Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարմացած Յուշեր

August 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՆԱՀԻՆ

karen-yeppe_8-29-15

Հալէպի տօթակէզ օրերէն մէկն է: Կ՛ըսեն, թէ ջերմաստիճանը կը տատանի 42-43 միջեւ: Ապաստանած տանս ամենազով կարծեցեալ անկիւնը, կը զգամ, որ քրտինքի տարափ մը կ՛արտորայ անհամբեր սահելով վիզէս, թրջելով ամբողջ մարմինս:

Շունչս կ՛առնեմ պատշգամ, ուր կ՛երազեմ հանդիպիլ զով հովիկին, որպէսզի ողջագուրուինք գէթ քանի մը վայրկեան, բայց ափսո՜ս… «դու սպասիր, ես կը գամ» կ՛երգէ խայտառակ հովիկը այս օրերուն:

Աչքերս աջ ու ձախ կը դարձնեմ Նոր Գիւղի կլանող աւերակներուն, պահակ տղոց եռուզեռին ու ճարահատ ջուր կրող մարդկային անվերջ հերթին վրայ: Այս տաժանակիր տառապանքին ի տես սիրտս կ՛արիւնի հալէպաբնակ մնացորդացի ցաւով, մեծ ու փոքրին անխտի՛ր, բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը յամառին չլքել տուն ու երդիք, հող ու հայրենիք: Ակամայ ակնարկս կ՛իյնայ Ճեմարանի շրջափակին վրայ եւ ակնթարթի մը մէջ հոգիս կը խայտայ` նշմարելով Ճեմարանի բոլորակ քարը, ուր ատենօք բաւական տարածք կը զբաղեցնէր այնտեղ հասակ առած, բոլոր սերունդներուն սիրելի ու յիշատակելի ծառը… Ճեմարանի յարկէն ներս թրծուած ո՛ր շրջանաւարտը չէ վայելած անոր հովանիին նստելու, շաղակրատելու, դաս սորվելու հաճոյքը, եւ կամ ո՛ր դպրոցական սիրահարները անոր շուքին ապաստանելով, կողք-կողքի սեղմուած, ի՜նչ-ինչ սիրոյ խոստովանութիւններ չէին ըրած իրարու. քանի՜-քանիներ նշանագրեր չեն դաջած անոր հաստաբուն կոճղին` որպէս դրոշմ յաւերժութեան…

Եւ ահա յիշողութեանս պաստառին վրայ կը տողանցեն երանելի օրերու անջնջելի յիշատակներ…

11933419_736592849776077_3219045177275631015_n

Ամէն տարուան ապրիլ 23-ի օրը Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանը կը հիւրընկալէր Հալէպի չորս ճեմարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտութիւնը: Ցեղասպանութեան ոգեկոչման յայտագիրը կը թնդացնէր ամբողջ Նոր Գիւղի շրջանը, անգա՛մ շրջակայ շէնքերու բնակիչները իրենց պատշգամներէն կը մասնակցէին այդ հոգեպարար արարողութեան:

Ապրիլին կը յաջորդէր յաղթական մայիսը. ի՜նչ կազմակերպ մայիսեան տօնակատարութիւններ կը սարքուէին Ճեմարանի զովասուն շրջափակէն ներս: Ու ահա սարդարապատցիներն ու փոքրիկ շուշեցիները, Մեծ եւ Փոքր Մհերներու խոյանքով ու ազգայնաշունչ կատարումով առլցուն, հպարտութեամբ կը պարուրէին իւրաքանչիւր հայու համակ էութիւնը: Հայկականութիւն բուրող այս մթնոլորտին իրենց առատ օրհնութիւնը կը սփռէին երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսն ու միս Քարէն Եփփէ Մայրիկը, որոնց թեւածող հոգիները կը ցնծային բազմապատիկ ու խուռներամ հայկեան հօտին ի տես:

Կային, բայց հիմա չկան…

Այս բոլորին կնքահայրն էիր դո՛ւն, մեր Ճեմարանի միայնակ ծառը, մեր չարաճճիութիւններու անխօս վկան եւ անվերադարձ դպրոցական օրերու միակ ականատեսը: Այսօր լքուած ես (ինչպէս ամբողջ Նոր Գիւղը) եւ թիրախ` անխնայ արձակուած հրթիռներու հարուածներուն: Ինչե՜ր եւ ինչե՛ր տակաւին պիտի չպատմէիր, եթէ հրաշքով մը լեզու ելլէիր` թէ՛ երանելի անցեալիդ եւ թէ՛ ներկայ աղէտալի վիճակիդ մասին, դո՛ւն բազմաչարչար, միաժամանակ` յուսատու ծառատունկ…

Կը վերադառնա՞ն արդեօք փառքի օրերդ ու կը շրջապատուի՞ս կրկին կայտառ ճեմարանականներով…

Անխախտ ՅՈՅՍ կը փայփայենք մարտնչող հալէպցիներս` մօտ է գարունը, շուտով կը ծաղկիս…

 

 

 

Նախորդը

Հակասութիւններու Երկիր Դարձած Է «Երազուած» Եւ «Երազային» Հայաստանը

Յաջորդը

Սփիւռքին Վերաբերող

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը

March 10, 2026
21-րդ Դարու Ուսուցիչը Ալկորիթմներու Եւ Մարդկայինութեան Միջեւ⁷
Անդրադարձ

21-րդ Դարու Ուսուցիչը Ալկորիթմներու Եւ Մարդկայինութեան Միջեւ⁷

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.