Ըստ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին տեղեկութեանց, Լիբանան պատրաստած էր արաբական միացեալ ուժի ստեղծման արձանագրութեան ծրագիրը մերժող նամակ մը, զոր Արաբական լիկային պիտի փոխանցէր Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու տնօրէն դեսպան Շարպել Ուեհպի:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի պատրաստած նամակը կը մերժէր արաբական միացեալ ուժի ստեղծման արձանագրութեան ծրագիրը, ուստի եւ սահմանադրական եւ դիւանագիտական կանոններու հիմամբ զայն ստորագրելը: