Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կ՛արատաւորէ Իր Վարկը` Ազրպէյճանական Ափ Մը Տոլարի Սիրոյն

Օգոստոս 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այս օրերուն, նախագահական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի համար ամէնէն վերջին անհրաժեշտութիւնը այլ բանավէճ մըն է: Միւս կողմէ, Թրամփ երբեք չէ խուսափած բանավէճերէ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ողջունէ որեւէ յայտարարութիւն, դրական թէ ժխտական, այնքան ատեն որ իր անունը կը յայտնուի խորագիրներու մէջ: Թրամփ` իր հանրածանօթ անուան եւ անմիջականութեան շնորհիւ կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի 17 հանրապետական թեկնածուներու մեծ դաշտը, ըստ վերջին պաշտօնական հարցախոյզներուն:

Քանի մը տարի առաջ, երբ Թրամփ համաձայնեցաւ իր անունը տալ Ազրպէյճանի մէջ պանդոկի մը, ան չէր կրնար կանխատեսել, որ Պաքուի տխրահռչակ մեծահարուստ պաշտօնեային հետ կապը ո՛չ միայն ժխտական անդրադարձ պիտի ունենար իր քաղաքական յաւակնութիւններուն վրայ, այլ նաեւ պիտի ստեղծէ շահերու լուրջ բախում, եթէ ան դառնայ նախագահ:

Հակառակ անոր որ պանդոկը պիտի կրէ իր անունը, Թրամփ Trump International Hotel & Tower Baku-ի ո՛չ կառուցողն է, ո՛չ ալ սեփականատէրը: Այնուամենայնիւ, ան կը վաստակի «կառավարման շահութաբեր վճարներ` իր անունն ու փորձը այս նախագիծին տալուն համար», ըստ Ռաս Չոմայի քննադատական յօդուածին, որ նախորդ շաբաթ հրապարակուեցաւ «Մատըր Ճոնզ» ամսագիրին մէջ` «Տանըլտ Թրամփ գործարարութիւն կ՛ընէ վիճայարոյց ազրպէյճանցի մեծահարուստ պաշտօնեայի մը հետ» խորագիրով:

Վերջերս Թրամփի ներկայացուցած նիւթական յայտարարագիրէն, որ կը պահանջուի նախագահական թեկնածուներէն, պարզուած է, որ 2014 թուականին անոր ընկերութիւնը 2,5 միլիոն տոլար ստացած է Պաքուէն, թէեւ պանդոկին բացումը նախատեսուած է այս տարուան աւարտին:

Թրամփ իր ընդհանուր հարստութիւնը կը գնահատէ աւելի քան 10 միլիառ տոլարով:

Չոման կը հաղորդէ. «Այս գործարքին մէջ Թրամփի գործընկերն է Անար Մամետով, 34-ամեայ միլիառատէր փլէյպոյ մը, որուն հայրը Ազրպէյճանի փոխադրամիջոցի նախարարն է»:

Յօդուածագիրը այնուհետեւ կը մէջբերէ անունները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան քանի մը մեծ կազմակերպութիւններու, որոնք Ազրպէյճանը կը նկարագրեն իբրեւ «աշխարհի առաւել զսպողական եւ կաշառակեր երկիրներէն մէկը` այլախոհութեան նկատմամբ վարչաձեւի անհանդուրժողականութեան եւ քաղաքական վերնախաւի ու անոնց ընտանիքներու ձեռքին մէջ խիստ կեդրոնացած հարստութեան համար»:

Կ՛ըսուի, որ Մամետովի նիւթական կարողութիւնը կը շրջանցէ 1 միլիառ տոլարը, եւ ան «Կարանթ» ընկերութեան նախագահն է, «Թրամփ Թաուըր»-ի կառուցողն ու սեփականատէրը: Անոր հայրը` Զիյա Մամետով, սերտ յարաբերութիւններ ունի Ազրպէյճանի բռնակալ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Չոմայի յօդուածէն հայերուն համար առաւել էական է այն, որ Անար Մամետով «կը ղեկավարէ Ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքը, եւ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ շրջան մը արձանագրուած էր իբրեւ օտարերկրեայ լոպիիստ: Անցեալ տարի դաշինքը աւելի քան 2.8 միլիոն տոլար ծախսեց լոպիական գործունէութեան վրայ` Քոնկրեսի եւ Պետական բաժանմունքին մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան կապերը բարելաւելու համար»:

Ըստ OpenSecrets.org-ի, դաշինքը վերջին չորս տարիներուն ընթացքին ծախսած է 11,5 միլիոն տոլար Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրներու եւ պաշտօնատար անձերու լոպիինկին վրայ: Չոման բացայայտած է, որ «2011 թուականին Մամետով, ըստ Միացեալ Նահանգներու Օտար գործակալներու արձանագրութեան օրէնքին, անձամբ արձանագրուած է դաշինքին հետ իր աշխատանքին առիթով: Հակառակ անոր որ Մամետով դեռ պատուաւոր տեղ կը գրաւէ կազմակերպութեան կայքին վրայ, ան այլեւս նշուած չէ իբրեւ օտար լոպիիստ: Սակայն կը թուի, թէ ան տակաւին մեծապէս շահագրգռուած է ամերիկեան քաղաքական հզօր գործիչները սիրաշահելով:

Մամետովի անձնական կայքին վրայ կ՛երեւի անցեալ տարուան նոյեմբերին խումբին կայացուցած ուաշինկթընեան շռայլ տօնախմբութեան նկարագրութիւնը, որուն կազմակերպիչը ինք էր: Ձեռնարկին ներկայ եղած են ծերակուտականներ Չաք Շումըր, Ռիչըրտ Պըր, Մարք Փրայըր, Մարք Ուըրնըր եւ զոյգ կուսակցութիւններու բազմաթիւ անդամներ Ներկայացուցիչներու տունէն… Մամետովի Դիմատետրի էջը լեցուն է գործարարին լուսանկարներով` քաղաքական տարբեր գործիչներու հետ, ներառեալ` Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Ճոն Պէյնըրի»:

Տանըլտ Թրամփ հպարտութեամբ յայտարարեց, որ Trump International Hotel & Tower Baku-ն «կը ներկայացնէ «Թրամփ» կազմակերպութեան կատարելութեան անսասան չափանիշը եւ մեր ներգրաւուածութիւնը միայն լաւագոյն համաշխարհային զարգացման ծրագիրներու: Երբ 2015 թուականին անոր բացումը կատարենք, այցելուները եւ բնակիչները պիտի վայելեն շքեղ կառոյց մը, որուն նմանը չկայ Պաքուի մէջ. անիկա լաւագոյններէն մէկը պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի մէջ»:

Վերջերս Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին Իւանքա Թրամփ արձագանգեց իր հօր վստահութիւնը պանդոկի նախագիծին յաջողութեան մէջ. «Այս աներեւակայելի շէնքը կ՛արտացոլացնէ բարձրագոյն մակարդակի շքեղութիւն եւ նրբաճաշակութիւն, Կասպից ծովէն ներշնչուած բացառիկ ճարտարապետութեամբ եւ վայելուչ ներքնամասով, որոնք համերաշխօրէն կը համատեղեն ժամանակակից ոճը յաւերժական հմայքին հետ: Անհամբեր կը սպասենք մեր անզուգական «Թրամփ»-ի ծառայութիւններն ու յարմարութիւնները Ազրպէյճան բերելուն»:

Պաքուի «Թրամփ Թաուր»-ը 33 յարկանի է եւ ունի առագաստանաւի տեսք: Անիկա կը ներառէ 75 շքեղ յարկաբաժին, 190 հիւրասենեակ, «սփա» եւ վայելչութեան կեդրոններ, փակ լողաւազան, գործարար կեդրոն, պարասրահ, խանութներ, ճաշարան` շրջապատուած այգիներով, զբօսավայրերով եւ շատրուաններով:

Տանըլտ Թրամփ` ընկերակցելով կեղեքիչ վարչակարգի կասկածելի գործարարներու հետ, դրամի սիրոյն կը վտանգէ իր վարկը` նախագահական ընտրութիւններու ամէնէն եռուն շրջանին…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Շիրակում` Երուանդ Փամպուքեանի Եւ Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանի Հետ

Յաջորդը

Օգոստոս 1992. Արծուաշէնի Կորուստին Անդարմանելի Վէրքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

Յունուար 30, 2023
Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը
Անդրադարձ

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Յունուար 30, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Եռամիասնութի՜ւն…

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In