Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին, Միքայէն կրած պարտութենէն ետք, խումբի գլխաւոր մարզիչ Սուրէն Չախալեան հանդիպում ունենալով Ուլիսի պատասխանատուներուն հետ, երկկողմանի համաձայնութեամբ, որոշեց խզել իր ստորագրած պայմանագրութիւնը եւ դադրեցնել համագործակցութիւնը:
Սուրէն Չախալեանի հետ միասին խումբէն հեռացաւ նաեւ մարզիչ Վարազդատ Աւետիսեան:
Ներկայիս խումբի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է Գագիկ Սիմոնեան, որուն գլխաւորութեամբ Ուլիս կը կատարէ իր փորձերը: