Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Յարձակումները Կը Շարունակուին

August 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkey_8-27-15

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Բիւրակնի մէջ գտնուող ամբարտակի մօտ տեղի ունեցած յարձակումի մը պատճառով վիրաւորուած է չորս մարդ: ՔԱԿ-ի կատարած յարձակումին դէմ դրած են ամբարտակը պահպանող թուրք զինուորները: Շրջանին մէջ յատուկ գործողութիւն սկսած է յարձակում գործողները ձերբակալելու համար:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Օսմանիէի մէջ հերթապահութիւն կատարող ոստիկանութեան վրայ կրակ բացուած է: Շրջան լրացուցիչ բանակային ուժեր ուղարկուած են, այստեղ եւս գործողութիւն սկսած է քիւրտ զինեալներուն դէմ:

Ոստիկանական բաժանմունքի դէմ յարձակում տեղի ունեցած է նաեւ Այնթապ քաղաքին մէջ: Դէպքին վայրէն ոչ հեռու յայտնաբերուած է յարձակումը գործողներուն ինքնաշարժը, որուն մէջ զէնք ու զինամթերք յայտնաբերուած է: Խուզարկութեան աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ձերբակալուած են երեք անձեր:

Վանի մէջ ոստիկանական ինքնաշարժի դէմ կրակ բացած են նռնականետէ: Արձանագրուած է երկու վիրաւոր: Այստեղ նոյնպէս լայնածաւալ գործողութիւն սկսած է:

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Կորճայքէն ընտրուած երեսփոխան Ապտիւլլա Զէյտանին, կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի գիշեր քրտաբնակ Կորճայք նահանգի Եիւքսեքովա քաղաքին մէջ ոստիկանութեան հետ բախումներու ընթացքին արձանագրուած է երեք զոհ եւ եօթը ծանր վիրաւոր:

Բախումները տեղի ունեցած են քիւրտերու եւ ոստիկանական ուժերու միջեւ, եւ անոնց, ըստ գործակալութեան, մասնակցած են նաեւ ՔԱԿ-ի զինեալներ:

Հակառակ նահանգին մէջ մտցուած կրակմարի դրութեան, փողոցներ դուրս եկած են հարիւրաւոր մարդիկ, ներառեալ` զինեալներ: Անվտանգութեան ուժերու հետ բախումներուն ընթացքին եղած են կրակոցներ եւ ինքնաշէն սարքերու պայթումներ:

Քիւրտերը բողոքած են քրտաբնակ որոշ շրջաններու մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ ինքնավարութիւն հռչակելու պատճառով թրքական իշխանութիւններուն կողմէ սկսած ձերբակալութիւններուն դէմ:

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ 3 անձեր վիրաւորուած են, երբ Պոլսոյ մէջ փոխադրամիջոցներու կեդրոնի մը դէմ կրակ բացուած է:

 

 

 

Նախորդը

Տաճիկիստանի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանի Երկու Զինուորականներ Մեղաւոր Ճանչցուած Են Սպանութեան Համար

Յաջորդը

«Իրան Կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Ապահովական Գօտիի Ստեղծման» Կ՛ըսէ Աֆխամ

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.