Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրը Ազգային Իրաւո՛ւնք Է, Միջազգային Դաշնագիր Ըլլալէ Առաջ (95-Ամեակ)

Օգոստոս 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

threaty of sevres_8-10-15

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Աշխարհին դիմաց երկու ընտրանք ունինք` կա՛մ անոր յանձնուիլ, կա՛մ զայն պարտութեան մատնել, եւ երկու ընտրանքներն ալ անտրամաբանական են: Գոյութիւն ունի աշխարհի հետ ազգային շահերու ծիրին մէջ շինիչ գործակցութեան երրորդ ուղի մը»:

 Հասան Ռուհանի
(Իրանի նախագահ)
«Ազդակ», 4-8-2015

Եթէ Սեւրի դաշնագիրը ազգային իրաւո՛ւնք է, ապա շեշտադրելին տնտեսապէս հզօր, քաղաքական մտածողութեամբ եզակի, հեռավար եւ գիտութեամբ բարգաւաճ հայրենիքի մասին է խօսքը:

Իսկ եթէ Հայ դատին միջազգային լայն ճանաչում եւ աջակցութիւն ապահովելու հրամայական պահանջի մասին է մեր ընդգծումը, դիտաւորութիւնն ու ակնկալութիւնը, ապա, միանշանակ միջազգային հարթակներու, կողմնորոշիչ կեդրոններու, ելեւմտական  ոլորտներու թէ շրջանակներու վրայ ճնշում բանեցնելու` ազգային մտածողութեամբ յագեցած դիւանագիտական աշխարհահայեացքներու ամրագրումն է ըստ ամենայնի:

Աւելի՛ն. նման ոչ արհամարհելի քաղաքական մակարդակի վրայ գտնուելու եւ զսպանակուած ուժի դիրքերէն խօսելու համար, արդեօք գոյութիւն ունի՞ աւելի հրաշագործ արժէքային համակարգ, քան ազգային ակունքներէն ծլարձակուած խորհուրդներու եւ մտածումներու առաւել շեշտադրումը, միասնակամ ոգիի բոցավառումը, նեղմտութենէն դէպի ապագայակերտի հորիզոնին հասնելու վառ գիտակցութիւնը, նորահաս սերունդներ գիտականութեամբ հոգեզինելու անյետաձգելի աշխատանքն ու հրամայական պահանջը:

Հապա եթէ նման հայրենակերտի սուրբ առաջադրանքներու տեղափոխումը կատարուի միջազգային քաղաքական բեմահարթակ, ուր իրար յօշոտող եւ վայրենի մրցավազքերու կրկէսներ են եղած բազում բնագաւառներ, հոն, այդ ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման հայն ու հայութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կարենան դէմ դնել համայնակուլ սադրանքներու եւ սադայելամիտ գործընթացներու, առանց կամքի, եռանդի, հաւատամքի, տոկունութեան եւ դիմադրողականութեան ազդակներու ամրագրումով:

Արդարեւ,

Քաղաքական կեանքի բառապաշարին եւ կամ դարձուածքներուն քաջածանօթ իւրաքանչիւր անհատի թէ հաւաքականութեան համար, այդքան ալ արտասովոր պիտի չթուի վերոնշեալ խորագիրը, որովհետեւ քաղաքական գիտութեանց խորքն ու ամբողջ հասկացողութեան ծիրը կը խարսխուի երկու հիմնական արժեչափերու վրայ` մէկ կողմէ ազգայինի եւ միւս կողմէ` միջազգայինի ընդհանուր հոլովոյթով:

Հոլովոյթ, որ կ՛ընդգրկէ հակադիր, շատ անգամ իրար ոչնչացնող եւ մէկզմէկու հարուածող գործընթացներու պատկերներ:

Ի դէպ, զանց առնելով 21-րդ դարու գերյագեցած նիւթական մօտեցումներուն ազդուութիւնը` նմանօրինակ եզրերու նկատմամբ, երբ ստուգապէս ազգային շահեր կ՛անտեսուին, կը տրոհուին, կ՛անճիտուին, կը հարուածուին վասն միջազգային խօլ շահարկումներու, հարկ է լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ, հակառակ տիրող ճնշիչ եւ հեղձուցիչ վիճակներու, համայնակուլ միջազգային մրցակցութիւններու, կործանարար ու մարդակերի վարքագիծերու եւ ոճրամիտ բազմաբնոյթ ծրագիրներու, ամբողջ երկրագունդը իր մարդկային ու քաղաքական  շերտերով ականատես  եղաւ եւ հաստատագրեց իր բնոյթով իւրայատուկ քաղաքական-դիւանագիտական աքթ մը, ինքզինք պարտադրող ազգային գերակշիռ յաղթանակով պարուրուած, եւ որուն անդրադարձին եւ ունեցած հուժկու ազդեցութեան դիմաց` որոշումի կեդրոններ, փոքր թէ մեծ պետութիւններ դեռ երկար իրենց հայեացքները սեւեռած պիտի պահեն, վերլուծման ենթարկեն իրադարձութիւնը եւ դասեր քաղեն անկէ:

Փաստօրէն Իրանի իսլամական հանրապետութեան տոկուն, դիմադրող, ստեղծարար, հեռատես, բայց մանաւանդ ազգային շահերու հանդէպ գերազանց հաւատարիմ եղող, ղեկավարութեան թէ ժողովրդական շրջանակներու մեծահոգի աջակցութեան եւ ուղղակի ներդրումին շնորհիւ կարելի եղաւ պաշտպանել ոչ միայն երկիրի ազատ ու անկախ գոյացութիւնը, պետական սահմաններու ամբողջականութիւնն ու քաղաքական ինքնուրոյնութիւնը, շրջանային դերակատարի ազդու հանգամանքը, այլեւ` ազգի եւ ապագայ սերունդներու զարգացման, յառաջդիմութեան եւ ինքնաղեկավարման մեծղի ու անգերադասելի իրաւունքը:

Եւ այս բոլորի իրագործման հիմքը հանդիսացաւ հիւլէական գիտութեան ձեռքբերումն ու անով պաշտպանուելու ազգային ու ռազմահայրենասիրական անփոխարինելի հայեցակարգը:

Արդ, թէ ինչո՛ւ կ՛ուզենք առնչել վերոյիշեալ քաղաքական աքթը հայոց առօրեային եւ անոր պատմական իրաւունքներուն, պարզապէս որովհետեւ ազգերու եւ աշխարհագրութիւններու պատմութիւններ եթէ մէկ կողմէ կը զանազանուին իրենց իւրայատկութեամբ, ապա միւս կողմէ ունին փոխլրացուցիչ բազմաթիւ գործօններ եւ նմանութիւններ:

Ճիշդ է, որ սկզբունքային հասկացողութեամբ ոչ մէկ առնչութիւն գոյութիւն ունի Իրանի հիւլէական ծրագիրի ձեռքբերման եւ հայ ժողովուրդի ազգային շահերու պաշտպանութեան թէ պատմական իրաւունքներու  վերահաստատման միջեւ, այդուհանդերձ, ազգային թէ     քաղաքական մտքի տարրական իմացում մեզի կը յուշէ աւելի ներգործօն, առաւել զգաստ եւ մշտապէս կազմակերպուած ըլլալ:

10 օգոստոս 1920:

Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ կը ստորագրուէր դաշնագիր մը, որ ունի թէ՛ պատմաքաղաքական,  եւ թէ՛ ազգագրական իմաստ եւ տարողութիւն, գէթ հայութեան պարագային:

Փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով պատմութեան դատաստանին կը յանձնուէր փաստաթուղթ մը, որուն էատարրերը կը կազմէին  հայութեան դարաւոր հայրենիքի վերադարձն ու Հայկական հարցի նուիրագործումը:

Ճիշդ է սակայն այն, որ պատահական չէր այս փաստաթուղթի լոյսին գալն ու անոր շուրջ միջազգային համախմբուածութիւնը, այդուհանդերձ, նման քաղաքական աքթ օրին մնաց սեւով սպիտակ էջերու վրայ արձանագրուած յաղթերգ:

Հաւանաբար, բարոյական յաղթերգ` ազգային երազանքի եւ խոր հաւատամքի հասկացողութեամբ, այդուամենայնիւ, նման քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանք կարելի չէ երբեւէ մոռացութեան տալ եւ զայն ընդունիլ որպէս սոսկ պատմական իրադարձութիւն, այնքան ատեն որ Սեւրի դաշնագիրի փաստավաւերագրական իրողութիւնն ու անոր ճանաչողութիւնը ըստ էութեան կը մնայ ի զօրու, եւ որուն մասին յաճախակի ակնարկութիւններու կը հանդիպինք պետական թէ դիւանագիտական տարբեր արտայայտութիւններու ընդմէջէն:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ ատենի պետական եւ իրաւական հզօր համակարգերու կողմէ, երբ աւելի քան տաս ազդեցիկ պետութիւններ (Ֆրանսա, Անգլիա, Իտալիա, Յունաստան, Պելճիքա, Ճափոն, Լեհաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն), ներառեալ` դաշնագիրի առնչակից երկիրներ` Հայաստան եւ Օսմանեան կայսրութիւն առանձնապէս ընդունեցին Հայաստան աշխարհի քաղաքական եւ իրաւական գոյութիւնն ու հայութեան հողային իրաւունքի անժամանցելիութիւնը:

Սակայն շուտով դաշնագիրը բախեցաւ նոյնինքն ստորագրած պետութիւններու միջեւ առկայ խոր մրցակցութիւններու, շահարկումի եւ օսմանցիական խարդաւանքներու, որոնց վարժ էին օրուան ցեղապաշտ եւ ազգայնամոլ քաղաքական թէ զինուորական թուրք հորդաններ:

Այո՛, մէկ կողմէ Հայաստան կը վերատիրանար իր քաղաքական ինքնուրոյնութեան եւ դերակատարութեան, միւս կողմէ` այս դաշնագիրով արդէն պատմութեան աղբանոցին կը յանձնուէր մոլեռանդ ու ազգաքանդ Օսմանեան կայսրութիւնը:

Խորքին մէջ Սեւրը կը ստեղծէր երկու հակադիր ուղղութիւններու իրադրութիւն մը, որոնց գոյատեւումը կարելի պիտի ըլլար բացառապէս մէկ կողմի պարտութեամբ եւ միւս կողմի յաղթանակի ապահովմամբ:

Այսպէս ասած փոքր ժողովուրդներու ազատութիւնն ու բարգաւաճումը պահանջող ատենի գերպետութիւններ, գիտակցելով պահու լրջութիւնն ու ներքին անհամաչափելի մրցակցութիւնը, դիմեցին խարդախ քայլերու, երբ իրենց միջեւ կիսեցին պատերազմական աւարը (քայքայուած օսմանեան կայսրութիւնը), թէկուզ փոքր ժողովուրդներու բնաջնջումի հաշուոյն:

Դժբախտաբար, միջազգային սուր պայքարներու թոհուբոհէն լաւապէս կրցաւ օգտուիլ քեմալական Թուրքիա, եւ իր գաղտնի ու բացայայտ համաձայնագիրներով` բոլշեւիկներու հետ, արդէն կը ներխուժէր Հայաստանի տարածք եւ կը գրաւէր բազմաթիւ հայաշունչ քաղաքներ եւ բնակելի վայրեր:

Եթէ երբեք օրուան գերպետութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող դաշնագիրը մնաց անվաւեր եւ հեռու իրականութիւն դառնալէ, ապա ինչ խօսք իրարու հակադիր եւ սուր մրցակցութեան մէջ գտնուող ուժերու ներկայութիւնը անտեսող ամէն քաղաքական արարք, որ պիտի խոչընդոտուի եւ հալածուի, այնքան ատեն որ պիտի խաչաձեւէ տուեալ կողմի մօտիկ եւ հեռակայ աշխարհաքաղաքական շահերը:

Եւրոպայի խոստմնադրուժ կեցուածքին քաջածանօթ հայութիւնը օրին գտնուեցաւ դժուարին կացութիւններու դէմ յանդիման եւ ապրեցաւ քաղաքական հիասթափութիւններ:

Հետագայ տասնամեակներուն երբ սփիւռահայութեան վիճակուած էր վառ պահել Սեւրի դաշնագիրի արծարծումը, թէկուզ ներքին կեանքի հարթակին վրայ, ապա եղան նաեւ խմբաւորումներ, որոնք մէկ կողմէ ծիծաղելի եւ միւս կողմէ արկածախնդրական նկատեցին նման պահուածքներ:

Կ՛արժէ գիտնալ, թէ այս կարճատեսի «յատկութեամբ» բնորոշ խմբաւորումներ, ի՛նչ կը մտածեն եւ կամ ինչպէ՛ս կը վերլուծեն Միջին արեւելեան քաղաքական ու պատերազմական իրադարձութիւնները, երբ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու հաշուոյն նորանոր քարտէսներ կը պատրաստուին, եւ քաղաքական կողմնորոշումներ կը պարտադրուին:

Այո՛, օրին` 24 յուլիս 1923-ին, Լոզանի դաշնագիրով կ՛ամրագրուէր այսպէս ասած Սայքս Փիքոյի քարտէսագրութիւնը, մեծ ուժերու եւ շահերու յագուրդ տալու դիտաւորութեամբ, այդուհանդերձ, այսօր թէեւ փորձ կը կատարուի տարբեր բնոյթի քարտէսագրութիւններ ապահովել Միջին Արեւելքի պետութիւններուն, ի յայտ եկաւ պետական համակարգ մը, շրջանային ուժ եւ ազգային պարունակ ունեցող ազգ մը, որ կրցաւ աւելի քան երեք տասնամեակ պայքարիլ արեւմտեան սադրիչ ուժերու դէմ եւ ապահովել իր յաղթանակը` հիւլէական ծրագիրի իսկ առաւելութեամբ:

Յայտնապէս, Սեւրի դաշնագիրի 95-ամեակի այս օրերուն, արժէ մտածել այս ուղղութեամբ, եւ հարց տալ հայոց պետականութեան աւագանիին թէ քաղաքական մտածողութեան տէր անձնաւորութիւններու, թէ առանց ազգային շահերու քաջ գիտակցութեան եւ ամրագրումին, ի՛նչ բանի կը ծառայէ հայ պետականութեան կարգն ու սարքը եւ ազգի մը գոյատեւման արժեհամակարգը:

Սեւրի դաշնագիրը ազգային պետական մտածողութեան հիմք է, որ ունի ուսանելի քաղաքական յատկութիւններ: Իսկ անոր կենսագործումը կ՛ենթադրէ կազմակերպուածութիւն եւ գիտականութիւն` բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Կացութիւններ ստեղծող եւ կամ տուեալ իրադրութիւններէն օգտուող ազգեր պիտի կարենան նուաճել քաղաքական բարձունքներ եւ հաստատեն ներկայ ժամանակներու քաղաքակրթական իւրայատկութիւնները:

Այս առումով Սեւրի դաշնագիրը նշաձող է գալիք սերունդներու:

 

Նախորդը

Մտորումներ Սեւրի Դաշնագիրին Մասին

Յաջորդը

Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?