձերու հաշուետուութեան կանչելուն մասին` Ասատ ըսաւ, որ «սկզբունքով, եթէ կտրուկ կերպով փաստուի, ոեւէ մէկը սուրիացի քաղաքացիի մը սպանութեան մեղսակից է, հաշուետուութեան պիտի կանչուի: Մեղաւոր մը պիտի չարդարացնենք եւ արդար մը հաշուետուութեան պիտի չկանչենք»:

Անդրադառնալով Արեւմուտքին հետ յարաբերութեանց` Սուրիոյ նախագահը զանոնք նկատեց «գերիշխանութեան շուրջ պայքար» մը: Իսկ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը կարելիութեան մասին խօսելով ըսաւ, որ այդպիսի գործողութեան մը հետեւանքները զայն գործադրող կողմերուն ակնկալածէն շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան:

Ան անտեսելով Սուրիան տնտեսական շրջափակումի ենթարկելու քայլերը յայտնեց, որ «մենք ինքնաբաւ ենք եւ սովի պիտի չմատնուինք»: Սակայն նշեց, որ այդպիսի քայլ մը պիտի ազդէ Սուրիոյ սահմանակից երկիրներուն վրայ:

Անդրադառնալով Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններուն` Ասատ յայտնեց. «Չենք գիտեր Թուրքիոյ մտադրութիւնը եւ չենք կրնար կեցուածք ճշդել»: Սակայն ան աւելցուց, որ իրենք թրքական իւրաքանչիւր մտադրութեան հետ վարուելու կերպը ունին: Ան մերժելով Սուրիոյ նկատմամբ ուսուցիչի դեր խաղալու Թուրքիոյ փորձերը նշեց, որ «մենք խորհուրդ կ՛առնենք, սակայն ոչ ոք մեզի թելադրանքներ կրնայ ընել»:

Ասատ նաեւ յայտնեց, որ արեւմտեան երկիրներու կողմէ իր հրաժարականը պահանջող կոչերը անարժէք են:

Յորդանանի մէջ իսլամական ընդդիմութիւնը յորդանանեան կառավարութենէն պահանջեց Դամասկոսի մէջ Յորդանանի դեսպանը տուն կանչել` յայտնելով, որ սուրիացի ժողովուրդին ենթարկուածը կը սպառնայ ստեղծել «շրջանային աղէտ մը, որմէ Յորդանան ուղղակիօրէն պիտի ազդուի»:

 

Նախորդը

ԵԳԻՊՏՈՍ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ՆԵՐՈՒՄԻ ՀԱՅՑԸ ԴԷՊՔԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԶԱՅՐՈՅԹԻՆ ԱՆՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Յաջորդը

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ «ՄԱՇՏՈՑ» ԱՐՇԱՒԱԽՈՒՄԲԸ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.