«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի Սուփսա, Պաթում եւ Թուրքիոյ Ճէյհան նաւահանգիստներով փոխադրուող եւ համաշխարհային շուկաներուն մէջ սպառող ազրպէյճանական «Ազերի Էլ.Թի. ՍԻՖ» տեսակի քարիւղին գինը վերջին չորս օրերուն յաւելեալ երկու տոլարով նուազած է:
Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը` ՍՈՔԱՐ-ը յայտնած է, որ Լոնտոնի սակարանին մէջ 26 օգոստոսին տեղի ունեցած սակարկութեան իբրեւ արդիւնք ազրպէյճանական վերոնշեալ տեսակի քարիւղի մէկ տակառին գինը 0,13 տոլարով կամ 0,29 առ հարիւրով աժանցած է եւ հասած 44,34 տոլարի: Անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան անիկա կ՛արժէր 46,23 տոլար, իսկ երէկ` 44,21 տոլար:
Ներկայ դրութեամբ համաշխարհային շուկային մէջ Պրենթ տեսակի քարիւղի մէկ տակառին գինը 42,57 տոլար է, իսկ «Ու.Թի.Այ.» քարիւղի մէկ տակառը` 38,33 տոլար:
Ազրպէյճանի արտածումին 95 առ հարիւրը կը կազմէ կազը, քարիւղը եւ քարիւղամթերքները, իսկ երկրին պետական պիւտճէն 75 առ հարիւրով կը ձեւաւորուի ուժանիւթի արտածումէն ստացուող եկամուտներով:
Ազրպէյճանի 2015-ի պետական պիւտճէին մէջ քարիւղի գինը մէկ տակառին համար նախատեսուած է 90 տոլար: Ներկայիս Պաքու-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարով արտածուող ազրպէյճանական քարիւղի գինը պետական պիւտճէին մէջ նախատեսուածէն շուրջ 47,43 տոլարով ցած է: