Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերպիա Եւ Քոսովօ Պրիւքսէլի Բանակցութիւններու Ընթացքին Լուծած Են Օրակարգի Բոլոր Հարցերը

August 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Mustafa-Mogherini-Vucic_8-26-15
Մուսթաֆա, Մոկերինի եւ Վուչիչ

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ սերպական ՌՏՍ պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտար Վուչիչ ամփոփելով Քոսովոյի վարչապետ Իսա Մուսթաֆայի հետ ինը ժամ տեւած բանակցութիւններու արդիւնքները` յայտարարած է, որ Պելկրատի եւ Փրիշթինայի փոխյարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ բանակցութիւններու հերթական հանգրուանը աւարտած է օրակարգի վրայ ընդգրկուած բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումով:

«Ես լուր ունիմ հաղորդելիք Քոսովոյի եւ Մեթոքիոյ մեր ժողովուրդին համար. մենք լաւ համաձայնութիւններու հասած ենք: Պիտի ստեղծուի սերպական քաղաքապետութիւններու ընկերակցութիւն` լայն լիազօրութիւններով», ըսած է ան:

Ըստ Սերպիոյ վարչապետին, համաձայնագիրներ ստորագրուած են օրակարգին վրայ ընդգրկուած բոլոր չորս հարցերուն վերաբերեալ: Սերպական քաղաքապետութիւններու ընկերակցութեան ստեղծումէն զատ, օրակարգի վրայ նաեւ եղած են ուժանիւթը, հեռահաղորդակցութիւնները, ազատ երթեւեկութիւնը Քոսովսքա¬Միթրովիցա քաղաքին մէջ Իպար գետի կամուրջով, ուր նախապէս պատնէշներ կային, որոնք կը սահմանազատէին քաղաքի սերպական եւ ալպանական մասերը:

Վուչիչի եւ Քոսովոյի հանրապետութեան վարչապետ Իսա Մուսթաֆայի միջեւ բանակցութիւնները ընթացած են Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի միջնորդութեամբ: Ան ընդգծած է, որ ստորագրուած համաձայնագիրները «մեծ ձեռքբերում մըն են Պելկրատի եւ Փրիշթինայի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբուն վրայ»:

ԹԱՍՍ կը նշէ, որ Փրիշթինայի հետ բանակցութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին Պելկրատի համար: Անոնց յաջողութենէն մեծապէս կախեալ է Սերպիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու յառաջընթացը:

Սերպիոյ Հանրապետութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացած է մարտ 2012¬ին: Պելկրատի մէջ կ’ակնկալեն, որ իրենց երկիրը Եւրոպական Միութեան պիտի միանայ 2020¬ին:

 

Նախորդը

«Ֆրանսա Կը Շարունակէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հարցով Թուրքիոյ Հետ Գործակցութիւնն Ու Տեղեկութեանց Փոխանակումը» Կ՛ըսէ Լը Ֆոլ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Քարիւղի Գիներուն Սրընթաց Անկումը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.