
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Ռումեան Յովսէփեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Տնեփրոցերժինսքի Սթալի հետ, որ հանդէս կու գայ Ուքրանիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ, հաղորդեց ArmSport.am:
Յովսէփեանի վերջին խումբը եղաւ Փիւնիկը: 2014-2015 տարեշրջանին միջնապահ Յովսէփեան հանդէս կու գար Մեթալուրկ Տոնեցքի հետ: Սակայն 2015-ին այդ ակումբը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ եւ միացաւ Սթալի:
Ուքրանիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Սթալ 7 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը:


