Յունական Օլիմփիաքոս ֆութպոլի խումբի նախկին մարզիչ Միչել երէկ նշանակուեցաւ Օլիմփիք Մարսէյի մարզիչ, յայտնեց ֆրանսական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Միչել, որ անցեալին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի, անցեալին եղած է Ռայօ Վայեքանոյի, Ռէալ Մատրիտի Բ. խումբին, Կեթաֆէի եւ Սեւիլլայի մարզիչ:
Նշենք, որ ֆրանսական Մարսէյ խումբին մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կայէլ Անտոնեան: