ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
«Պարլում». այսպէս կը կոչուի այն ուխտավայրը, ուր քեսապցիք կը բարձրանային` դէպի հիւսիս, Կասիոս լերան լանջերուն, ուր գտնուող հնադարեան եկեղեցւոյ մը աւերակներուն վրայ Ս. պատարագ կը մատուցուէր, եւ մատաղօրհնէք տեղի կ՛ունենար:
Ֆրանսական «հոգատար» իշխանութիւններուն կարգադրութեամբ Ալեքսանտրէթի Սանճաքին Թուրքիոյ յանձնուած տարածքը կը ներառէ քեսապցիներու կարգ մը մշակելի արտերն ու Պարլումի ուխտավայրը:
Այս օրերուն, երբ մուսալեռցիներ կը տօնեն հերոսամարտի հարիւրամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան եօթանասունհինգամեակը, այս վերջին մետալին միւս մութ երեսը կ՛երեւի Մուսա լերան գիւղախումբերու Թուրքիոյ կցման տխուր տարելիցը: Նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցան Կասիոս լեռը (Ճէպէլ Աքրա), Քեսապի շրջապատի կալուածներն ու Պարլումի աւերակները պատմական այդ տխուր թուականին` 1939-ին:
Այդ օրէն ետք քեսապցիք Ս. Աստուածածնայ տօնին որպէս ուխտատեղի ընտրեցին Ներքի գիւղի հնադարեան Սօսիին տակ, մատուռի մը աւերակները, ուր հերիսայի պատրաստութիւն կը կատարուի անոր կողքին կառուցուեցաւ այլ մատուռ մը:
Ժողովուրդը զանազան արտայայտութիւններով կ՛անուանէ այս տօնը` Քեսապի ուխտի օր, Մայրիկ Աստուածածնայ տօն, Քեսապի հերիսայի օր եւ այլն… Այս պարզ եւ քիչ մը կրօնական տօներու խորքին անգիտակ զանգուածին մօտ կայ սակայն խորունկ հաւատք մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն Սրբոյն Աստուածածնայ նուիրուած այս տօնին նկատմամբ, որուն մէկ այլ օրինակը կը տեսնենք Հալէպ` մայիս ամսուան Ս. Աստուածածնայ տօնին նուիրուած ամէնօրեայ յատուկ արարողութիւններուն, հաւատացեալներ` երկնագոյն հագուստներով:
Բերիոյ թեմի առաջնորդներու պաշտօնական այցելութիւնները` դէպի թեմական շրջանները, ընդհանրապէս կը զուգադիպին տեղւոյն եկեղեցիներու անուանակոչութեան տօներուն, Քեսապի շրջաններ այցելութիւնը այս գծով եռակի տարողութիւն կը ստանայ, որովհետեւ Աստուածամօր անունով կը կոչուին Քեսապի եւ Գարատուրանի եկեղեցիները ու Էսկիւրէնի (Ներքի գիւղ) ուխտավայրի մատուռը, ուր երեք օրերու վրայ
Ս. եւ անմահ պատարագ կը մատուցուի:
Սովորութիւն է, որ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան ուխտի կիրակի օրուան հանդիսաւոր արարողութեան պատարագէ առաջնորդ սրբազան հայրը, եկեղեցւոյ շրջափակէն դուրս փողոցին մէջ հաւատացեալներու բազմութիւնը հետեւի պաշտամունքին, սկաուտական շեփորախումբին առաջնորդութեամբ խաղողը բերուի սուրբ խորանին դիմաց. հոգեպարար օրհնութեան արարողութենէն ետք, ուխտաւորներ այդ օր, ըստ կրօնական սովորութեան, առաջին հատիկը հոն կ՛ուտեն, շրջանի այգիներէն նուիրաբերուած օրհնաբեր պտուղը, որ այգեպանի արդար աշխատանքին բերքն է: Այսպիսով, պտուղի օրհնութեան աղօթքներուն ընդմէջէն Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հասնի նաեւ հայ գիւղացիին քրտինքի կաթիլներով ջրուած պարտէզները:
Քեսապ իր գիւղերով կրօնական այս տաղաւար տօնին կ՛ապրի նաեւ համասուրիահայ տօնահանդէս մը: Հայկական սկաուտական վաշտերը` շեփորախումբերուն առաջնորդութեամբ, կը տողանցեն Գարատուրանէն դէպի Քեսապ, Էքիզոլուխէն մինչեւ եկեղեցի, Չաքալճըխէն եւ Չինարէն դէպի հրապարակ, նախօրօք դասաւորուած ժամադրութեամբ առանց զիրար խաչաձեւելու: Այդ օրերուն քեսապահայութիւնը, որ շուրջ երեք հազար կը հաշուէ, իր տասնապատիկ տարողութեամբ հայորդիներ կը հիւրընկալէ, ասոնց կողքին պատկառելի թիւ կը կազմեն տեղացի եւ օտար երկիրներէ զբօսաշրջիկներ:
Քեսապի եւ շրջակայքի գիւղերուն պանդոկներն ու Ճաշարանները կը հասնին յիսունի, եւ անոնք ընդհանրապէս բանուկ են ամրան երեք ամիսներուն: Աստուածածնայ տօնին սակայն ամիսներ առաջ արդէն յաճախորդներ իրենց տեղերը կ՛ապահովեն, այդ օրերուն Քեսապի հայ եւ օտար բնակիչներուն թիւը կը հասնի մինչեւ յիսուն հազարի:
Կիրակի յետմիջօրէին Էսկիւրէնի մէջ ուխտաւորներուն կողմէ նուիրուած մատաղցու ոչխարները առաջնորդ սրբազան հօր ներկայութեամբ, աղի օրհնութենէն ետք, կը զենուին, քեսապցի երիտասարդներ կը լծուին ինքնակոչ աշխատանքի, հերիսայի պատրաստութեան: Վերջին տարիներուն, նախքան «Սուրիական գարուն»-ը մատաղցու ոչխարներուն թիւը կը հասնէր յիսունի. նոյնքան թիւով կաթսաներուն մէջ փայտի կրակով մինչեւ յաջորդ օրը` երկուշաբթի կէսօր, տեւող խոհարարական աշխատանքը իր լրումին կը հասնի պատարագէն ետք սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ կատարուած մատաղօրհնէքի արարողութեամբ: Հերիսան կը բաժնուի հայ թէ օտար այցելուներուն անխտիր, կաթսաներ կը ղրկուին նաեւ բոլոր բանակավայրերը:
Երեկոյեան բանակավայրերուն մէջ խարուկահանդէսներ կը սարքուին, սփիւռքահայու լուսանցքները հոս կը գծուին երբեմն, այցելու հարազատներ իրարմէ բաժնուելով` իւրաքանչիւրը իր գաղափարական պատկանելիութենէն առաջնորդուելով, դէպի իր զաւակին յաճախած միութեան տօնահանդէսը կ՛ուղղուի:
Յիշողութեան մտապատկերիս պաստառին վրայ Քեսապի Աստուածածնայ տօնը կը սկսի վաթսունական թուականներէն, երբ տակաւին Հալէպէն դէպի Քեսապ ճանապարհը Լաթաքիայէն կ՛անցնէր եւ կը տեւէր աւելի քան հինգ ժամ: Այդ օրերուն անձնական ինքնաշարժ ունեցողները սակաւաթիւ էին, ուխտաւորները Հալէպէն ճամբայ կ՛ելլէին շաբաթ կէս գիշերէն ետք ճամբորդատար յիսուն հոգինոց ժողովրդային համեստ փոխադրակառքերով (Փուլմէնի հասկացողութիւնը տակաւին գոյութիւն չունէր): Անոնք կիրակի առաւօտ կը հասնէին Քեսապ եւ կը վերադառնային Հալէպ երկուշաբթի ուշ գիշերին, յետմիջօրէին ալ Լաթաքիոյ ծովափը լողալէ ետք: Մարդատարներուն, որոնց թիւը կը հասնէր ութսուն, նոյնիսկ հարիւրի, կը շարուէին Քեսապի հազուագիւտ տափարակ տարածութիւններուն մէջ, իսկ ուխտաւորներ կիրակին կը լուսցնէին իրենց հետ բերած կարպետներուն վրայ փոստաներուն շուրջ բոլորը կամ պարտէզներուն մէջ: Մարդատարներուն մեծագոյն մասը տեղադրուած կ՛ըլլար Ուսումնասիրաց դպրոցի դիմացի դաշտին մէջ: Իսկական տաժանակիր ճամբորդութիւն մը, որ երազ եւ վայելք էր համեստ պայմաններու մէջ ապրողներուն համար: Երնէ՜կ այն օրերուն…
Քեսապի վերջին հայաթափումը տեւեց իննսուն օրեր` 21 մարտ – 21 յունիս 2014. բարեբախտաբար այդ ժամանակամիջոցին չէր զուգադիպեր Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը: Նոյնինքն Աստուածամօր նախախնամութեամբ անցեալ տարի ալ համեստ պայմաններու մէջ, Էսկիւրանի ուխտավայրին մէջ արարողութիւն կատարուեցաւ, գլխաւորութեամբ` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի` այս սրբազան աւանդութիւնը անխափան պահելով:
Այսօր նախորդ տարուընէ աւելի լաւատեսութեամբ Քեսապի մէջ, ժողովրդային ներկայութեամբ, կրկին անգամ պիտի եփի մատաղը, Քեսապի կայտառ երիտասարդներուն բազուկներով, անոնք անգամ մը եւս Էսկիւրէնի Սրբազան սօսիին տակ պիտի գիշերեն, տհոլով եւ զուռնայով պիտի պարեն «Կէրմիր Ֆըսթոն հագուծ է» ազգագրական տոհմիկ շուրջպարը` հաստատելով Գարեգին Ա. կաթողիկոս քեսապցիին պատմական խօսքը` «Քեսապը կտոր մը Հայաստան է Հայաստանէն դուրս»…
Ժընեւ