Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ Սեւրի Դաշնագիրին Մասին

Օգոստոս 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0810sevre

Սեւրի դաշնագիրի կարեւորութեան, անոր ներկայացուցած արժէքին եւ այժմէականութեան վերաբերող հետեւեալ յօդուածի պատրաստութեան առիթով պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի հետ տեղի ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին գլխաւորաբար հաստատեց, որ հայերս երբեք պէտք չէ հրաժարինք Սեւրով ձեռք բերուած մեր իրաւունքէն, որովհետեւ անիկա ամուր հիմք է տարածքային եւ սահմանային նոր դասաւորումներ ընելու:

«Ա.»

95 տարի առաջ հայ դիւանագիտութեան պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուեցաւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող թուական մը` 10 օգոստոս 1920: Այդ թուականին Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ Սեւրի միջազգային խաղաղութեան դաշնագիրը, որով Հայաստան կը ճանչցուէր ազատ եւ անկախ, իսկ սահմաններու ճշդումը կը յանձնուէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ` Վուտրօ Ուիլսընին:

Սեւրի դաշնագիրը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին, երբ որ դաշնակից յաղթական պետութիւնները հաշտութեան դաշնագիրներ կը խմբագրէին պարտուած պետութիւններուն հետ, մինչ հայ ժողովուրդը արդարութիւն գործադրելու խնդիր ունէր:

Սեւրի դաշնագիրով ո՛չ միայն պիտի իրականանար միացեալ ու անկախ Հայաստան մը ունենալու դարաւոր իղձը, այլ պիտի կարգաւորուէր Թուրքիոյ տարածքին ապրող ոչ թուրք ժողովուրդներու քաղաքական ազատագրութեան հարցը, եւ սուլթանական Թուրքիոյ մէջ նոր սկիզբ մը պիտի դրուէր արմատական փոփոխութիւններու: Այս մասին պատմաբան Ե. Փամպուքեան կ՛ըսէ. «Սեւրի հետ կապուած էին այլ հարցեր, որոնցմէ` քրտական հարցը: Ինքնավար Քիւրտիստան մը կ՛ուրուագծուէր Հայաստանի  հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան սահմաններուն վրայ», ապա կը շարունակէ. «Դաշնակից պետութիւնները այն կարծիքին էին, թէ դարերու փորձը ցոյց տուած է, որ թուրքը ի վիճակի չէ եղած այլ ժողովուրդներ կառավարելու եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի բարգաւաճում: Պետութիւնները վճռած էին Հայաստանի ճակատագիրը վերջնականապէս անջատել Թուրքիայէն»:

Իսկ այս մասին Ն. Ադոնց կ՛ըսէ. «Վերջապէս Եւրոպան քաջութիւն ունեցաւ եթէ ոչ ամբողջապէս խորտակելու, գէթ դուրս քաշելու թունաւոր սողունին ատամները, որոնց ան դարեր շարունակ սնուցեր էր իր իսկ սեփական քաղաքակրթութեան կուրծքին»:

Սակայն Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք եւրոպական քաղաքականութեան մէջ արդէն գոյութիւն ունեցած լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի: Արեւմուտքի պետութիւններու հակամարտութիւնը առիթ չէր ընծայեր Թուրքիոյ հարցով համաձայնութիւն մը կամ համատեղ որոշում մը գոյացնելու:  Հետեւաբար, բոլոր պետութիւնները իրենց շահերէն մեկնած սկսան ձեռնարկել այնպիսի միջոցներու, որ կարելի ըլլայ փոփոխութեան ենթարկել դաշնագիրը. Ֆրանսա կը վախնար, որ Թուրքիոյ մասնատման պարագային իր շահերը կրնան վնասուիլ: Կը մէջբերենք  Ֆրանսայի վարչապետ Միլերանի խոստովանութիւնը. «Թուրքիոյ հետ կնքուած պայմանագիրին մէջ կան շատ թոյլ բաժիններ եւ ամէնէն թոյլը այն մասն է, որ կը վերաբերի Հայաստանին»:

Ռուսիոյ համար ալ Սեւրի իրականացումը կը վնասէր իր ռազմավարական դրութեան: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ տարածքին քեմալականներուն համար ճակատագրական էր Սեւրի դաշնագիրը: Մուսթաֆա Քեմալ 1921 թուականին խոստովանած է. «Անցեալ տարի մեզի սպառնացող ամէնէն մեծ աղէտը Սեւրն էր», իսկ 1922-ին ըսած. «Սեւրի դաշնագիրի իրականացումը մեզի համար կը նշանակէր տնտեսական եւ քաղաքական առումներով մահուան դատավճիռ»:

Այս մասին Ե. Փամպուքեան նշեց. «Քեմալական իշխանութիւնը մերժեց ընդունիլ ինչ որ սուլթանական Թուրքիան ստորագրած էր: Շուտով իշխանութիւնը անցաւ քեմալականներուն ձեռքը, եւ վիժեցաւ Սեւրի դաշնագիրին գործադրութիւնը: Իսկ դաշնակից պետութիւնները սկսան նոր ճամբաներ փնտռել քեմալական Թուրքիոյ հետ իրենց հարցերը կարգաւորելու` մեկնելով իրենց շահերէն»:

Միւս կողմէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի վիճակի չէր իր ուժերով տէր կանգնելու Ուիլսընեան Հայաստանին: Կը մէջբերենք Ն. Ադոնցի խօսքը. «Իրականութիւնը այն է, թէ Հայկական հարցի լուծումը, փաստօրէն, յետաձգուած էր: Սակայն, Հայկական հարցի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամէն անորոշութիւն եւ յետաձգում լեցուն է սարսափելի հետեւանքներով հայ ժողովուրդի ճակատագիրին համար»:

Ահա հերթական անգամ հաստատուեցաւ, որ պետութիւնները իրենց շահերուն համար պատրաստ էին զոհաբերելու Հայաստանը, որովհետեւ Հայկական հարցը Արեւմուտքի քաղաքականութեան մէջ արժէք մը չէր ներկայացներ, ո՛չ դեր ունէր, ո՛չ տեղ: Այսպէս Սեւրի դաշնագիրը տեսականէն չանցաւ գործնականի: Եթէ չըլլային Արեւմուտքի դաւաճան քաղաքականութիւնը եւ քեմալական իշխանութիւնը, Սեւրի դաշնագիրը պիտի չկորսնցնէր իր ուժը:

Բոլոր պարագաներուն Սեւրի դաշնագիրը հայերուն համար զուտ բարոյական նշանակութիւն ունեցաւ: Ե. Փամպուքեան նշեց. «Հայութեան համար Սեւրը կը մնայ բարոյական մեծ արժէք, որովհետեւ արդարութիւն գործադրելու պայմաններուն մէջ ամէնէն յարմար կարգադրութիւնը եղած էր` վերադարձնել հայ ժողովուրդին իր պատմական եւ իրողական իրաւունքները, որովհետեւ Ցեղասպանութենէն առաջ նշուած երկրամասին վրայ հայ ազգաբնակչութիւնը եթէ ոչ բացարձակ, այլ յարաբերական մեծամասնութիւն եղած էր»:

Սեւրի դաշնագիրով Թուրքիան եւ Արեւմուտքը, համաձայնած էին Էրզրումի (Կարին), Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի (Բաղէշ) նահանգները յանձնել Հայաստանին, իսկ սահմաններու իրաւարարութիւնը վստահիլ Միացեալ նահանգներուն:

Տարբեր շրջանակներուն մէջ տարածուած է այն տեսակէտը, թէ Լոզանի պայմանագիրը եկաւ չեղեալ համարելու Սեւրի դաշնագիրը: Այս մասին  Արա Պապեան կ՛արձագանգէ. «Լոզանը չէր կրնար չեղեալ համարել Սեւրը, որովհետեւ նշեալ պայմանագիրը ե՛ւ իր բնոյթով, ե՛ւ նպատակներով, ե՛ւ ստորագրողներու շրջանակով էապէս կը տարբերէր Սեւրի պայմանագիրէն: Իրաւական տեսանկիւնէն Սեւրի պայմանագիրը եւ Լոզանի պայմանագիրը երկու տարբեր փաստաթուղթեր են` Սեւրի պայմանագիրը կը վերաբերի Ա. համաշխարհային պատերազմին, իսկ Լոզանի պայմանագիրը` 1919-1922 թուականներուն տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն»:

Հայ դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ Հայկական հարցին վերաբերող ստորագրուած շատ դաշնագիրներ լիակատար չեն իրագործուած, ասոնց շարքին կ՛աւելնայ Սեւրը, որ սակայն իրաւական ու քաղաքական առումներով Հայկական հարցի լուծման յարմարագոյն միջոցն էր: Ներկայիս մեզի կը մնայ ընդունիլ, որ Սեւրի պայմանագիրը միջազգային իրաւունքի վաւերական փաստաթուղթ է, սակայն ուժի մէջ չէ մտած: Ճիշդ է, որ Սեւրի դաշնագիրին մէջ ակնյայտ է որոշ աղերսներ Եւրոպայի դիւանագիտութեան եւ հայկական իրաւունքներու պահանջքներուն, սակայն Արեւմուտքի համար դաշնագիրը ատենին քաղաքական անհրաժեշտութենէ բխած արդիւնք մըն էր:

Արդ, քննելով որեւէ պատմական կամ քաղաքական իրադարձութիւն պէտք է դիտարկում կատարենք առաջին հերթին անոր պատմական դասերուն: Սեւրի դաշնագիրէն կրնանք քաղել պատմական հետեւեալ դասերը.

1.- Մեր ազգի առջեւ դրուած հարցերը կը պահանջեն հաւասարակշռուած լուծում:

2.- Աշխարհաքաղաքական որեւէ իրադարձութեան պատրաստ ըլլալու համար, պէտք է ունենանք համապատասխան զուտ հայկական դիրքորոշում, յստակ ռազմավարութիւն` գերազանցապէս վստահելով մեր ուժերուն:

Այսօր ցեղասպան թուրքը կը շարունակէ օգտուիլ Արեւմուտքէն քաղաքական եւ տնտեսական առումներով` շարունակելով մնալ մեր հիմնական թշնամին: Այստեղ տեղին է յիշել Գ.Նժդեհի խօսքը. «Թշնամին ունի մեզ բնաջնջելու վճիռ, մենք չունինք ինքնապաշտպանութեան ծրագիր եւ ինքնապաշտպանունակ զէնք»:

Միջազգային իրաւունքներու սկզբունքներուն համաձայն, Սեւրի դաշնագիրը այսօր չէ կորսնցուցած իր ուժը եւ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման նպաստաւոր պարագային կրկին կրնայ դրուիլ  բանակցութեան սեղանին եւ ծառայել հայութեան: Գ. Նժդեհ կը հաստատէ. «Պետութիւնները հաշուի կ՛առնեն միջազգային իրաւունքը եւ կը յարգեն իրենց ստորագրած պայմանագիրները, քանի դեռ կը շահին գոյութիւն ունեցող իրավիճակէն, սակայն հազիւ նոր իրավիճակ մը, կամ ուրիշի թուղթէ բարեկամութիւնը իրենց աւելի շահաւէտ թուեցաւ, անոնք կը թքնեն պայմանագիրներուն վրայ, կը լքեն իրենց նախկին զինակիցները եւ կը սպառնան աշխարհի խաղաղութեան»:

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վերստին կեանքի կոչէ Սեւրի դաշնագիրը մշակելով այնպիսի ծրագիրներ, որ քաղաքական արդի պայմաններուն համապատասխան առիթ տան օգտագործելու Սեւրի դաշնագիրով տրուած լուծումները: Այս մասին հաստատեց նաեւ Ե. Փամպուքեան. «Մենք` հայերս, Սեւրով ձեռք բերած մեր իրաւունքէն պէտք չէ հրաժարինք: Հրաշալի հիմք մըն է ան, որուն վրայ կարելի է նոր կարգադրութիւններ ընել տարածքային, սահմանային  եւ այլ առումներով»:

Համադրեց`
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Քրտական Հարցին Լուծումը` Համաձայն Սեւրի Դաշնագիրի Դրոյթներուն

Յաջորդը

Սեւրը Ազգային Իրաւո՛ւնք Է, Միջազգային Դաշնագիր Ըլլալէ Առաջ (95-Ամեակ)

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?