Զ. ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Հինգշաբթի, 5 օգոստոսին` եգիպտական համաժողովրդային, արաբական եւ միջազգային բարձր մակարդակի մասնակցութեամբ, հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Սուէզի ընդլայնուած եւ խորացուած ջրանցքին: Ըստ ամենայնի` ազգային մեծ ծրագիր մը, նպատակ ունենալով հզօր մղում հաղորդել եգիպտական տնտեսութեան` աւելի քան կրկնապատկելով Սուէզի ջրանցքէն անցքի եկամուտները, զարգացնել ջրանցքի գօտին, ընձեռելով արդիւնաբերական, առեւտրական, զբօսաշրջային եւ գումակային ձեռնարկներ հաստատելու կարելիութիւններ ու ստեղծելով նոր աշխատատեղեր նորահաս հազարաւոր եգիպտացիներու` միաժամանակ ապահովելով անոնց պատշաճ բնակութիւնը գոյութիւն ունեցող կամ նոր քաղաքներու մէջ, աշխատանքի վայրին մօտ:

Սուէզի ջրանցքի առանցքին շուրջ նախատեսուած այս ձեռնարկը մին է պետութեան զարգացման եւ ամրապնդման սեւեռումով նախատեսուած ձեռնարկներէն, որոնց մաս կը կազմեն Արեւմտեան անապատը թէ Սինայի թերակղզին երկրագործական գօտիի վերածելու նոյնքան հեռանկարային նախագիծը, անոր հիման վրայ նոր քաղաքներու հաստատումը, երկրագործական արդիւնաբերութիւնը վերամշակելու եւ այլ արդիւնաբերական ձեռնարկներու ու սպասարկութիւններու հիմնումը, Եգիպտոսի վարչական նոր մայրաքաղաքի հիմնումը, մէկ միլիոն բնակելի յարկաբաժիններու կառուցումը եւ այլն: Այս նախաձեռնութիւնները մարմին ստացան` Իսլամ եղբայրներու քաղաքական, ընկերային, տնտեսական թէ ազգային անվտանգութեան իմաստով ձախողած վարչակարգին դէմ յունիսի 30-ի ապստամբութենէն եւ զօրավար Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսիի նախագահ ընտրութենէն ետք: Ուշագրաւը` ժողովրդային անբռնազբօսիկ եւ միահամուռ աջակցութիւնն էր ընտրուած նախագահին առաջադրած առաջին` ջրանցքի ընդլայնման եւ խորացման, նաւերու միաժամանակ երթեւեկն ապահովելու ձեռնարկին, որուն համար ժողովրդական լայն խաւերը` հարուստ, միջին թէ համեստ դասակարգի ու թոշակառուներն իրենց վստահութեան նոր ապացոյցը տուին եւ մրցանշային ութն օրուան մէջ 64 միլիառ եգիպտական թղթոսկի (աւելի քան ութ միլիառ ամերիկեան տոլար) հանգանակեցին եւ ներդրում կատարեցին ազգային տնտեսութեան աշխուժացման հեռանկարային այս նախագիծի իրագործման համար:
2011-ի յունուարի 25-ին, թէ 2013-ի յունիս 30-ին ամէն խաւէ միլիոնաւոր եգիպտացիներ փողոց դուրս եկած էին. առաջինին կարգախօս դարձած հիմնական պահանջներն էին` հաց, ազատութիւն եւ ընկերային արդարութիւն: Այս պահանջներու կենսաւորման, իրագործման նուազագոյն յոյսի ներշնչումը, կենսունակ ծրագիրի կամ նախագիծերու առկայութեան պարագային, հեռանկարային շօշափելի նախաքայլեր եթէ կատարուէին, անտարակոյս երկրորդը` յունիսի 30-ը չէր բռնկեր: Սակայն, ոչ. մեծ բառերու ետին` յեղափոխութիւն, արաբական գարուն եւ այլն, իրական որեւէ փոփոխութեան յոյս չտուին հետագայ զարգացումները, թէկուզ ժողովրդավարութեան քողով պատուած: Իսլամ եղբայրներու ընտրական կասկածելի արդիւնքով իշխանութեան հասնիլը աւելի բարդացուց հարցերը-քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական խնդիրներուն վրայ բարդուեցան ազգային ապահովութեան, երկրի հողային ամբողջականութեան թէ ազգային համակեցութեան տեսանելի սպառնալիքները: Եւ բռնկեցաւ երկրորդ ապստամբութիւնը, այս անգամ արդէն` յանձինս իսլամ եղբայրներու իշխանութեան, ուղղուած բոլոր արտաքին թէ ներքին ուժերուն դէմ, որոնք Եգիպտոսը իրենց տարածաշրջանային թէ համաշխարհային ռազմավարական նպատակներու խարիսխ դարձնել կը նկրտէին` դաւանական բաժանումները խորացնելով եւ անոնց թիւր մեկնաբանութիւնները օգտագործելով:

Եգիպտացի ժողովուրդը մերժեց լծակի դեր կատարել այլոց մեքենայութիւններուն մէջ, արիւնալի եւ աւերիչ պայքարներու թատր դարձնել իր հայրենիքը, որուն տիրութեան ապացոյցն էր իր ծառացումը թէ՛ բռնատիրութեան եւ սակաւապետութեան դէմ, թէ՛ անվաղորդայն եւ ոչինչ խոստացող դաւանական տարբերութիւնները զէնք դարձուցած ուժերուն դէմ, եւ թէ՛ ալ անոնց ետին կանգնած վերպետական, վերազգային եւ անդաւանանք ամենակուլ համաշխարհային համակարգին դէմ: Այսօր` երկու ապստամբութենէ ետք, Եգիպտոսի մահուկենաց պայքարները չեն աւարտած. ահաբեկչութեան դէմ պայքար, տարածաշրջանի կայունացման եւ խաղաղեցման պայքար, ներքին համակեցութիւնն ամրապնդելու պայքար, ժողովրդավարութեան հաստատման պայքար, երկիրի կառուցման եւ տնտեսական յառաջդիմութեան պայքար, ընկերային արդարութեան պայքար: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը հսկայ մարտահրաւէր է մէն մի երկրի, պետութեան, ազգի համար: Անոնց ամբողջութիւնը կարելի չէ յաղթահարել մէկ անգամէն ու մէկ շունչով. երկար գործընթացներ, զարգացումներ եւ հոլովոյթներ առկայ են. յաղթանակը ոչ թէ երեւոյթներու նկատմամբ ժամանակաւոր հակակշիռ հաստատելն է, այլ համակարգային լման փոփոխութեան մէջ երկարաշունչ լուծումներու հետամուտ ըլլալը, գլխաւոր շեշտը դնելով կրթութեան, առողջապահութեան, կրօնական քարոզչութեան, ընդհանուր առմամբ քաղաքակրթական տեսլականի մը հիման վրայ, որուն գլխաւոր նիւթը մարդն է, իսկ նպատակակէտը` խաղաղ եւ ստեղծագործ համակեցութիւնը մէկ հայրենիքի սահմաններուն մէջ, առանց դաւանանքի, սեռի եւ դասակարգի խտրութեան: Երա՞զ է խաղաղ, անպայքար համակեցութիւնը: Թերեւս, եթէ պայքարի իմաստը դրուի անհաւասարութիւններ ստեղծելու եւ յաւերժացնելու ճիգերուն վրայ եւ ոչ բարօրութեան ու հաւասար զարգացման հնարաւորութիւններու կենսաւորման:
Արդեօք ժողովուրդներ կը ձգտի՞ն քանդիչ ներքին պայքարներու, անկայունութեան, արտաքին պատերազմներու: Բնական ձգտումը խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, ստեղծագործ աշխատանքն ու բարօր կեանքի պայմաններու ստեղծումն է: Հարցը թերեւս այն է, որ իւրաքանչիւր ազգ ու հաւաքականութիւն այդ բարիքները կ’ուզէ ինքնիր համար. աւելի վատ է, երբ ոմանք կը կարծեն, թէ իրենց բարօրութիւնը եւ զօրութիւնը կրնան կառուցել այլոց ազատութեան, բարօրութեան եւ կեանքին հաշուոյն: Ներդաշնակ աշխարհը երազ պիտի մնայ այնքան ժամանակ, երբ ժողովուրդներ զայն պիտի ակնկալեն ուրիշներէ եւ սեփական ջանքը պիտի զլանան, չէզոքութիւն պահեն այլոց դժբախտութեան դիմաց, առանց անդրադառնալու, որ հերթը իրենց ալ կրնայ հասնիլ ուշ կամ կանուխ: Փաստ է, որ մարդկութեան անցեալի բոլոր թշնամիներու պարտութենէն եւ չքացումէն ետք մարդկութեան չարիք նիւթողներն ու պատճառողները չպակսեցան, ընդհակառակը` անոնք իրենց միջոցները աւելի կատարելագործեցին եւ համաշխարհային ներկայ կարգուսարքը դարձուցին պայթիւնավտանգ, ա՛լ աւելի վտանգաւոր, քան Հիթլերը, Ստալինը եւ Մուսոլինին էին, եթէ զանոնք նկատենք աշխարհի խաղաղութեան իրենց ժամանակի «միակ» սպառնալիքները: Այսօր մենք ունինք ամբողջ համակարգեր, անդէմ ու աներեւոյթ, որոնք ազգերու ստրկացման, քաղաքակրթութիւններ փոշիացնելու, ժողովուրդներու քրտինքն ու հայրենիքի հարստութիւնները իւրացնելու նորահնար միջոցներ մշակելու եւ կատարելագործելու, անխոցելի դարձնելու տենդագին աշխատանք կը տանին, իսկ իրենց դէմ ծառացողները տարբեր անուններով կը պիտակեն, ընկալելի` մնացած ժողովուրդներուն եւ հաւաքականութիւններուն: Ժողովուրդներ անօգնական մնացած են` ճզմուած չարիքի բեւեռներու միջեւ մղուող պայքարին արանքը, դրդուելով ընտրել այս կամ այն բեւեռը, կարծես անոնցմէ մին նախընտրելի է, աւելի քաղցր է եւ ընդունելի, քան միւսը[ները]: Եգիպտացի ժողովուրդը իր պայքարին մէջ նշանակալի քայլ կատարեց եւ անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերեց իր ընտրեալի տեսլականին: Ասիկա միայն սկիզբ մըն էր: Այնքան գուրգուրանքի առարկայ եղող դրամը տալով հարցեր չեն լուծուիր. գաղափարներու, տեսլականի կարիք կայ, կարիք կայ գերութեան անցեալ դարերու շղթաները անվերադարձ ջախջախելու, սեփական ներուժի աղբիւրները կազմակերպելու եւ արդիւնաւորելու նոր համակարգ յառաջացնելու, ազատագրուելու ներքին թէ արտաքին, հին թէ նոր մտածում եւ շարժում կաշկանդող կաղապարներէն, վերջապէս` իսկակա՛ն ապստամբութեան, որ յեղափոխութեան սկիզբ է եւ ոչ աւարտը, ապստամբութիւն, որ փողոցի ու հրապարակներու փոխարէն կը կատարուի մզկիթներու եւ եկեղեցիներու ամպիոններէն, ուսումնարաններու, գիտական աշխատանոցներու, գործարաններու եւ շինարարութեան հրապարակներուն վրայ, ինչ որ իսկական մարտահրաւէր է, դժուար յաղթահարելի, մանաւանդ որ անցեալը իր լաւով ու մանաւանդ վատով կը շարունակէ տիրել միտքերուն եւ զգացումներուն վրայ:
Ափսո՛ս է երկու ապստամբութեան համար այսքան ճիգի, զոհողութեան եւ ժամանակի կորուստը անիմաստ եւ անօգուտ հրահրուած պայքարներու յորձանուտին մէջ, ոճի՛ր է` եթէ այն կը կատարուի գիտակցաբար, յանուն նեղ եւ խիստ ժամանակաւոր շահերու, որոնց վախճանը անփառունակ անկում է: Պատմութիւնը դաժա՛ն եւ աններո՛ղ դատաւոր է:
«Յուսաբեր»


