ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց ազգային համերաշխութեան ու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին շահերը պաշտպանել:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց վերջ տալու ցեխարձակումներուն եւ քաղաքական դատապարտումներով լեցուն բառամթերքին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մեկնեցաւ Քաթար:
ՊԸՐՊԱՐԱ մայրուղղիին վրայ գտնուած են 8 ռումբեր, որոնք զետեղուած են սեւ տոպրակի մը մէջ: Բանակը անմիջապէս փութացած է ռումբերուն գտնուած վայրը եւ անոր սակրաւորները ստուգելէ ետք ռումբերը յայտնած են, որ անոնք լարուած չեն: Բանակին կողմէ փակուած մայրուղին արդէն իսկ բացուած է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի պատուիրակութեան հետ անոր ունեցած հանդիպումը բացառիկ մթնոլորտի մէջ կայացած է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ լիբանանեան եւ սուրիական ղեկավարութիւններուն հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին հաստատած է, որ ինք կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ եւ Դիմադրութեան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնած են, որ այսուհետեւ լուռ պիտի չմնան իրենց դէմ մղուող Մուսթաքպալ հոսանքի արշաւներուն եւ ցեխարձակումներուն դիմաց:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի հետ գժտուած են, յատկապէս Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրին նկատմամբ Հըզպալլայի ցուցաբերած կեցուածքէն ետք:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Շարլ Ղալեպ սպաննած է իր կինը եւ ապա անձնասպան եղած:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սմահա նկատել տուաւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրը ռամատանեան ֆիլմաշար տեսաշար մըն է եւ Դիմադրութեան դէմ սանձազերծուած 2006-ի յուլիսեան պատերազմին շարունակութիւնը: Ակնարկելով Ռումիէի բանտէն արգելափակեալներուն փախուստի հարցին` Սմահա յայտնեց, որ անոնք փախցուած են եւ ոչ թէ փախած: Ան շեշտեց, որ արգելափակեալներէն մէկը արդէն իսկ հասած է արաբական երկիր մը, իսկ մնացեալը բանտը լքած են ներքին ապահովութեան ուժերուն տարազներով:


