
Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան (23 տարեկանէն վար) Արաբական աշխարհի նոր դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ ասիական դասաւորման մէջ 78 կէտով 6-րդ դիրքը` Ղազախստանի, Հարաւային Քորէայի, Իրանի, Ճափոնի եւ Հոնկ Քոնկի ետին:
Այս իրականութեան ի տես, Լիբանան ապահովեց 19-27 սեպտեմբերին Ռիչմոնտի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունենալիք աշխարհի ճամբու ախոյեանութեան իր տոմսը:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանան յաւելեալ քայլ մը դէպի ողիմպիական խաղերը (Ռիօ-2016)` նկատի ունենալով, որ Մալեզիոյ մէջ տեղի ունեցած լեռնային հեծելարշաւի Ասիոյ ախոյեանութեան (17 ասիական երկիրներու մասնակցութեամբ), լիբանանցի Էլիաս Ապու Ռաշետ յաջողեցաւ ապահովել 18 կէտ: Նշենք, որ Ասիոյ ախոյեան հանդիսացաւ Քօ Հի Եամամոթօ (Ճափոն):