
Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), մարզիչ Ֆուատ Ժըրժես յայտարարեց, որ 30 օգոստոսէն 6 սեպտեմբերին Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Սթեփ Ըհետ»-ի ամառնային 2-րդ պասքեթպոլի մրցաշարքը` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ հինգ խումբերը` «Իքս. Իքս. Էլ.», «ՍԻՍՔՕ», «Փրօ Էմ.», «ՖՐԱՆՔ» եւ «ԱՍԱՔԵՐ»:
Ժըրժես յայտարարեց, որ մրցաշարքին աւարտին նիւթական պարգեւներ պիտի ստանան լաւագոյն մարզիկը, լաւագոյն էսիսթ, 3 կէտնոց կողովներ եւ ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակող մարզիկները:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ այս մրցաշարքին մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-էն եւ «Թելէ Լիպան»-էն:
Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին փոխնախագահները` Նատեր Պասմէ եւ Վիգէն Չերչեան, Ա. դասակարգի ակումբներու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, մարզիչներ, հովանաւոր ընկերութիւններ եւ մարզական լրագրողներ: