Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Ասպարէզ»-ի 107-րդ տարեդարձին առիթով իր առաջնորդող յօդուածին մէջ խմբագիրը` Աբօ Պողիկեան, թերթի ֆիզիքական եւ որակական բարելաւման յոյս-խոստումին կողքին, ակնարկութիւն ըրած էր, աւելի լայն շրջանակի մը հասանելի դառնալու դիտաւորութեամբ, «նոր ուղղագրութեամբ» յաւելուածի մը ձեռնարկելու մասին:
«Նոր ուղղագրութիւն»-ով, հասկնալի է, խմբագիրը ի մտի ունի աբեղեանական ուղղագրութիւնը, որ ընդհանրապէս ի զօրու է Հայաստանի մէջ, նաեւ արձագանգ գտած է սփիւռքեան այն հրատարակութիւններուն մէջ, որոնք լոյս կ՛ընծայուին Հայաստանէն տեղափոխուած մշակոյթի սպասարկուներու կողմէ:
Անմիջապէս արձանագրենք, որ Հայաստանի մէջ դասական ուղղագրութիւնը որդեգրուած է շարք մը հրատարակութիւններու մէջ, իբրեւ գործնական ճիգ` ճիշդ ուղիի վերականգնումին, նաեւ քանիցս գիտաժողովներ կազմակերպուած են նոյն նպատակով:
Կը ձայնակցինք խմբագիրին բարելաւման առաջադրանքներուն` յուսալով եւ մաղթելով, որ թերթը շուտով ապահովէ իրականացման միջոցներն ու կարելիութիւնները: Մինչ այդ ուղղագրութեան ակնարկող խմբագիրին այդ քանի մը բառերը կը դիմաւորենք իբրեւ ազնիւ մարտահրաւէր` դարձեալ արծարծելու համար դասական ուղղագրութեան վերականգնումի առաջադրանքը, հարց մը, որ մերթ ընդ մերթ միտքերու եւ տեսակէտներու աշխուժ փոխանակման առիթ կը ստեղծէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, սակայն այս կառքը կը մնայ շարժելու անկարողութեան մատնուած կառքի վիճակին մէջ: Նկատելի է նաեւ, որ երկար ատենէ ի վեր այս «փշոտ հարց»-ին մասին մտաւորական բանավէճը լուսանցքի վրայ ձգուած է (թէեւ հոս ոչ մէկ իրական փուշ կայ): Այս գիրը ճիգ մըն է խմբագիրին լուռ մարտահրաւէրին դրական մօտեցումով արձագանգելու:
***
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ասդին, այսինքն` մօտաւորապէս 25 տարիէ ի վեր, մեր լեզուագէտներն ու բանիմաց մտաւորականները քանիցս հրապարակային տաք քննարկման նիւթ դարձուցած են ուղղագրութեան հարցը: Յետոյ, քաղաքական, ապահովական-ռազմական ու մեր Դատին վերաբերեալ «աւելի անմիջական կարեւորութիւն ունեցող» հարցեր գրաւած են հրապարակը` «Գորդեան հանգոյց»-ը վերադարձնելով սառնարան, սպասելով Մեծն Աղեքսանդրի սուրին հետեւողութեամբ վճռումի մը:
Դասական ուղղագրութեան վերականգնումի առաջադրանքը ունեցած է այնպիսի վիթխարի պաշտպանողականներ, որոնք ո՛չ միայն գիտական, լեզուական, պատմական ու այլ տուեալներով հիմնաւորած են այս ընտրանքը, այլ նաեւ հերքած են աբեղեանականին կառչած մնալու համար յառաջ քշուած բոլոր գլխաւոր հիմնաւորումները:
Նպատակ չունինք հոս անգամ մը եւս վերաքաղի ենթարկել արտայայտուած տեսակէտները, այլ` շեշտել դասական, այսինքն Մեսրոպ Մաշտոցի օրերէն խմորուած ու դարերու կռանումէն անցած գրելու ձեւին վերականգնումի անյետաձգելի պահանջը: Ափսոսանքով արձանագրենք, որ եթէ այս հարցը ի նպաստ ճշմարիտին վճռուած ըլլար անկախութեան վերահաստատման առաջին տարիներուն, ինչպէս վերականգնեցան նախահամայնավարական ազգային գրեթէ բոլոր արժէքներն ու ճշմարտութիւնները, այսօր ջուրը իր ճամբան գտած պիտի ըլլար, ամբողջ սերունդ մը արդէն ընդգրկուած պիտի ըլլար ճիշդ ուղիին մէջ եւ նման տողեր ժամանակավրէպ պիտի ըլլային:
Հաւանաբար կ՛արժէ միայն յիշեցնել, որ 20-ական տարիներու սկիզբներուն աբեղեանական «ուղղագրութեան» որդեգրման որոշումը ինչպիսի՛ յետին նպատակներ կը հետապնդէր, նոյնինքն զայն բանաձեւած հանճարեղ մտաւորականը` Մանուկ Աբեղեան, որ հայերէնի ուղղագրութեան բարեփոխման ու վիճելի հարցերու լուծման դրօշակիրներէն էր, անդրադարձած էր, որ այս ձեւը լուծում չէր. Աբեղեանէն ետք, ու մանաւանդ ազատ արտայայտութեան մթնոլորտին ստեղծումէն ասդին, բազմաթիւ գիտնականներ ու մեր լեզուի մշակոյթին ծառայողներ վկայած են, այսօ՛ր ալ կը հաստատեն, թէ «նոր»-ը ծառայած է հայութեան երկու ճիւղերուն միջեւ խրամատի յառաջացման եւ… մասամբ նորին: Կը բաւէ նաեւ յիշեցնել, որ «նոր ուղղագրութեան» տարածիչներուն համար մօտաւորապէս 20 տարին բաւարար եղաւ, որպէսզի անդրադառնան գործուած աղէտին (տեսնել վերի պատկերն ու բացատրականը), հետեւաբար 40-ական տարիներուն վերատեսութեան ենթարկեցին սկզբնական օրէնքները եւ դէպի դասականը մերձեցման յանդուգն քայլ առին: Այդ սերունդը չմտահոգուեցաւ, օրինակի համար, թէ նախորդ 20 տարիներուն մայրենին այլանդակող դրութեամբ ահագին գիրք ծնած էր մամուլէն: Այսօր ալ, եթէ ճիշդ ուղին վերականգնի համատարած կերպով, աշխարհը չի քանդուիր. այո՛, ահագին գործ կը բացուի, սակայն քանի մը տարուան աշխատանքը կ՛ամբողջացնէ 40-ականներուն կէս ձգուածը, իսկ յետաձգում` կը նշանակէ (քաջութիւնը ունենանք խոստովանելու) խուսափիլ® անխուսափելիէն:
Աբեղեանական ուղղագրութիւնը, ինքն իր աշխարհին ու շրջագիծին մէջ, շատ հարցեր լուծած է, վիճելի բան չէ ձգած գրեթէ: Այդպէս եղած է, որովհետեւ առաջնորդուած է գիտական ու ակադեմական մօտեցումով («նոր»-ին թելադրած սկզբունքներով անշուշտ, շրջանցելով ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԷՏ-ը): Դասականի պարագային, ինչպէս 20-ական տարիներէն առաջ, մնացած են վիճելի որոշ հարցեր, որովհետեւ այդ հարցերուն լուծումը չէ ունեցած ակադեմական լուծման տրամաբանութիւնն ու մօտեցումը, առի՛թը (սփիւռքեան պայմանները ձեռնտու չեն եղած), այսուհանդերձ, շնորհիւ արտերկրի լեզուագէտներու եւ բանասէր մտաւորականներու, երկար ճամբայ կտրած է դէպի բարելաւում եւ վիճայարոյց հարցերու դարմանում: Այս ծիրին մէջ այսօր ալ երախտաշատ աշխատանք կը տարուի: Իսկ եթէ հրաշքը պատահի եւ դասականը վերականգնելու որոշումը տրուի, այս հարցին քննարկումն ու լուծման հետապնդումը կը դրուի ակադեմական մակարդակի վրայ եւ ոչ մէկ կասկած, որ վիճելի հարցերը մեծ մասամբ բարի լուծում կը գտնեն: Նման քայլի մը յոյսով այս հանգրուանին արձանագրենք միայն փոքրաթիւ բառերու ուղղագրութեան տարբերութիւնը (արձագանգ-արձագանք, ճամբայ-ճամփայ®) դիւրաւ լուծելի է, որովհետեւ հարցին էութեան հետ կապ չունի:
***
Ծանօթ իրողութիւն է, որ դասական ուղղագրութեան վերականգնումին ընդդիմացողներ յաճախ կը խեղաթիւրեն հարցը եւ ուղղագրութեան հարցը կը դնեն արեւելահայերէն-արեւմտահայերէնի հովանոցին տակ, անկէ ալ ծնած է «արեւելահայ ուղղագրութիւն-արեւմտահայերէն ուղղագրութիւն» թիւր հասկացողութիւնը:
Արեւելեան կողմը հայաշխարհի, Աբովեանէն մինչեւ Պատկանեան ու Նալպանտեան, մինչեւ Րաֆֆիի սերնդակիցներ, մինչեւ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներու գրողները, նոյնինքն Տէրեան ու Չարենց, գրած են դասական ուղղագրութեամբ, սակայն` սքանչելի արեւելահայերէնով մը, որուն ընթերցումը, բովանդակութենէն անկախ, հաճոյք կը պատճառէ, վկայարան է մեր լեզուի գեղարուեստական մակարդակին: Այդ դարաշրջաններուն արեւելահայ ընթերցող մը անկասկած որ աւելի՛ դիւրութեամբ հաղորդ կը դառնար արեւմտահայ բանաստեղծի մը կամ վիպագիրի մը, մէկ խօսքով` հայ մամուլի մարդուն գիրին, ու` փոխադարձաբար:
Մեր լեզուին երկու գլխաւոր ճիւղերը մեր մշակութային հարստութեանց մաս կը կազմեն. անոնք վերջին երկու դարերուն ապրած են զտումի ու բարելաւման այնպիսի հոլովոյթներ, որոնց արդիւնքը կարելի է որակել բիւրեղացած արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն (արեւելահայերէնը օտարաբանութիւններով ծանրաբեռնելու մեղքը իր առանձին պատմութիւնը ունի. այդ մասին` քիչ ետք):
Հետեւաբար ուղղագրութիւնը «արեւելահայերէն» կամ «արեւմտահայերէն» որակելը մեղանչում է, հարցէն շեղում: Նոյնքան մեղադրելի է ուղղագրութեան հարցին մէջ քաղաքական հաշիւներ փնտռելը, որովհետեւ սա ԼԵԶՈՒԱԳԻՏԱԿԱՆ հարց է` շեշտելով բառին ԳԻՏԱԿԱՆ մասը: Արդեօք մէկը կրնա՞յ երեւակայել, որ, օրինակի համար, ձգողութեան օրէնքը կրնայ տարբեր ընկալում ունենալ, որովհետեւ քաղաքական այս կամ այն կուսակցութիւնը, պետական այս կամ այն վարչամեքենան անոր մասին տարբեր կեցուածք-մօտեցում ունի, գործին այսպէս կամ այնպէս կու գայ… Տակաւին, ինչպէս ճակատագրական որեւէ հարցի` ուղղագրութեան հարցին ալ պէտք է մօտենալ միայն հայութեան միասնութեան ու մշակոյթին հաւատարմութեան սկզբունքով. սա մինչեւ իսկ մեր վերարժեւորուած քայլերգէն ու եռագոյնէն աւելի՛ կարեւոր հարց է:
***
Մեծ թիւով ընթերցողներու հասնելու ակնկալութեան պատասխանը պէտք է փնտռել ուրիշ տեղ, որ ըստ էութեան կապ չունի ուղղագրութեան հարցին հետ: «Շան գլուխը» թաղուած է այլ հրատապ տագնապի մը վարագոյրին ետին. այդ վարագոյրին ճակատը արձանագրուած է ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻ ՆԱՀԱՆՋ, որ ամբողջ աշխարհը կ՛առաջնորդէ դէպի® տգիտանալու աղէտին գիրկը:
Կրկնենք. տագնապը ոչ մէկ կապ ունի արեւելահայերէնի, արեւմտահայերէնի, դասական կամ «նոր ուղղագրութեան» հարցերուն հետ: Աշխարհը կը քարոզէ, եւ մենք ի վերուստ տրուած աւետիսի պէս կ՛ընդունինք, որ «ընթերցումի դարը անցած է»:
Շատ բան գրուած ու խօսուած է այս նահանջին մասին. բոլորս ալ օր ցերեկով կը տեսնենք, որ 21-րդ դարու նախօրեակէն ասդին, երբ գիտութիւնը, արուեստներ ու, մէկ խօսքով, քաղաքակրթութեան հոմանիշները ըստ էութեան մեծ յառաջխաղացքներ կ՛արձանագրեն, նոյն շրջանին զարգացումի ամէնէն հիմնական ուղին` ընթերցումը նահանջի մէջ է: (Մտաւորական մը գիրք մը գրած է, որուն խորագիրը մօտաւորապէս հետեւեալն է. ««Իմաստուն» գործիքները կը բթացնեն մարդս…»):
Պարզ տրամաբանութեամբ, ոեւէ արեւելահայ, միայն նուազագոյն ճիգով, կրնայ լիովին հաղորդակից դառնալ արեւմտահայութեան ծոցէն ծնած գրականութեան ու մամուլին, եւ` հակառակը: Անձամբ կը վկայենք, թէ մեր մանկութեան օրերէն ի վեր արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով ընթերցումները համաչափ հաճոյք ընծայած են մեզի: Կը հաւատանք, որ եզակի կամ չնաշխարհիկ երեւոյթ չենք: Եթէ չըլլան սխալ քարոզչութիւնները, տեղի չունենայ ընթերցումի՛ն արժեզրկման տարածումը, ոեւէ հայ դիւրութեամբ պիտի ապրի նոյն հաճոյքը, երբ կը կարդայ «միւս փաղանգ»-էն ծնած գրականութիւն:
Լուծո՞ւմը. դպրոցին ու ծնողներու դերին այս իմաստով վերականգնումն է: Չափահասները` ծնողներ, հարազատներ եւ ուսուցիչներ, համատարած կերպով, կը կանգնին գործնական տիպարներ ըլլալու հրամայականին դիմաց:
***
Ուղղագրութեան հարցին վերադառնալով` երկընտրանք չունինք. ո՛չ միայն պէտք է հաւատարիմ մնանք դասական-մեսրոպեան ուղղագրութեան ուղիին, այլ Հայաստանի մէջ եւ արտերկրի` թափ տանք անոր ամբողջական վերականգնումի ընթացքին:
«Նոր ուղղագրութեան» յարիլ` կը նշանակէ նահանջ արձանագրել գիտութեան ու պատմութեան ճշմարտութիւններէն, ժառանգութիւններէն ու թելադրանքներէն: Նման քայլի կրնայ վաղը յաջորդել նաեւ օտարաբանութիւններու առատ գործածութեան որդեգրումը (պիտի առարկուի, որ ատիկա այլ հարց է, սակայն մենք հարցը կը դիտենք ՆԱՀԱՆՋ-ի խորագիրին տակ): Մեր մամուլն ու մտաւորականութիւնը հո՛ս է, որ պայքարելու մարտահրաւէրի դէմ յանդիման են: Նոյնինքն «Ասպարէզ»-ի խմբագիրը գրեթէ ամէն օր, հայրենի մամուլէն վերցուած յօդուածներու եւ հարցազրոյցներու մէջ գործածուած օտար բառերու կողքին, հայերէն բառը կը տեղաւորէ փակագիծի մէջ: Լեզուագէտ մտաւորականներ քանիցս ձաղկած են նաե՛ւ օտարաբանութիւնները, որոնք, ափսոս, առատօրէն կ՛ողողեն գրաւոր ու բերանացի արտայայտութիւնները` պետական ու մինչեւ իսկ մտաւորական դէմքերու կողմէ, երբեմն նոյն մեղքին մէջ կ՛իյնան… օտարաբանութեանց դէմ յօդուած գրողներ:
Եզրակացնելու համար դիմենք մարզախաղերու թագաւոր` ոտնագնդակի օրէնքներուն: Երբ մարզիկ մը սխալ մը կը գործէ, իրաւարարը կը սուլէ, կողմի իրաւարարը դրօշակը կը բարձրացնէ, խաղը կը կասեցուի, սխալ գործող մարզիկը սաստի կամ որոշ տուգանքի կ՛ենթարկուի: Ծանր սխալի մը պարագային, իրաւարարը նաեւ կարմիր տոմս մը կը բարձրացնէ օրէնքը խախտող մարզիկին դէմ ու զայն կը զրկէ խաղը շարունակելու իրաւունքէն:
Մեր մամուլին ծառայողները, մտաւորականներն ու լեզուի պաշտպանները այդ իրաւարարին լիազօրութեամբ օժտուած առաքեալներ են, այդպէ՛ս պէտք է զգան իրենք զիրենք. անոնք իրաւունք ունին դրօշակ բարձրացնելու եւ կարմիր տոմս ցոյց տալու օրինազանցներուն, բայց ոչ երբեք` յարելու անոնց:
***
Իբրեւ նկար գործածուած այս էջը վերցուած է Հայաստանի մէջ 1934-ին «Հայպետհրատ»-ին կողմէ լոյս ընծայուած «Կալիվըրի ճամբորդութիւնները» գիրքէն: Հատորը այլապէս պատմական արժէք ունի. թարգմանողն է Ա. Բակունց, պատուոյ խմբագիրը` Ե. Չարենց, կողքի նկարազարդումը գործն է Յ. Կոջոյեանի:
Ընտրուած բաժինին մէջ գունաւորումով լուսարձակի տակ բերած ենք աբեղեանական ուղղագրութեան առաջին շրջանի արտառոցութեանց օրինակները. արեւելահայ մը այսօր նոյնքան դժուարութիւն պիտի ունենայ այսպիսի գիրք մը կարդալու, որքան` արեւմտահայ մը: Ահա այս այլանդակութենէն էր, որ ետդարձ կատարելու իմաստութիւնը ունեցան մեր լեզուագէտները` 40-ականներուն, եւ կարճ ատեն ետք այս այլանդակութիւնը… մոռցուեցաւ, տպուած գիրքերը մնացին գրադարաններու մէջ` իբրեւ տարօրինակ վկայութիւն:
Կը մնայ, որ լրացուցիչ քայլը առնուի անյապաղ: