Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «ԱՍ» յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտ բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէային շուրջ 10 միլիոն եւրօ փոխհատուցում խոստացաւ, եթէ անոր տեղափոխութիւնը Մանչեսթըր Եունայթըտէն մատրիտեան ակումբ ձախողի:
Նախապէս կը հաղորդուէր, որ ֆութպոլիստին շուրջ 5 միլիոն եւրօ խոստացուած է:
Նշենք, որ բերդապահին փոխանցումը ձախողած էր փաստաթուղթերու խնդիրներուն պատճառով: