Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Փալանկա քաղաքին մէջ (Լիթուանիա) տեղի ունեցող «Էյմպըր» բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը իր կատարած առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Լիթուանիայէն:
Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց 38-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն:
Հայրենի կազմը դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Էրիք Խուրշուդեան, Պարգեւ Աբրահամեան, Վահագն Ենգոյեան, Ալպերթ Խաչումեան, Արթուր Խաչատրեան, Նորայր Գրիգորեան, Վիգէն Կարապետեան, Միհրան Պետրոսեան, Ռաֆիկ Մելիքեան, Աբրահամ Փորթուգալեան եւ Յովհաննէս Յարութիւնեան: