
ԼՈՒՍԻՆ ԱՊԱՃԵԱՆ-ՉԻԼ ԱԲՈՇԵԱՆ
Հալէպի մէջ հրթիռակոծումները տակաւին կը շարունակեն կեանքեր խլել: Պատերազմական այս ծանր իրավիճակին մէջ, հալէպահայութեան առջեւ ծառացած կենցաղային զանազան դժուարութիւններուն վրայ աւելցաւ նաեւ ջուրի սուր տագնապը: Ջուրի չգոյութիւնը նոր երեւոյթ մը չէր հալէպցիին համար, սակայն օդի բարձր ջերմաստիճանը եւ բնականաբար ջուրի մեծ պահանջքը առաւել ծանրացուցին կացութիւնը: Զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ ջրամատակարարման մայր կեդրոնի եւ ելեկտրակայանի խափանումը պատճառ դարձան, որ ջուրի մատակարարումը անհասանելի ըլլայ քաղաքիս բնակիչներուն: Պետական մարմինները կը ջանան այլընտրանքներ որոնել` զանազան շրջաններու մէջ նոր ջրհորներ փորելով եւ Քուէյք գետի ջուրի զտման յատուկ սարքեր օգտագործելով:
Թէեւ Հալէպի բնակչութիւնը ճարը գտաւ գէթ քանի մը ժամուան համար ամփերներով ելեկտրականութիւն ապահովելու, սակայն ջուրի տագնապը անել կացութեան մատնեց բոլորը: Մարդիկ սկսան ջրհորներէ ջուր կրել` իրենց կենցաղային ամէնէն էական կարիքներուն համար, իսկ ըմպելի ջուրը սկսան գնել: Օրական դրութեամբ ըմպելի ջուր գնելով` հալէպահայուն տնտեսական արդէն իսկ ծանր բեռը անհանդուրժելի դարձաւ:
Քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ գտնուող ջրհորները ջուրի հիմնական աղբիւրներ դարձան: Հայաշատ թաղամասերուն մէջ գտնուող հայկական կեդրոններուն մէջ` Տիգրանեան ակումբ, Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարան, Զուարթնոց եկեղեցի, Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցի, Արամ Մանուկեան ժողովրդային տուն, Ս. Յակոբ եկեղեցի եւ այլն, ջուրի մատակարարումը եւս շարունակուեցաւ: Բնակչութիւնը այս կեդրոններէն շիշերով,
դոյլերով եւ այլ միջոցներով ջուր կը կրէ: Պատանին, երէցն ու ծերունին ծանր դոյլեր շալկած, ամրան տօթին տաժանակիր աշխատանք կը տանին` ամէն գնով կենարար ջուր ապահովելու իրենց բնակարաններուն:
Տիգրանեան եւ Արամ Մանուկեան կեդրոններու միութենական հայ տղաքը ինքնաշարժներով ջուր կը մատակարարեն, առանց խտրութիւն դնելու իրենց դիմող ընտանիքներուն միջեւ, հայ ըլլան անոնք թէ տեղացի, բոլորին կը հասնին ու մինչեւ ուշ ժամեր կը ծառայեն առանց դժգոհելու, համբերութեամբ եւ երբեմն մարդիկ ջղագրգիռ վիճակներէ դուրս բերելու խոհեմութեամբ:
Այս աշխատանքներուն ծանօթանալու համար հանդիպում ունեցանք Տիգրանեան ակումբի պատասխանատուներէն Յարութ Տեկիրմենճեանին հետ իմանալու համար աշխատանքի մանրամասնութիւններն ու դժուարութիւնները. «Ջուրի տագնապի գոյութեան պարագային որեւէ ժամանակ մեր դռները բաց են ամբողջ ժողովուրդին դիմաց` ըստ ճշդուած ժամերու: Մեր նպատակն է կարելի եղած չափով օգտակար դառնալ: Հիմնական դժուարութիւնը ելեկտրականութեան չգոյութիւնն է, այդ պատճառով ալ պարտաւորուած կը դիմենք ելեկտրածին սարքերու, որպէսզի ջրհորէն ջուր քաշենք: Վառելանիւթի ապահովումը այլ տեսակի դժուարութիւն մըն է», ըսաւ Տեկիրմենճեան: Ապա աւելցուց. «Կեդրոնի ջրամբարները 11.000 լիթր ջուր կ՛ամբարեն, անոնցմէ կ՛օգտուի մօտաւորապէս 250 ընտանիք»:
Արամ Մանուկեան կեդրոնէն Վահէ Արամեան շրջանին մէջ ինքնաշարժով կատարուող ջուրի մատակարարման աշխատանքներուն եւ ակումբի տղոց անձնուէր ծառայութեան մասին հետեւեալը փոխանցեց. «Ակումբի տղաքը օրն ի բուն կ՛աշխատին առանց դժգոհելու եւ դժկամելու: Մեր հիմնական դժուարութիւնը պահանջքին մեծ ըլլալն է: Մեր տղաքը օրական քսան տան կը սպասարկեն, մինչ ցանկերուն մէջ արձանագրուած են 200-է աւելի ընտանիքներ: Օրական 70 տունէ պահանջք կը ներկայացուի: Շատեր կ՛արձանագրուին եւ առաւելագոյնը երեք օր կը սպասեն մինչեւ իրենց հերթը հասնի»:
Այս տագնապալի կացութեան մէջ ջուրի մատակարարման նպաստող կարեւոր կեդրոններէն է Ազգ. Կիւլպէնկեան դպրոցը: Հոս ո՛չ միայն լուացուելու, այլ նաեւ ըմպելի մաքուր ջուր կը հայթայթուի: Դպրոցին մէջ զետեղուած յատուկ ջրազտիչ մեքենաներով ջրհորի ջուրը ըմպելի կը դառնայ: Այսպիսով ընտանիքներուն ըմպելի ջուր գնելու բեռը մասամբ կը մեղմանայ:
Այս կեդրոնի պատասխանատուներէն Կարպիս Մարաշլեան յայտնեց. «Կիւլպէնկեան կեդրոնին մէջ օրական 12 ժամ տեւողութեամբ` առաւօտեան 10:00-էն մինչեւ գիշերուան 12:00, մօտաւորապէս 20.000 լիթր ջուր կը բաժնուի բոլորին, առանց որեւէ խտրութեան: Մեր մօտ գտնուող ըմպելի ջուրին պատճառով այս շրջանը աւելի ծանրաբեռնուած է: Կիւլպէնկեան դպրոցը դարձած է հալէպահայ գաղութին տրոփող սիրտը բոլոր մակարդակներու վրայ` թէ՛ աշխատանքային, թէ՛ ակմբային, եւ թէ՛ ծառայողական: Մեր բոլոր ընկերները առանց ակնկալութեան սիրայօժար կերպով այս աշխատանքը կը տանին: Անոնք, իրենց պատասխանատուներուն թելադրութեամբ, բարեխղճութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած գործը: Մեծ զոհողութիւններով կը կատարուի այս հսկայ աշխատանքը: Մենք օրէ օր կը փորձենք աւելի կազմակերպուած դառնալ»:
Մարաշլեան աւելցուց, թէ սոյն կեդրոնի աշխատանքը բարձր գնահատանքի արժանացած է պետութեան կողմէ. նահանգապետը անձամբ այցելած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է կեդրոնի պատասխանատուներուն: Մարաշլեան տեղեկացուց նաեւ, թէ նահանգապետը պատրաստ է ամէն տեսակի դժուարութեան յաղթահարման նեցուկ կանգնելու` ի խնդիր ժողովուրդի ծառայութեան: Այս առիթով ան 200 լիթր վառելանիւթ նուիրած է կեդրոնին:
Յոյսով ենք, որ Հալէպի մէջ ջուրի տագնապը հետզհետէ փարատի, եւ մարդիկ իրենց ամենատարրական կարիքները դիւրութեամբ ապահովեն:
Համբերութի՜ւն մեր սիրելի ժողովուրդին:
Յարգա՜նք ծառայասէր մեր նուիրեալներուն:


