ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Այն, որ 10 օգոստոս 1920 թուականի Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի արուարձաններէն Սեւրի մէջ ստորագրուած պայմանագիրը եւ անոր յաջորդած Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը Հայաստանի Ա. Անկախ հանրապետութեան մեծագոյն դիւանագիտական իրագործումներէն մէկն էր, կասկածի տեղիք չի տար երբեք: Իրաւամբ ալ, պատմական այս վաւերաթուղթերը կը կազմեն այն իրաւական հիմքերը, որոնց վրայ կառուցուած է հայոց պահանջատիրական պայքարի եւ մեր թշնամիէն` Թուրքիայէն հողային հատուցման ամբողջ տրամաբանութիւնը: Եթէ չըլլային Սեւրը եւ Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ճշդած սահմանները, գուցէ եւ այսօր այդքան հուժկու թափ չէր կրնար ստանալ հայկական պահանջատիրութիւնը, մանաւանդ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութենէն` Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութենէն 100 տարի ետք:
Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան 95-ամեակը այս տարի կը զուգադիպի հայութեան համար անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներուն: Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած այս նշումները` իրենց իրապէս աննախընթաց տարողութեամբ, եկան անգամ մը եւս շեշտը դնելու հայութեան անժամանցելի եւ խլուած իրաւունքներուն ձեռքբերման անհրաժեշտութեան վրայ: Հակառակ անոր որ յաճախ քաղաքական պահանջներու մակարդակով կը խօսուի բացառապէս Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին, իսկ հատուցման թղթածրարին գծով կայ բաւական պղտոր պատկերացում, այսուհանդերձ այս տարի բաւական ուշագրաւ քայլեր առնուեցան հատուցման հարցի իրաւական հայեցակարգի ձեւակերպման առնչութեամբ, իսկ ամէնէն ուշագրաւ քայլը մնաց այն, որ տարուան սկիզբը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը անձամբ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը: Եւ այս հռչակագիրը յայտարարուեցաւ հայութիւնը կազմող բոլոր հատուածներուն` հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներուն ներկայութեան, ինչ որ այդ փաստաթուղթին կու տայ իրապէս համախմբող նկարագիր:
Համահայկական հռչակագիրին գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը այն էր, որ առաջին անգամն ըլլալով հայութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն կամքը ներկայացնող ազգային-պետական բնոյթի փաստաթուղթի մը մէջ կը շեշտադրուէր ազգային պահանջատիրութեան անհրաժեշտութիւնը այդպիսի յստակ շեշտերով, եւ աւելի՛ն` Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն յաղթահարման առումով կ՛արժեւորուէր Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին կարեւորութիւնը: Ասիկա համահայկական առումով բացառիկ երեւոյթ է, որովհետեւ հայութեան զանազան հատուածներ` յաղթահարելով նախապէս գոյութիւն ունեցած տարակարծութիւնները, համախմբուեցան այս հռչակագիրին շուրջ եւ այս համախմբումն էր վերջ ի վերջոյ, որ կրցաւ անհրաժեշտ թափը հաղորդել 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն:
Յստակ է նաեւ այն կարեւոր հանգամանքը, որ Համահայկական հռչակագիրէն առաջ եւ ետք եղող ժամանակաշրջանները իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր են` հայ քաղաքական մտքի յաւելեալ բիւրեղացման իմաստով: Անշուշտ, Համահայկական այս հռչակագիրին ընդմէջէն հայութեան զանազան հատուածներուն կողմէ Սեւրի համաձայնագիրին որդեգրումէն զատ դէպքը ուրիշ կարեւորութիւն ալ ունի մեզի` հայերուս համար: Առաջին անգան ըլլալով կ՛ամրագրուէր, որ պետական եւ ազգային շահերը տարբեր-տարբեր բաներ չեն, տարանջատում չէր մտցուեր երկուքին միջեւ եւ կը շեշտուէր ազգային-պետական շահին անբաժանելիութիւնը: Անշուշտ նախընտրելի էր, որ` մեկնելով այս ընդհանուր սկզբունքէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ստորագրութիւնը վերջնականապէս յետս կոչէր Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ արձանագրութիւններուն տակէն, այսուհանդերձ չի բացառուիր, որ յառաջիկային դիմուի այդպիսի քայլի` մեկնելով այն իրականութենէն, որ այդ արձանագրութիւնները իրենց ստորագրուած վայրկեանէն մեռած տառ էին պարզապէս, թրքական կողմին յառաջ քշած նախապայմաններուն պատճառով:
Սեւրի դաշնագիրին կնքման 95-ամեակը կը թեւակոխենք աշխարհաքաղաքական բաւական բարդ եւ յարափոփոխ պայմաններու մէջ: Երբ կնքուեցաւ այդ դաշնագիրը, ստորագրող թրքական կողմը պարտուած Օսմանեան կայսրութիւնն էր: Շատ չանցած բուն Անատոլուի մէջ թրքական այլ ուժ մը գլուխը ցցեց եւ Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորութեամբ նոր պատուհաս մը դարձաւ հայութեան գլխուն, եւ պատմութենէն յայտնի է` միջազգային կայսերապաշտական ուժերը, մեկնելով իրենց շահերէն, դարձեալ ձեռք երկարեցին Թուրքիոյ եւ դրժեցին հայութեան կատարած իրենց խոստումները: Կը թուի, թէ այսօր կացութիւնը հիմնովին փոփոխութեան ենթարկելու պայմանները հասունցած են ալ, որովհետեւ մեր աչքին առջեւ կը տեսնենք Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները: Տեղի կ’ունենան ժողովրդագրական բնոյթի փոփոխութիւններ, կը զգացուի քրտական գործօնի գերաշխուժացում` քաղաքական թէ զինուորական մարզերուն մէջ, կ՛ուրուագծուին հին սահմանները վերատեսութեան ենթարկելու եւ նորերը ստեղծելու դիպաշարներ:
Այս բոլորը անկարելի է, որ իրենց ազդեցութիւնը չունենան նաեւ Թուրքիոյ մէջ` այդ երկիրը հասցնելով տարբաղադրումի, ինչ որ մնայուն խօսակցութեան առարկայ է: Տարբաղադրումի հարցը ասկէ առաջ արծարծած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կը թուի. թէ քրտական հարցը խաղաղ միջոցներով լուծելու փորձերը դարձեալ փակուղի մտած են, եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը դարձեալ վերադարձաւ զինեալ պայքարի մարտավարութեան: Այս տարբաղադրումի դիպաշարները կը յանգեցնե՞ն արդեօք Սեւրի դաշնագիրին վերակենդանացման կամ այդ դաշնագիրին նմանողութեամբ այլ միջազգային համաձայնութեան մը ստորագրութեան: Սպասենք եւ տեսնենք: Մինչ այդ սակայն, այս հարցով պէտք է մինչեւ վերջ կառչած մնանք համահայկական միասնական կեցուածքին, որ ցայտուն կերպով արտայայտուեցաւ Համահայկական հռչակագիրի ազգովին որդեգրումին ընդմէջէն: Յետոյ, պէտք է ուշի-ուշով հետեւիլ, թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ թրքական ներքաղաքական մակարդակի վրայ: Վերջաւորութեան, պէտք չէ մտահան ընել նաեւ այն, որ այսօր Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ տակաւին կ՛ապրին Ցեղասպանութեան ենթարկուածներուն իսլամացուած կամ ծպտուած շառաւիղները, եւ այս մարդիկը եւս իրենց խօսքը պէտք է ունենան որեւէ ձեւով Սեւրի դաշնագիրի վերակենդանացման հարցին մէջ: