Թրքական ԻՀԼԱՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարները այսօր Անթալիա քաղաքին մէջ պիտի ունենան եռակողմ հանդիպում մը:
Պիլկիչ կարեւոր նկատած է եռակողմ հանդիպումին շրջանային կարեւորութիւնը: Ան յայտարարած է, որ Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք այդ հանդիպումին ընթացքին պէտք է քննարկուի Աշխապատի մէջ նախարարներու նախորդ հանդիպումին որդեգրուած որոշումներու գործադրութիւնը:
Երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Աշխապատի մէջ հանդիպումը տեղի ունեցած էր 29 յունուար 2015-ին: