Պատրաստուելու համար 23-28 հոկտեմբերին Փորթուգալի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, Հայաստանի աղջկանց 17 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը Հանքաւանի մէջ սկսաւ մարզական հաւաքի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 22 օգոստոս:
Զտումի այդ մրցումներուն Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Սպանիա, Յունաստան եւ Փորթուգալ:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լիաննա Հայրապետեան այդ հաւաքին մասնակցելու համար նկատի առաւ 23 ֆութպոլիստներ: