Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օգոստոս 1992. Արծուաշէնի Կորուստին Անդարմանելի Վէրքը

Օգոստոս 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

artjvashen-7-8-2015

Օգոստոս 8-ին` , 23 տարի առաջ, Հայաստանն ու հայութիւնը կորսնցուցին հայակերտ Արծուաշէնը, որ Արցախեան Ազատամարտի ամբողջ 8 տեւողութեան հերոսաբար մաքառած էր ազերիական ասպատակումներուն դէմ, բայց պատերազմի վերջին փուլին ինկաւ թշնամիին գրաւման տակ:

Արծուաշէնը համեմատաբար նորակերտ գիւղ է, որ ունի 4 հազար քառակուսի քիլոմեթր մակերես եւ կը գտնուի Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի արեւելեան կողմը:

– Գիւղը կառուցած են Շամշատինէն տեղափոխուած հայեր` 1854 թուականին: Ժամանակի ընթացքին գիւղը զարգացման կարեւոր ճամբայ կտրած է եւ վերածուած է աւելի քան չորս հազար հայ բնակչութեամբ բարգաւաճ քաղաքատիպ աւանի, ուր մինչեւ արցախեան ազատամարտի բռնկումը կը գործէին չորս գործարաններ:

Ռազմագիտական կարեւոր դիրք ունեցող Արծուաշէնի գրաւման համար ազրպէյճանական զօրքերը իրենց ասպատակումներուն սկսան 1989 թուականին, բայց ամբողջ երեք տարի բախեցան արծուաշէնցիներու հերոսական դիմադրութեան եւ ետ շպրտուեցան:

Հայաստանի վերանկախացման հետեւած ամիսներուն, երբ խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզումէն օգտուելով` Ազրպէյճան կը փորձէր բիրտ ուժով իր վերան-կախացեալ պետութեան սահմանները ընդարձակել Հայաստանի հաշուոյն, յարձակումները սաստկացան Արծուաշէնի վրայ: Օգոստոս 1992-ի սկզբնաւորութեան արդէն դժուարացած էր գիւղին ինքնապաշտպանութիւնը եւ զանգուածային սպանդի վտանգը ստուգապէս կը սպառնար արծուաշէնցիներուն: Այդ օրհասական պայմաններուն մէջ տրուեցաւ Արծուաշէնը թշնամիին թողնելու եւ հազարաւոր արծուաշէնցիներու կեանքը ստոյգ մահէ փրկելու ծանր որոշումը:

Արծուաշէնցիները հեռացան շուրջ 150-ամեայ իրենց կերտած գիւղէն ու հաստատուեցան 3 քիլոմեթր հեռու գտնուող Ճամբարակի մէջ, որ հայկական զօրքերու պաշտպանութիւնը կը վայելէր: Ճամբարակի մէջ վերջնականապէս տեղաւորուած արծուաշէնցիք, իրենց բնօրրան Արծուաշէնի անկման քսանամեակին յատուկ

յուշարձան բարձրացուցին Արծուաշէնի յիշատակին:

Արծուաշէնի վերջին գիւղապետ Մամիկոն Խեչոյեանի բնորոշումով` «Ամենաթանկ բանը մարդու համար հարազատի կորուստն է, իսկ մենք կորցրել ենք մայր հողը` մեր Արծուաշէնը, ինչը յանձնուել է Ազրպէյճանին: Արծուաշէնցիները, լքելով իրենց բնակավայրը, այսօր հիմնականում ապրում են Գեղարքունիքի մարզում եւ չեն լքել մեր հայրենիքը»:

Իսկ արծուաշէնցի պատմաբան Եուրա Ղուլեանի վկայութեամբ` «Արծուաշէնի անկումը մեր յաղթանակած երկրի, մեր յաղթանակած բանակի միակ պարտութիւնն էր: Արծուաշէնն ունենալով 150 տարուայ պատմութիւն, երբեք չի կորցրել իր հայկականութիւնը եւ այնտեղ երբեք օտարը չի ապրել: Արծուաշէնի կորուստը համահայկական կորուստ է, մեզ կը հասկանան նրանք, ովքեր հայրենի հողի կորուստ են ունեցել»:

Արծուաշէնի անկման յաջորդած 23 տարիներու ընթացքին, իրենց ձեռներէցութեան եւ աշխատունակութեան շնորհիւ արծուաշէնցիները յաջողած են տեղահանի իրենց կեանքի պայմանները բարելաւել, բայց ունին օժանդակութեան կարիք: Այդ դժուարութեանց անդրադառնալով` արծուաշէնցիներու ներկայացուցիչները դիտել կու տան. «Արծուաշէնը իրաւաբանօրէն Հայաստանին է պատկանում, բայց օկուպացուած (գրաւուած) է Ազրպէյճանի կողմից: Ինչ վերաբերում է արծուաշէնցիների իրաւական կարգավիճակին, ապա վերջինները համարւում են ներքին տեղահանուած եւ, ի տարբերութիւն Սումկայիթի, Պաքուի հայութեան` չունեն փախստականի կարգավիճակ»:

Արծուաշէնէն տեղահանուածներուն 80 տոկոսը այսօր կ’ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, յատկապէս Ճամբարակի մէջ: Մնացեալները աւելի քան 10 տոկոս, արտագաղթած են Ռուսիոյ տարբեր շրջաններ, իսկ փոքր տոկոս մըն ալ` արտասահման: Հայաստան մնացած են արծուաշէնցի 719 ընտանիքներ, որոնց 664-ը Ճամբարակի, իսկ 55-ը տարբեր շրջաններու մէջ:

Բայց արծուաշէնցիները չեն մոռցած եւ չեն կրնար մոռնալ իրենց հայրերուն կերտած Արծուաշէնը եւ այսօր ալ, ցաւով ու ընդվզումով, կը նշեն.

«Ժամանակին Արծուաշէնը պաշտպանելու համար պէտք էր 11.000 զինուոր, սակայն այդ ժամանակ ընթանում էր Ղարաբաղեան պատերազմը եւ այդքան ուժեր հայկական կողմը չէր կարող յատկացնել Արծուաշէնի պաշտպանութեան համար, բոլոր ուժերը կենտրոնացած էին Ղարաբաղում»:

Թէեւ 23 տարի անցած է Արծուաշէնի յանձնումէն ու կորուստէն ասդին, բայց ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ աշխարհով մէկ հայրենի հող կորսնցուցած իրաւատէր հայութիւնը դեռ չէ հաշտուած եւ չի կրնար հաշտուիլ «կատարուած իրողութեան» հետ:

Նոյնիսկ այսօր, երբեմնի հայապատկան Արծուաշէնէն տեղահանուած հայութեան համայնքային ու քաղաքական ներկայացուցիչները ընդվզումով կ’անդրադառնան այն փաստին, թէ օրին Հայաստանի իշխանութիւնները ստիպուեցան դիմելու Արծուաշէնի յանձնման քայլին, որպէսզի Թուրքիոյ կողմէ բանեցուած ճնշումին կարենային դիմադրել:

Արծուաշէնը թէեւ հայկական ու հայաբնակ հող էր, բայց խորհրդային լուծի տակ վարչականօրէն տրուած էր Ազրպէյճանի: 1989-ին հայ ազատամարտիկները, իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայկական Բանակի ռազմիկները հերոսաբար դիմադրեցին թշնամի բոլոր յարձակումներուն: Ինչպէս որ արծուաշէնցիք կը վկայեն.

«Արծուաշէնի պաշտպանութիւնն իրականացրել են Վանաձորի 016 մոտոհրաձգային գնդի տղաներն, ովքեր այդ օրերին մի քանի հազար մարդու կեանք կարողացան փրկել` ապահովելով նրանց դուրսբերումն արդէն օղակուած Արծուաշէնից:

«Ի դէպ, օգոստոսի 7-ին (1992-ին) գնդի 12 զինուոր մնաց փակուած օղակում: Նրանց դիերը հայակական կողմին յանձնելիս` ազրպէյճանցի գնդապետներից մէկն ասել էր.- «Կռուեցին մինչեւ վերջին փամփուշտը: Նրանք ձեր ազգի պարծանքն են»:

«Ազրպէյճանցիներն արծուաշէնցիներին իրենց բնակավայրը լքելու համար ընդամէնը մէկ ժամ էին տուել, արդիւնքում Արծուաշէնից տեղահանուեց մօտ 700 ընտանիք` մօտ 2000 մարդով»…

Նման պայմաններու մէջ կատարուած Արծուաշէնի կորուստը մինչեւ այսօր ցաւով ու ընդվզումով կը համակէ միտքն ու սիրտը պահանջատէր հայութեան, որ հայրենի հողի կորուստին անդարմանելի վէրքը կը կրէ կուրծքին տակ:

Ն. Պ.

Նախորդը

Թրամփ Կ՛արատաւորէ Իր Վարկը` Ազրպէյճանական Ափ Մը Տոլարի Սիրոյն

Յաջորդը

Քրտական Հարցին Լուծումը` Համաձայն Սեւրի Դաշնագիրի Դրոյթներուն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?