
Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի համար մեծագոյն վտանգը այն է, երբ ներկայ քաղաքական երկփեղկումը կ՛օգտագործուի` նախկին ոխեր հրահրելու նպատակով:
Խալիլ ցաւ յայտնեց վերջերս արտայայտուած շարք մը կեցուածքներուն համար` նկատել տալով, որ ընդդիմութեան կողմէ որդեգրուած այդ տեսակէտները խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կազմող քաղաքական ուժերը չէ որ պիտի տկարացնեն, այլ` Լիբանանի ազգային դիմադրողականութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պայքարը, յատկապէս` տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն վերաբերող:
Խալիլ կոչ ուղղեց համախմբուելու եւ միասնականութեամբ դիմադրելու թշնամի Իսրայէլին` հիմնուելով բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազին վրայ:


