Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Լուսաւոր Ներկայութիւն

Օգոստոս 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

panarmenian-games_8-10-15

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ

Համահայկական մարզական խաղերը հայ  ԵՐԿՈՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ երիտասարդներուն համար սքանչելի առիթ են հայրենիքի շունչը զգալու եւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր անկիւնէն ժամանած իրենց անծանօթ արիւնակիցներուն հետ կապ հաստատելու համար:

Նոյնքան անփոխարինելի առիթ է, որ Հայաստան այդ երիտասարդութեան փոխանցէ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ունենալու հպարտութիւնը եւ պարտաւորութիւնը:

Համահայկական 6-րդ մարզական խաղերուն բազմաթիւ դրական կողմերէն միայն երկուքը կ՛ուզեմ առանձնացնել.

1- Հալէպէն, Գամիշլիէն եւ Քեսապէն եկած խումբերու մասնակցութիւնը: Այստեղ նկատի չունիմ անոնք, որոնք արդէն Երեւան կը մնային եւ այս քաղաքներու պատուիրակութիւնններուն մաս կը կազմեն: Այլ ա՛յն անհատները, որոնք հակառակ բազմաթիւ աննկարագրելի կենցաղային դժուարութիւներու, կրցած են պատերազմական առօրեայէն դուրս գալ, ընկերներու հետ` ակումբներու մէջ փորձերու մասնակցիլ եւ սովորականէն աւելի երկար ճամբայ կտրելով` Երեւան հասնիլ: Անոնք, մէկ առ մէկ, արդէն յաղթանակած պէտք է հռչակուին:

2- Սասունէն, Վանէն, Տիգրանակերտէն, Պիթլիսէն մասնակցող երիտասարդները:

Արեւմտահայաստանի իսկական ներկայութիւնն է: Մարզական ծածկէն անդին, անոնց ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը եկած է Հայաստան: Այս սերունդը զարթօնքի եւ պայքարի նոր, իւրօրինակ թմբուկ կը հնչեցնէ: Անոնց պէտք է ականջ տալ եւ տէր կանգնիլ:

Հիմա պիտի խոստովանիմ, որ քանի մը տարի է «համահայկական» առիթներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնս նուազած է: Նախկին խանդավառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ չեմ կրնար հետեւիլ այս բոլորին: Պատճառներու մասին չեմ ուզեր հոս խօսիլ: Բայց այս տարի, ներկայութեան այս երկու լուսաւոր պատկերներուն հանդէպ չէի կրնար անտարբեր մնալ:

Դուք արդէն յաղթած էք: Բաժակները աւելորդ են:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Շիրակում` Երուանդ Փամպուքեանի Եւ Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանի Հետ

RelatedPosts

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Երանելի Օրերու Սպասումով…

Նոյեմբեր 12, 2025
Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?