Ինքնաշարժներու պատմութեան մէջ «Թոյոթա» ընկերութիւնը հանդիսացաւ առաջինը, որ արժանացաւ ողիմպիական խաղերուն գլխաւոր հովանաւորի պատիւին:
«Թոքիօ-2020»-ի նախապատրաստութեան համար աշխարհի մէջ ինքնաշարժներ արտադրող ընկերութիւններէն մէկը նկատուող «Թոյոթա» պիտի ծախսէ նուազագոյնը 2 միլիառ ամերիկեան տոլար:
Բացի ատկէ ընկերութիւնը իր ունեցած հմտութիւնները ցուցադրելու համար ութ նոր ինքնաշարժներ պիտի արտադրէ այդ ժամանակամիջոցին:
Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին ինքնակառավարուող «Թոյոթա»-ները զբօսաշրջիկներուն պիտի օգնեն կողմնորոշուելու փողոցներուն մէջ: