Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Օգոստոս Ա. Վերակազմակերպման Ուղիով

Օգոստոս 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային կեանքին ծառայելը բնական պայմաններուն մէջ որքան ալ յանձնառու աշխատանք թուի, պատերազմական պայմաններուն մէջ առաւել կամք, պատասխանատուութիւն, նուիրում եւ հաւատք կը պահանջէ:

Հաւա՛տք` հաւաքական աշխատանքի արդիւնաւէտութեան նկատմամբ, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ ժողովուրդը` անսահման դժուարութիւններու դէմ յանդիման, ենթակայ է յուսալքման:

Հաւա՛տք` անել կացութիւններուն մէջ անգամ տրամաբանական ելքեր որոնելու եւ մեր դարաւոր գաղութը կարելի բոլոր միջոցներով պահելու, պահպանելու առաքելութեան նկատմամբ:

Հաւա՛տք` դժուարութիւններուն դէմ ծառանալու մեր հաւաքական կամքին նկատմամբ:

Բերիոյ հայոց թեմն ու սուրիահայ կազմակերպութիւնները կը թեւակոխեն վերակազմակերպման նոր հանգրուան:

Անվերապահ ինքնաքննարկումներով, նորամշակ ծրագիրներով, հայ համայնքի վերակազմակերպման եւ պատերազմական վիճակին մէջ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու կոչուած առաջարկներով յատկանշուող ազգային, միութենական մարմիններու բարձրագոյն ժողովները համայնքի կեանքին շարունակականութիւնը երաշխաւորող նոր հանգրուան մը ուրուագծեցին:

Նոր եւ դժուար, դժուար եւ ճակատագրական:

Ու թէեւ գաղութին թիւը նօսրացաւ, սակայն պատասխանատուութիւն ստանձնողներուն, կամաւոր ծառայողներուն շարքերը թարմացան:

Ազգային, միութենական մարմիններու վերակազմութիւնը ընթացք առած է արդէն:

Յառաջիկայ շրջանին, գաղութի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, ընթացիկ եւ արտակարգ ծրագիրներուն կողքին, նպաստաւոր պիտի ըլլայ որդեգրումը աշխատանքային այնպիսի եղանակի մը, ուր նկատի կ՛առնուին`

– Ժողովուրդին հետ աւելի թափանցիկ յարաբերութիւններու մշակումը` հայ համայնքը յուզող հարցերուն շուրջ հաւաքական զրոյցներու, ժողովրդային հանդիպումներու կազմակերպումով:

– Պատերազմական դրութեան մէջ նոր կացութիւններու համապատասխան, ճկուն աշխատելաձեւի որդեգրումը` նկատի ունենալով մարդուժի ներկայ տուեալները, համայնքին թուային պատկերը, ժողովրդային տեղաշարժը, տնտեսական, ապահովական դժուարութիւններն ու օգտագործելի կառոյցներու կարելիութիւնները:

– Սուրիաբնակ մեր ժողովուրդի ազգային կեանքի վերաորակաւորումն ու բաւարարումը` աշխատանքային նոյնանման ծրագիրներու մէկտեղումով, մարդուժի ճշգրիտ բաժանումով:

– Համայնքի զաւակներուն օժանդակութեան աշխատանքներու ապահովման շարունակականութիւնը:

Ինչպէս տագնապի անցնող չորս տարիներուն, նոյնպէս ալ ճակատագրական այս հանգրուանին, հակառակ հայ համայնքի տարաբնոյթ կորուստներուն, ազգային մարմիններու կենսունակ աշխատանքը համայնքային դժուարութիւններու դիմակալման գլխաւոր երաշխիքը պիտի հանդիսանայ, իսկ նուիրեալ հայորդիներու կամաւոր ծառայութիւնը յոյս պիտի ներշնչէ պատերազմի յորձանուտին մէջ ուս-ուսի տուած ու հա՛յ կեանքին կառչած Սուրիոյ հայութեան:

– Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ մեկնեցաւ Թեհրան, ուր Իրանի արաբական եւ ափրիկեան երկիրներու հարցով արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ապտ Լահիանի հետ քննարկեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ շրջանի քաղաքական զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Ապտ Լահիան անգամ մը եւս հաստատեց Իրանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ եւ յայտնեց, թէ սուրիական տագնապի փարատման միակ տարբերակը քաղաքական լուծումն է: Ան աւելցուց, թէ Իրան պատրաստած է սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման յատուկ նախաձեռնութիւն մը, զոր պիտի քննարկէ սուրիական կողմին հետ, ապա ներկայացնէ ՄԱԿ-ին` առ ի գործադրութիւն, նշելով, որ` «ծրագիրը բարիք պիտի բերէ Սուրիոյ ու պիտի պաշտպանէ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչներուն, կառավարութեան եւ Սուրիոյ մէջ ազդեցիկ ուժերուն շահերը»:

Ու. Մուալլեմ Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պոկտանովին հետ, ուր վերջինս ներկայացուց ռուսական կողմին Ծոցի գործակցութեան խորհուրդի երկիրներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումներուն արդիւնքները:

– Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը աւելի մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Եմէնի եւ Սուրիոյ տագնապներուն շուտափոյթ լուծման համար:

Զ. Պ.

 

Նախորդը

Հալէպի Բնակչութիւնը Կը Դիմագրաւէ Ջուրի Սուր Տագնապ

Յաջորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Քեսապի Մէջ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?