ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
«Բանտէ Բանտ» խորագիրով Յակոբ Տէր Կարապետեանի յուշագիրքին բնագիրը անցած է դոկտ. Երուանդ Քասունիի խմբագրական եւ ծանօթագրման հմուտ խնամքէն ու բիւրեղացած ձեւով կը ներկայացուի ընթերցողին եւ ուսումնասիրողին: Հեղինակը` Յակոբ Ս. Տէր Կարապետեան (1881-1958) իր յուշերը գրի առած է հայատառ թրքերէնով: Անոր թոռը` դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեան, իր հօր` Յովսէփին օգնութեամբ յուշերը թարգմանած է անգլերէնի: Այս անգլերէն բնագիրը հայերէնի թարգմանած է Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի գրադարանի օգնական, գրադարանավար Եւնիկէ Տօգուզլեան-Եագուպեան բծախնդրութեամբ: Գիրքը հրատարակուած է Լիբանանի մէջ գործող Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ: Հատորը 200 էջերէ կը բաղկանայ եւ տպուած է Պէյրութ, 2015-ին, Քեստէնեան տպարանին մէջ: Գիրքին համակարգչային տողաշարումը, ձեւաւորումը եւ էջադրումը կատարած է Անի Քեստէնեան Պասէթ` Եւնիկէ Եագուպեանին հետ համախորհուրդ: Յիշենք, թէ այս յուշագիրքը 1957-ին հայատառ թրքերէնով լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ «Բանտէ բանտ Մարաշէն Մուսուլ շղթաներով» խորագիրով:
Դոկտ. Քասունի կը մատնանշէ, թէ այս յուշագրութիւնը, թէեւ անահատական, սակայն կը ցոլացնէ բռնագաղթի ենթարկուած բոլոր հայերուն տառապանքը: Հեղինակին անձը հաւաքական ներկայութիւն մըն է հոս: Տառապեալները կ՛ենթարկուին տեսակ-տեսակ չարչարանքներու, որոնց նկարագրութիւնը լաւագոյն կերպով ըրած է հեղինակը:
Յակոբ Տէր Կարապետեան 1915-ի ամրան սկիզբը արդէն Մարաշի Աստուածաբանական ճեմարանի առաջին տարեշրջանը կը բոլորէ: Կը նշանուի Նոյեմի Նաճարեանին հետ: Թրքական իշխանութիւնները Յակոբը բանակ կը տանին: Անոր ծառայութեան առաջին հանգրուանը կ՛ըլլայ Օսմանիէն, ուր շատ բիրտ եւ անգութ թուրք հրամանատար մը զայն ծառին կը կապէ ու կը չարչարէ: Թուրք զինուոր մը գիշերով Յակոբին կապերը կ՛արձակէ եւ զայն մացառներուն մէջ կը պահէ, մինչեւ որ առաւօտուն գերմանական միսիոնարութենէն երկու բուժքոյրեր կու գան ու կը թախանձեն հրամանատարին, որպէսզի թոյլ տայ իրենց Յակոբին հոգ տանիլ: Հրամանատարը կը յամառի իր կեցուածքին վրայ եւ կ՛ուզէ Յակոբը աւելի պատժել հայ ըլլալու «յանցանք»-ին համար: Երկար բանակցութիւններէն ետք հրամանատարը կը զիջի, եւ գերմանուհիները Յակոբը գերմանական որբանոց կը տանին: Հոնկէ անոնք զայն Մարաշի հիւանդանոց կը փոխադրեն: Յակոբ տակաւին ապաքինման շրջանին մէջ կ՛ըլլայ, երբ թուրք ոստիկաններ զայն կը փնտռեն: Յակոբ թաքստոցէ թաքստոց կը փոխադրուի, բայց ի վերջոյ թուրքերը կը ձերբակալեն զայն հայ մատնիչ` Մկրտիչի ծառայութենէն օգտուելով: Թուրք ոստիկանութիւնը Յակոբը կը բանտարկէ: Քանի մը օր ետք թուրքերը կ՛աքսորեն զայն` ձեռքերով շղթայելով Արթին Քիրէճեան անունով հայ բանտարկեալի մը հետ: Երկու երիտասարդները ոստիկաններուն հսկողութեան տակ կը հասնին Մարաշէն դուրս Շէյխ Էտիլ գիւղը, ուր թուրք լկտի անամօթներ կը ծիծաղին անոնց վրայ ու կը հեգնեն զանոնք: Ոստիկանները երկու կալանաւորները կը քշեն դէպի Այնթապ:
Յակոբ Տէր Կարապետեանի նկարագրութիւնը այնքան հաղորդական է ու մանրամասն, որ ընթերցողը անմիջապէս կը թափանցէ այն ճշմարտութեան, թէ թուրքը ահռելի կերպով վայրագ է եւ անգութ: Թուրքը սոսկալի ատելութեամբ եւ նախանձով լեցուած է հայուն հանդէպ: Յակոբ իր եւ ընկերոջ տառապանքը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Շարունակական նախատինքները, մեր ձեռքերուն եւ ոտքերուն վրայ եղող պալարները, ծեծերը եւ անորոշ ապագան, անյոյս եւ անօգնական զգացումներ յառաջացուցին մէջս»: Անոնց ահռելի տառապանքը տեսնելով, նոյնիսկ քանի մը թուրք ոստիկան-զինուորներ կը խղճան, սակայն ստիպողական հրամաններու ենթարկուելու պարտադրանքին տակ, չեն կրնար օգնել անոնց: Թուրքերը կը ստիպէին Յակոբն ու Արթինը ցերեկով քալելու, իսկ գիշերները անոնց ոտքերը կապելով ձիերուն հետ ախոռը կը նետէին:
Թուրք հրամանատար մը հայոց տառապանքը տեսնելով կ՛ըսէ. «Ո՞ւր հասած է աշխարհը: Մենք` թուրքերս, կորսնցուցոծ ենք ամէն խղճմտանք ու կարեկցութիւն: Յուսամ ապագան մեզի եւ ձեզի համար լաւ նշանակութիւն կ՛ունենայ»:
Երկար տառապանքէ ետք, Յակոբն ու Արթինը կը հասնին Այնթապ, ուր թուրք ոստիկանները զիրենք խանի մը մէջ կը բանտարկեն ծանր պայմաններու տակ: Յաջորդ օրը անոնք կը ղրկուին Օրուլ գիւղը, որուն բնակիչները բռնագաղթի ենթարկուած էին արդէն, եւ իրենց տուները թուրքերու կողմէ կողոպտուած: Բաւական քալելէն ետք, երկու երիտասարդները տեղահանուած այլ հայերու հետ կը հասնին Պէրէճիկ: Յակոբ Տէր Կարապետեան իր յուշերուն մէջ մանրամասն նկարագրութիւններով կ՛անդրադառնայ տառապող այլ հայերու եւս: Թուրքերը Յակոբն ու Արթինը խուցի մը մէջ կը բանտարկեն: Յակոբ խուցին պատուհանէն կը նշմարէ կիրակնօրեայ դպրոցի իր աշակերտներէն մէկը ու կը խօսի անոր հետ: Ան աշակերտին քառորդ մեճիտէ կու տայ, որպէսզի անոր մայրը իրենց ճաշ պատրաստէ (այդ օրերուն մէկ թրքական ոսկին կ՛արժէր 5 մեճիտէ): Կարճ ժամանակ ետք, աշակերտը պատրաստուած ճաշը խուցին պատուհանէն կու տայ Յակոբին:
Պէրէճիկի մէջ ոստիկանութեան կողմէ Յակոբ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի: Իր կրօնական գրութիւնները խստօրէն կը քննուին «լիրբ եւ տգեղ» թուրք տեղակալին կողմէ: Թուրքերը Յակոբն ու Արթինը ճամբայ կը հանեն քանի մը թուրք դասալիքներ անոնց միացնելէ ետք: Ինը հոգինոց խումբը իրար կապուած, կ՛ընթանայ թուրք ոստիկաններու հսկողութեան տակ: Ոստիկանները զանոնք կը ծեծեն հրացաններու կոթերով:
Յակոբ Ս. Տէր Կարապետեան իր յուշագրութեան մէջ յատկանշական բան մը կը յիշէ: Թուրք տեղակալը բացէ ի բաց Յակոբին կը յայտնէ հայուն դէմ թուրքին ունեցած ատելութիւնն ու ոխը, երբ կ՛ըսէ, թէ անոր յանցանքը հայ ըլլալն է: Այս կը պատահի, երբ թուրքերը հայ կալանաւորները բռնի ուժով Պէրէճիկէն Սուրուճ կը տանէին: Տեղակալը կ՛աւելցնէ. «Մեզի հրահանգուած է արտաքսել ձեզի նմանները: Մահն է ձեր միակ փրկութիւնը»: Թուրքերը հայ կալանաւորները Սուրուճի ոստիկանատան բանտը կը լեցնեն: Հոն արդէն կային նախապէս քանի մը հայ բանտարկեալներ, որոնք ոստիկաններէն կը խնդրեն, որ նորեկներուն ձեռնակապերը քակեն: Ոստիկանները նախ կը մերժեն, սակայն ոստիկանապետը կը հրամայէ քակել անոնց կապերը, ապա ան ջուր կու տայ բոլորին:
Յաջորդ առաւօտ` կիրակի, թուրքերը բանտարկեալները կրկին ճամբայ կը հանեն: Յակոբ Արթինին հետ կը քալէ դէպի Եդեսիա` ոստիկաններու հսկողութեան տակ: Թուրքերը Եդեսիոյ մէջ կրկին կը բանտարկեն զանոնք: Քանի մը օր ետք, թուրք ոստիկանները հայ բանտարկեալները դաշտերու մէջ կ՛աշխատցնեն, ապա անոնց ձեռքերը կրկին կապելով բանտէ բանտ կը տանին ու տանջանքներու կ՛ենթարկեն զանոնք: Յակոբն ու Արթինը Սեւարակի բանտին մէջ շատ չարչարանքներ կը կրեն: Ապա Տիգրանակերտ կը տարուին: Տառապանքի ճանապարհը երկար է տակաւին…
Ամէն մէկ քայլափոխի հայ կալանաւորները նոր անարգանքի, նոր խոշտանգումի եւ տանջանքներու կ՛ենթարկուին: Այսպէս բանտէ-բանտ կը չարչարուին Յակոբն ու իրեն ընկերակցող հայ բանտարկեալները: Ոստիկաններու եւ երբեմն ալ մէկ ոստիկանի ընկերակցութեամբ, Յակոբն ու Արթինը կ՛անցնին Սուրուճէն Նիսիպին, ապա Ճեզիրէ: Քաղաքէ-քաղաք անոնք կ՛անցնին զանազան գիւղերէ ու կը հասնին Տահուք, Մուսուլի մօտ է: Արաբական գիւղերուն մէջ հայ բանտարկեալները քիչ մը կը կազդուրուին, ապա քաղաքէ-քաղաք տարուելով` Յակոբն ու Արթինը Մուսուլ կը հասնի: Յակոբ յաճախ կը հիւանդանայ եւ հրաշքով կ՛ապաքինի: Մուսուլը հայ գաղթականներով լեցուած էր: Հոն աքսորուած էր նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ Զաւէն պատրիարքը: Բանտէ-բանտ փոխադրուելէ ետք Յակոբն ու Արթինը Մուսուլի մէջ կէս մը ազատ կը ձգուին: Յակոբ անմիջապէս հիւանդանոց կը դրուի: Ան իր ընկերոջ հետ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բակը կ՛ապաստանի: Հովիւ քահանան քանի մը օր ետք զանոնք կը վտարէ եկեղեցականի մը անվայել կոպտութեամբ: Անոնք հիւանդանոց կը մտնեն: Արթին հիւանդանոցին մէջ ինքզինք հանգիստ չէր զգար: Անոր ուտելու կիրքը զօրաւոր ըլլալով` աւելի համեղ ճաշեր կը փնտռէր: Վերջապէս անորոշ ուղղութեամբ փախուստ կու տայ հիւանդանոցէն: Աւետարանական համայնքը իր պաշտպանութեան տակ կ՛առնէ Յակոբը: Արթին տասը ամիս կը կորսուի: Աւելի ուշ կը պարզուի, թէ թուրքերը զինք շրջակայ գիւղերը տարած էին աշխատցնելու: Ժամանակ մը ետք թուրքերը կրկին Զախօ կը տանին ու կ՛աշխատցնեն Արթինն ու Յակոբը, որոնք կը յաջողին փախուստ տալ եւ կրկին հասնիլ Մուսուլ, ուր կը տեսնեն, թէ հոն արդէն անգլիացիները մտած էին:
Հեղինակը մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ Զաւէն պատրիարք Եղիայեանի ազգային գործունէութեան: Անգլիացիները կը յարգէին զայն: Զաւէն պատրիարք կը յաջողի անգլիացիներու օգնութեամբ որբանոց մը հիմնել եւ հայ գաղթականներուն օգնութեան հասնիլ: Այդ միջոցին Յակոբ կը հիւանդանայ ու հիւանդանոց կը տարուի: Անգլիացիները որոշ ժամանակ անց բոլոր հիւանդները Տիգրանակերտ կը փոխադրեն: Վերջապէս Յակոբ ապաքինած էր ու ազատ, սակայն ապրուստի պայմանները շատ դժուար էին: Ան Հալէպ կը մեկնի: Յակոբ Հալէպի մէջ իրեն մօտիկ հայրենակիցներ կը գտնէ եւ անոնց հետ կը վերադառնայ Մարաշ, ուր իր նշանածը` Նոյեմին գտնելով, կ՛ամուսնանայ: Մարաշ քաղաքին մեծ մասը քանդուած էր: Յակոբ կը գտնէ իր հայրը, որ Փոր Սայիտէն Մարաշ կու գայ: Կը պարզուի, թէ Յակոբին մայրն ու եղբայրը անապատներուն մէջ մահացած էին: Շուտով Մարաշի ջարդերը կը սկսին: Յակոբ ընտանեօք մազապուրծ կ’ազատի ու Աթէնք կը հասնի:
Խմբագիրը` դոկտ. Երուանդ Քասունի, այս յուշագիրքը օժտած է մասնաւոր ծանօթագրութեամբ մը, զոր կը տեսնենք 165-183 էջերուն մէջ, ուր կը գտնենք գիտական տեղեկութիւններ Մարաշ եւ Մուսուլ քաղաքներուն մասին: Յուշագիրքին մէջ հեղինակին յիշած դէմքերուն եւ կարեւոր դէպքերուն մասին ալ տեղեկութիւններ տուած է խմբագիրը` լուսաբանելով որոշ դէպքեր ու արտայայտութիւններ:
Գիրքի 187-րդ էջին վրայ կը գտնենք Մարաշ քաղաքին մասին տեղեկութիւն-յօդուած, որ ստորագրուած է Գր. Հ. Գալուստեանի կողմէ: Յօդուածը առնուած է Գալուստեանի գրութենէն, որ լոյս տեսած է 7 մարտ 1908-ին, «Աւետաբեր»-ի թիւ 10-ին մէջ:
Գիրքին վերջաւորութեան զետեղուած բովանդակութեան ցանկէն առաջ կը տեսնենք դոկտ. Երուանդ Քասունիի եւ Եւնիկէ Եագուպեանի կենսագրութիւնները:
Շնորհակալութիւն Մարաշի հայրենակցական միութեան, սոյն կարեւոր յուշագիրքին հրատարակութեան համար:
Վարձքդ կատար դոկտ. Երուանդ Քասունի, որ մասնաւոր ուշադրութեանդ առարկայ դարձուցած ես կարեւոր յուշագրութիւն մը:
Շնորհակալութիւն եւ վարձքդ կատա՛ր, նաեւ Եւնիկէ Եագուպեան, որ հոգածութեամբ կատարած ես սոյն յուշագիրքին թարգմանութիւնը:
Թող այս մեր անդրադարձն ու վերյիշումը խունկ եւ աղօթք ըլլան ողջակիզուած հեղինակին` Յակոբ Ս. Տէր Կարապետեանի անթառամ յիշատակին:
Պէյրութ, 15 օգոստոս, 2015