Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԵՀՐԱՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՌՈՒՍԻՈՅ «ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ» ԱՌԱՋԱՐԿԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ

August 20, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալի Աքպար Սալեհի

«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Մոսկուա կատարած իր այցելութեան աւարտին յայտնած է, որ Ռուսիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին քննարկած է Իրանի հիւլէական թղթածրարի լուծման Ռուսիոյ «քայլ առ քայլ» ծրագիրը եւ նշած, որ Իրան կ՛ողջունէ այդ նախաձեռնութիւնը, եւ անոր մանրամասնութիւնները մասնագէտներու կողմէ պիտի ներկայացուին:

Սալեհի ընդգծած է, որ ըստ Ռուսիոյ առաջարկած «քայլ-առ քայլ» ծրագիրին բոլոր միջոցառումները պէտք է առնչակից կողմերուն կողմէ միացեալ կերպով գործադրուին: «Իրան կը հաւատայ, որ Ռուսիա «քայլ առ քայլ» ծրագիրը առաջարկելով բարի կամեցողութիւն ցուցաբերած է», յայտարարած է Սալեհի:

Խօսելով Իրանի հիւլէական ծրագիրին մասին` Սալեհի ըսաւ, որ այդ ծրագիրը իր բնական ու ճիշդ հունին մէջ է, եւ արեւմտեան երկիրներն են, որոնք Իրանի դիմաց հարցեր ստեղծելու համար անտրամաբանական պատրուակներ կը ներկայացնեն, իսկ այժմ իրենց ստեղծած անել կացութենէն դուրս գալու ուղի մը կը փնտռեն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնած է, որ «Ռուսիա կը ձգտի վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել եւ գոյութիւն ունեցող արգելքները վերացնել»:

13 յուլիսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով առաջարկեց նոր` «քայլ առ քայլ» մօտեցում մը, որ իսլամական հանրապետութեան առիթ կու տայ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ներկայացուցած հարցերուն նկատմամբ քայլեր առնելու:

Ըստ առաջարկուած ծրագիրին, Իրան կրնայ գործակալութեան անջատ մտահոգութիւնները փարատելու համար բանակցութիւնները վերակենդանացնել եւ ընթացքին վարձատրուիլ պատժամիջոցներու մասնակի ջնջումով:

 

Նախորդը

ԲԱՆԱԿԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԱԶԱԾ Է, ԻՍԿ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ` ԱՃԱԾ

Յաջորդը

ՔԱՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.