Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակասութիւններու Երկիր Դարձած Է «Երազուած» Եւ «Երազային» Հայաստանը

Օգոստոս 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Որքան յուզիչ եւ հրապուրող է Հայաստանը, երբ Երեւանի լուսաւոր փողոցներու սրճարանները կը հանգչիք եւ իրապէս համով պաղպաղակ կը ճաշակէք, այգիներու մէջ թաքնուած պերճ ճաշարաններուն մէջ «Փանթակրուէլ»-եան յորդող սեղաններու շուրջ կը հաւաքուիք ընկեր-բարեկամներով, եւ ուտողը որքան որ ալ տոկուն ըլլայ, սեղանները բրգացած կը մնան ձեռք չդպած սկուտեղներու վրայ մնացած համադամներով, որոնցմով բազմաթիւ ընտանիքներ խրախճանք կրնան կազմակերպել: Չտեսի մսխում:

Այս Երեւանն է դասակարգի մը եւ ցուցամոլիկ զբօսաշրջիկներու, կամ` տպաւորիչ խորհրդաժողովներու «ի՜նչ լաւ ժամանակ անցուցինք»-ի անդիմագիծ ամբոխի, դրսեցի թէ տեղացի: Քաղաք մը, որուն կեդրոնը կը նմանի եւրոպական կամ ամերիկեան զբօսաշրջիկ ընդունելու  պատրաստ տօնավաճառի:

Երբեմն պէտք է անցնիլ կարգ մը փողոցներով եւ դիտել առօրեան մարդոց, որոնք չեն գտնուիր այդ առասպելական սեղաններու շուրջ, դուրս ելլել Երեւանի կեդրոնական մասէն, հեռանալ բազմաստղանի հիւրանոցներու շրջանակէն: Հինցած-մաշած իրենց կպրապատ ըլլալը մոռցած փողոցներու մէջ յանկարծ դէմ առ դէմ կը գտնուիք երկաթեայ մեծղի դարպասներով կամարակապ լուսաւոր առանձնատուներու, որոնք աւելի կը տխրեցնեն միւս կիսաւարտի նմանող կամ մաշած բնակարանները, կարծէք` տարիներէ ի վեր անբնակ մնացած ըլլային:

Պողոտաներու երկայնքին, քիչ մը ամէն տեղ, վառելանիւթի լցակայաններ կան, որոնց առջեւ ցուցանակի մը վրայ կը կարդաք` «հրավտանգ», բայց անոնք կից են բնակարաններու եւ կրպակներու` անգիտանալով «հրավտանգ»-ը: Անգիտացողները` բնակիչները եւ պետութիւնը: Զարմանալի է, որ քաղաքապետութիւն, թաղապետութիւն, ոստիկանութիւն կ’ընդունին կացութիւնը: Անդադար օրէնք մշակելու համար ժողովներ գումարող Ազգային ժողովի պատգամաւորները, որոնք կ’անցնին այդ փողոցներով, չեն կրնար չտեսնել «հրավտանգ»-ը: Այս փողոցներն ալ Երեւան են, հայաբնակ են: Այդ կրպակները բաց են առաւօտ կանուխ մինչեւ ուշ գիշեր, ընտանիքի ապրուստ ճարելու համար աշխատող այրեր եւ կիներ: Եթէ երեւակայենք «հրավտանգ»-ին յաջորդող ակնթարթը… Ո՞վ եւ որո՞նք պիտի կանխեն «հրավտանգ»-ը:

Նոյն պատկերները կը պարզուին, երբ քայլ մը կը հեռանաք Երեւանէն, կ’երթաք Աշտարակ, գեղեցիկ դիրքով եւ պատմական յիշողութիւններով յագեցած գիւղաքաղաքը կամ քաղաքը: Եկեղեցիի կողքին դամբան ունի բանաստեղծ մը` Գէորգ Էմին, պողոտայի եզրին կաթողիկոսի արձան կայ, Ներսէս Աշտարակեցի: Բանասիրական աւարտած երիտասարդը, մոռցուող նահապետական ընտանիքի պատկեր ժառանգած, կը բնակի հոն, մանկապարտէզի ուսուցչուհի երիտասարդ կինը, երկու մանչերը, հայրը, որ հեռու կ’աշխատի, մայրը` երաժշտանոցի մէջ քանոնահարներ կը պատրաստէ, եւ հօրը մայրը` տատիկը: Կոճղը, որ ազգ կը պահէ:  Երկյարկանի տուն մը, ուր հազիւ կը պատսպարուին, այգին` ուրկէ բանջարեղէն եւ միրգ կը ստանան: Երեսնականներէն մնացած բնակարանը աւերակ է, գրեթէ, բայց զայն թարմացնելու եւ արդիական պայմաններով օժտելու համար այդ ընտանիքը միջոցներ չունի, ինչպէ՞ս կրնայ գոյացնել քանի մը հազար տոլարը:

Ինչպէ՞ս ունենալ միջոցներ, երբ բազմաթիւ համալսարաններէն մէկուն հայ գրականութեան ուսուցիչը ամսական կը ստանայ երկու հարիւր յիսուն տոլար: Աստուա՛ծ մի արասցէ, եթէ տատիկը մահանայ, այդ գումարը պիտի բաւէ՞ արժանապատուութեան համար անհրաժեշտ համարուող հոգեհացին:

Աշտարակի մէջ եւ շուրջ արագ պտոյտ մը կրկին պիտի պարզէ աներեւակայելի տարբերութիւններ շքեղ ապարանքանման բնակարաններու եւ հինցած ու կիսափլատակ տուներու միջեւ: Եւ ըսել, որ երկիրը խորհրդային հաւասարութեան դրախտն էր: Ինչպէ՞ս ծնունդ առին այսքա՜ն անըմբռնելի եւ անբացատրելի տարբերութիւններ: Տարրական ողջմտութիւնը պիտի ըսէ, որ ճակտի քրտինքով խանայողութիւնները չեն կրնար յառաջացուցած ըլլալ զանոնք:

Աշտարակի մէջ կը վաճառուին հին բնակարաններ, նոր կառուցուածներ, կիսով կառուցուածներ: Տէրերը Հայաստան չեն գտնուիր, կամ կը պատրաստուին մեկնելու: Առանձին կին մը կը սպասէ, որ տունը վաճառուի, որպէսզի Ռուսիա մեկնի, ուր գացած են ընտանիքի անդամները: Ինք իր ապրուստը ճարելու համար ուրիշներու այգին մաքրած էր, մոլախոտերը քաշած, ափերուն մէջ ջուր լեցուած էր: «Ի՜նչ լաւ ժամանակ անցուցինք»-ի եւ խորհրդաժողովներու ականաւոր մասնակիցները այս երեւոյթները չեն տեսներ, իրենց ձայնը չեն միացներ բողոքի լուռ ալիքին:

Այժմ վաճառուած է մարզամշակութային համալիրը անյայտ անունով անձի: Նոյնիսկ հեռատեսիլէն բուռն բողոքներ կը լսուին` առանց ձեռնոցներ դնելու: Մտահոգութիւն կայ նաեւ անոր համար, որ մարզամշակութային համալիրը կը գտնուի Ծիծեռնակաբերդի հարիւր հեկտարի քսանին վրայ: Զոհերու յիշատակը յարգելէ եւ յուշարձանին առջեւ խոնարհելէ ետք մարդիկ համալի՞ր պիտի երթան զբօսնելու…

Տեղ մը բան մը սխալ է:

Ազգային արժէքները եւ իրաւունքները բիզնես չեն: Իրաւո՛ւնք են:

Երբ ժողովուրդի մը առհաւական զգացումները եւ եսը կ’արհամարհուին, նոյն այդ ժողովուրդը իր ցասումը արտայայտելու համար ոտքի կ’ելլէ…

Այս բոլոր երեւոյթներուն ի լուր եւ ի տես` մանր շահախնդրութիւններով ձեռնածալ մնալը մեղսակցութիւն է:

Հայրենասէրը աչքի խտիղ պատճառող ծիածանային գոյներէն անդին նայելու քաջութիւն, իմաստութիւն եւ յանձնառութիւն պէտք է ունենայ, որպէսզի ազգ եւ հայրենիք իրապէս վերականգնին:

Զբօսաշրջիկ զգացական հայրենասէրներն ալ հիւրանոցներու սրճարաններէն հեռանալով` առանց աչքի կապանքի պէտք է դիտեն իրականութիւնները… Ա՛յս ալ մշակոյթ կ’ենթադրէ:

23 օգոստոս 2015, Երեւան

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առթիւ. Փրկութեան Քարտէզ (Խաղարկային Փաստավաւերագրական Լիամետրաժ Շարժապատկեր)

Յաջորդը

Թարմացած Յուշեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?