ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ սուրբ աթոռի միաբան, երջանկայիշատակ Զարեհ արքեպիսկոպոսի զանազան բնոյթի գրութիւնները լոյս տեսան «Զաստուած տեսնել» խորագիրը կրող հատորի մը մէջ` բաղկացած 537 էջերէ, հրատարակուած 2014-ին, Երեւանի մէջ: Ժողովածուն կազմած եւ խմբագրած են Յակոբ Քորթմոսեանն ու Գէորգ Եազըճեանը:
Զարեհ սրբազան, աւազանի անունով` Մինաս, ծնած է 1947-ին, Պէյրութ: Նախակրթութիւնը ստացած է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ազգային Եփրեմեան վարժարանին մէջ: 1960-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: 23 յունիս 1963-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ` ձեռամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին: 19 յունիս 1966-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է` ձեռամբ Գարեգին եպիսկոպոս Սարգիսեանի:
Վերակոչուելով տէր Զարեհ աբեղայ: Նշանակուած է Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի դպրապետ եւ դպրեվանքի հսկիչ: Միաժամանակ դասաւանդած է կաթողիկոսարանի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Աշխատակցած է «Հասկ» ամսագիրին: 1966-1969-ին դպրեվանքին փոխ տեսուչը եղած է: Միաժամանակ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ երաժշտական տեսական եւ գործնական դասերու հետեւած է:
16 մարտ 1969-ին` Խորէն Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ ստացած է վարդապետութեան աստիճան: 1969-1972-ին ուսանած է Հռոմի Արեւելեան ուսմանց հիմնարկին մէջ:
Անթիլիաս վերադարձին, դարձեալ նշանակուած է դպրեվանքի հսկիչ: Եղած է կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադիրներէն: 1975-1976-ին վարած է «Հասկ»-ի խմբագրապետի պաշտօնը:
3 նոյեմբեր 1977-ին Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուած է, իսկ 30 մայիս 1979-ին Կիպրոսի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուած է:
17 մայիս 1980-ին ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացած է ձեռամբ Արտաւազդ արք. Թրթռեանի: Յաջորդ օրը` կիրակի, 18 մայիսին եպիսկոպոս օծուած է:
Անթիլիաս վերադարձին զբաղած է գրական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներով: Նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ:
1955-ին երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսը Զարեհ եպիսկոպոսին շնորհած է արքութեան տիտղոս, զոր մերժած է ընդունիլ:
1966-ին մէկ տարիով ստանձնած է Ժիպէյլի Թռչնոց բոյնին տեսչութիւնը:
Անթիլիաս վերադառնալէ ետք, իր վարած բոլոր պաշտօններուն կողքին, շարունակած է դասաւանդել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս, մինչեւ իր անհանգստութեան տարիները:
Վախճանած է 30 ապրիլ 2004-ին:
* * *
«Զաստուած տեսնել» խորագիրը կրող ժողովածուն կը բովանդակէ քարոզներ, խորհրդածութիւններ, պատգամներ, խմբագրականներ եւ մեկնութիւններ, որոնք դասաւորուած են ըստ նիւթի եւ բովանդակութեան` աստուածաբանական-մեկնողական, քարոզախօսական, հայ եկեղեցի, Մեծ եղեռն եւ նահատակներու սրբադասում, եկեղեցական-երաժշտագիտական, պատմական, զրոյցներ եւ ելոյթներ զանազան նիւթերու շուրջ, նաեւ ուսանողական տարիներու գրութիւններ:
Աստուածաբանական-մեկնողական բաժինը կ՛ընդգրկէ վեց նիւթ` Աստուծոյ խօսքը, Աստուածաշունչը եւ զայն կարդալու կերպերը, Աւետարան, Հայր Մեր, երանութիւններ եւ Մատթէոսի աւետարան:
Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ, որ Աստուածաշունչ գիրքը Աստուծոյ խօսքն է. հաւատքը ծնունդ կ՛առնէ լսելէն եւ Աստուծոյ խօսքը կը շարունակուի եկեղեցիով:
«Եկեղեցին ո՛չ միայն ժառանգորդը եւ պահապանն է աստուածային խօսքին, այլ նաեւ զայն փոխանցողը եւ մեկնաբանողը: Արդարեւ, Ս. հոգիով եկեղեցւոյ տրուած հոգեւոր պարգեւներուն մէջ առաջին տեղերը կը գրաւեն իմաստութեամբ յորդորելու կարողութիւնը, հոգեւոր գիտութեամբ ուսուցանելը եւ մարգարէութիւնը: Աստուած եկեղեցւոյ մէջ բազմաթիւ անդամներ կարգեց զանազան ծառայութեանց համար. նախ` առաքեալները, երկրորդ` մարգարէները, երրորդ` վարդապետները…» եւ այլն: Առաքեալին պաշտօնը Աստուծոյ խօսքին ու կամքին յայտնութիւնը եւ փոխանցումն էր` քարոզութեամբ, մարգարէին պաշտօնը` Աստուծոյ պատգամներուն մեկնաբանութիւնը, իսկ վարդապետինը` բարոյական ուսուցումն ու յորդորը: Այս պաշտօններով, եւ յատկապէս մարգարէական պատգամախօսութեամբ, եկեղեցին ո՛չ միայն սոսկական կրկնողն է Աստուծոյ գրաւոր խօսքին, այլ` Ս. հոգիին մղումով եւ առաջնորդութեամբ` արտայայտիչը Աստուծոյ կենդանի խօսքին եւ ներշնչեալ մեկնաբանութեամբ Աստուծոյ խօսքը մշտանորոգ բխեցնողը: Եւ որովհետեւ եկեղեցին միայն երէկ չէ, այլ նաեւ այսօր եւ վաղը, Աստուած այսօր ալ իր եկեղեցիին ընդմէջէն կը խօսի իր ժողովուրդին ու մարդկութեան»:
Աստուածաշունչին եւ զայն կարդալու կերպերուն գծով Զարեհ սրբազան կը բացատրէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կարդալ ու հասկնալ եւ կ՛անդրադառնայ հասկնալու տագնապին:
Հին կտակարանի հասկացողութեան գծով սրբազանը կ՛ըսէ, որ հին կտակարանը հիմն է եւ ապացոյցը նոր կտակարանին:
Քրիստոս Ինք իր երկրաւոր կեանքին եւ առաքելութեան ամէն մէկ քայլափոխին ցոյց տուաւ ՀԿ-ի մարգարէութեանց կատարումը` Իր անձին վերաբերեալ, եւ Վերնատան մէջ վերջին ընթրիքին առիթով այս մասին ըսաւ. «Այս բոլորը ձեզի ըսի նախքան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին` այն ատեն հաւատաք»: Նոյնպէս, երբ յարութենէն ետք երեւցաւ դէպի Էմմաւուս գացող իր երկու հետեւորդներուն, որոնք տակաւին յարութենէն անտեղեակ` տրտում-տխուր կը խօսէին եւ իրենց ճամբան կ՛երթային, յանդիմանեց զանոնք, ըսելով. «Ո՛վ անմիտներ, որ կը դժուարանաք մարգարէներուն բոլոր ըսածներուն հաւատալու: Պէտք չէ՞ր, որ Քրիստոսը չարչարուէր` փառաւորելու համար»: Ապա սկսաւ բացատրել Սուրբ գիրքերուն մէջ իր մասին գրուած բոլոր գրութիւնները` սկսեալ Մովսէսի գիրքերէն մինչեւ բոլոր մարգարէութիւնները»:
Հասկնալու բանալիներուն գծով Զարեհ սրբազան կը թուէ հիմնական քանի մը կէտ.
1) Առաջին բանալին` նախ Աստուածաշունչը ճանչնալն է իբրեւ Աստուածաշունչ, եւ ո՛չ թէ պարզապէս մարդկային միտքի արտադրութիւն եղող գործ մը` պատմական, օրէնսդրական, բանաստեղծական, իմաստասիրական:
Բայց ատիկա բաւարար չէ «հասկնալու» համար:
2) Միշտ ալ հարկաւոր է բացատրող մը, որուն գործը կամ մասնագիտութիւնը ըլլայ ուսումնասիրել Աստուածաշունչը եւ անոր կապուած աշխարհը, անոր ամբողջ ենթահողը` մեզի մօտեցնելու համար զայն: Եւ ասիկա Աստուածաշունչին իսկ թելադրած կամ ուսուցած կերպն է:
«Աւետարան» բաժինով Զարեհ սրբազան կը գրէ.
«Նոր Կտակարանը ունի չորս Աւետարաններ: Անոնք գրուած են չորս տարբեր հեղինակներու կողմէ` Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս»:
Ինչո՞ւ համար այս գիրքերը «Աւետարան»-ներ կոչուած են:
Իր առաքելութեան առաջին իսկ օրէն, Յիսուս խօսեցաւ Աւետարանին մասին:
Մարկոս Աւետարանիչ գրած է. «Ան (Յիսուս) Աստուծոյ Աւետարանը կը քարոզէր` ըսելով. փրկութեան ժամանակը հասած է եւ եկած Աստուծոյ Արքայութիւնը. ապաշխարհեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մր. 1.14-15):
Ի՞նչ կը նշանակէ այս «Աւետարան»-ը:
Հարցումին պատասխանը Յիսուսի յայտարարութեան մէջն է: Յիսուսի յայտարարութիւնը բարի լուր մը կամ աւետիս մը կը բովանդակէ: Ուրեմն, Յիսուսի Աւետարանը բարի լուր մը կամ աւետիս մը կը ներկայացնէ: Շփոթութեան մը առաջքը առնելու համար ըսեմ, որ Նոր Կտակարանին մէջ, «Աւետարան»-ը գիրքի իմաստ չունի, Աւետարանին իբր գիրք ընկալումը հետագայի երեւոյթ է եւ բնագրային չէ:
Յիսուսի քարոզած Աւետարանը մեզի կը յայտնէ, թէ փրկութեան եւ Աստուծոյ Արքայութեան ժամանակը հասած է եւ եկած: Այս քարոզութիւնը միաժամանակ կոչ է ապաշխարհելու եւ հաւատալու Աւետարանին: Այդ կոչին ընդառաջելուն մէջ կ՛ամբողջանայ Աւետարանին ճշմարիտ հասկացողութիւնը: Փրկութեան ժամանակը հասած եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը եկած է այն մարդուն համար, որ կ՛ապաշխարհէ եւ կը հաւատայ: Հետեւաբար, Աստուծոյ Աւետարանը անոր համար բարի լուր կը ներկայացնէ, որ ապաշխարհութեան եւ հաւատքի ճանապարհին վրայ է»:
Շարունակելով` Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ. «Բազմաթիւ աւետարաններ գրուած են, սակայն եկեղեցին բոլորը չընդունեց, որովհետեւ անոնց մէջ չգտաւ հարազատ արտայայտութիւնը այն աւանդութիւններուն, որոնք փոխանցուած էին Քրիստոսի առաքելութեան ականատեսներուն եւ Աստուծոյ խօսքին քարոզիչներուն կողմէ:
Եկեղեցին առաքելական աւանդութեան վրայ սեւեռեց իր նայուածքը, նախ` որովհետեւ այդ աւանդութիւնն էր վստահելին, եւ երկրորդ` որովհետեւ ատոր ներքին եղծուածները ծնան ու սկսան թափանցել եկեղեցիէն ներս: Անոնց դիմաց եկեղեցին պէտք ունէր կանգնելու ապահով գետնի մը վրայ: Այդ պատճառով, ընդունեց միայն այն, ինչ որ առաքելական աւանդութեան համաձայն էր, ու մերժեց այն միւսները որոնք այդպէս չէին»:
«Հայր Մեր» բաժինով Զարեհ սրբազան կը խօսի աղօթքի ուսուցման մասին.
«Աղօթքը կը յայտնէ մարդուն կախուածութիւնը Աստուծմէ: Մեր կեանքը եւ անոր բոլոր երեսները կախում ունին Աստուծմէ: Աղօթքով է, որ Արարիչն ու արարածը փոխյարաբերութեան մէջ կը մտնեն: Մեր կախուածութիւնը Աստուծմէ` մեզ կը մղէ Անոր աղերսելու, Անկէ հայցելու ու խնդրելու, եւ Անոր աղաչելու:
Գուցէ ըսուի, թէ Աստուած կ՛ուզէ, որ մենք Իրմէ կախուած մնանք, որպէսզի մի՛շտ իրեն աղօթենք: Ասիկա եսասէր աստուծոյ մը պատկերացում է: Սակայն մեր հաւատքին Աստուածը եսասէր չէ:
Աղօթքը, ըստ Յիսուսի ուսուցումին, միայն մեր անձերուն համար չէ, այլ` մեզմէ աւելի` ուրիշներուն համար է: Աղօթքը պէտք է ծառայէ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ մեր միասնութիւնը զգալու եւ անոնց նկատմամբ մեր պատասխանատուութիւնը զարգացնելու: Աղօթքը պէտք է ծառայէ գիտնալու, թէ մեր կեանքը ինքնանպատակ չէ, այլ` մենք կ՛ապրինք ուրիշներուն համար, անոնց կարիքներուն հասնելու համար: Ինչպէս ողորմութիւնը, աղօթքն ալ ուրիշներուն համար կատարուած կամ կատարուող բարի գործ է:
Ողորմութեան եւ աղօթքի բարեգործութեան տարբերութիւնը այն է միայն, որ մինչ ողորմութեան բարի գործը մեր ձեռքով կը կատարուի, աղօթքին բարի գործը Աստուծոյ ձեռքով կը կատարուի:
Երբ մենք կ՛աղօթենք հիւանդի մը համար, մեզմէ ի՞նչ կու տանք: Միայն` աղօթելու պատրաստակամութիւնը: Սակայն Աստուած Ինքն է, որ կը պարգեւէ բժշկութիւնը, կամ Ինքն է, որ հիւանդին օգնելու կը հասնի:
Արդ, որպէսզի մարդոց հետ իմ միասնութիւնս զգամ, աղօթքը ամէնէն անհրաժեշտ եւ ամէնէն դաստիարակիչ մէկ կերպն է: Ուստի, մնայուն կերպով պէտք է աղօթել: Աղօթելով` մենք մեր հոգին տեւականօրէն կը բարձրացնենք. աղօթելը բարձրացման ճանապարհն է:
Ինչպէ՞ս աղօթել:
Երբ կ՛աղօթենք Աստուծոյ դիմաց կը կենանք: Անոր դիմաց կը կենանք իբր անհատ որդիներ, որոնք իրենց Հօր կը խօսին: Բայց ամէնէն կարեւոր աղօթական փոխյարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ` իբր համայնք եւ իբր ժողովուրդ կենալով կ՛ըլլայ:
Նոր Կտակարանը եկեղեցւոյ մասին կը խօսի իբրեւ Քրիստոսի մարմինը: Մենք այդ մարմինին անդամներն ենք: Քրիստոսի մարմինին անդամ ըլլալ կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւրս մեր առանձին արժէքը ունինք, մեր առանձին կապը ունինք Հօր հետ, սակայն միաժամանակ Աստուծոյ իսկ կամքով` կանք ամբողջութեան մը համար: Հետեւաբար, քրիստոնէական աղօթքը համայնքային եւ ժողովրդային աղօթք է»:
«Երանութիւններ» բաժիով Զարեհ սրբազան կը թուէ ութ «երանի»-ները, որոնք են,
Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը:
Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն:
Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը:
Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան:
Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն:
Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն:
Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՛աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:
Երանի՜ անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի Արքայութիւնը:
***
Քարոզախօսական բաժինը կ՛ընդգրկէ շարք մը նիւթեր: Յարութեան խորհուրդին գծով Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ.
«Հաւատքն է փրկութեան բանալին, եւ հաւատքի աչքով ու տրամաբանութեամբ դիտող ու դատող մարդը Աստուծոյ ընծայած փրկութիւնը կ՛ընդունի բացարձակ վստահութեամբ ու երկիւղածութեամբ, եւ մանաւանդ` սիրով ու պաշտումով:
Արդ, Քրիստոս մեզի` բոլորիս համար մեռաւ, որպէսզի հաւատքի ճամբով մեզ կենդանացնէ: Այսպիսի հաւատք մը` մասնակցութիւն կամ բաժնեկցութիւն է Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան: Մասնակցութիւն ու բաժնեկցութիւն` ո՛չ թէ տեսականօրէն ու վերացականօրէն, ո՛չ թէ պարզ խորհրդանշական առումով, այլ` իրակա՛ն հասկացողութեամբ, հոգեւոր մակարդակի վրայ: Պօղոս առաքեալ հաւատքի այդ փորձառութիւնը կ՛արտայայտէ այսպէս. «Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ որ կ՛ապրիմ, այլ` Քրիստոս է որ կ՛ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ՛ապրիմ մարմինով, կ՛ապրիմ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ Իր կեանքը զոհեց ինծի համար»:
Քրիստոսի մահուան մասնակցութիւն` կը նշանակէ նաեւ Անոր յարութեան բաժնեկցութիւն: Եւ հաւատքի ճամբով Քրիստոսի հետ մեր միութիւնը այդ յարութիւնն է, որ կը բերէ մեզի այսօր: Յարութիւն մը` հոգիո՛վ, մեր ներքի՛ն մարդով, որ իր մեռելութենէն դուրս կու գայ, կը կենդանանայ, կը վերանորոգուի եւ կը դառնայ նոր ստեղծուած մը:
«Անծանօթ սուրբ հոգին» բաժինով Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ.
«Նոր Կտակարանին մէջ Ս. հոգին համեմատուած է նախ կրակին հետ: Յովհաննէս Մկրտիչ իր մկրտութիւնը Քրիստոսով գալիք մկրտութեան հետ բաղդատելով, կ՛ըսէ. «Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար… Ան ձեզ պիտի մկրտէ Ս. հոգիով ու կրակով»: Խօսքը նիւթական ԿՐԱԿ-ին հետ կապ չունի անշուշտ: Հոգեգալուստի օրը կրակէ լեզուներ երեւցան եւ հանգչեցան առաքեալներուն վրայ` խորհրդանշելով անոնց ստացած խօսքի զօրութիւնը»:
Ս. հոգին համեմատուած է ՋՈՒՐ-ին հետ: Կոչուած է Կեանքի Ջուր, որ պիտի բխի իւրաքանչիւր հաւատացողի ներսիդին: Պատկերը կը խորհրդանշէ մարդոց հոգեկան ծարաւին յագեցումը` մէկ կողմէ, եւ միւս կողմէ` հոգեկան անդաստանին ծաղկումն ու կենսաւորումը Ս. հոգիի մշտանորոգ եւ մշտաբուխ զօրութեամբ:
Տակաւին, Ս. հոգին համեմատուած է ՀՈՎ-ին կամ ՇՈՒՆՉ-ին հետ: «Հովը ո՛ւր որ ուզէ` կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ՛երթայ: Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք հոգիէն կը ծնին»: Ս. հոգիի ներգործութեան կերպն է, որ Քրիստոս կը ջանայ բացատրել Նիկոդեմոսի: Ինչպէս հովին ներկայութիւնը կը զգացուի իր անցքով եւ սուլոցով, այնպէս ալ Ս. հոգիին ներկայութիւնը կը զգացուի իր յառաջ բերած ներքին արդիւնքով, իր պտուղներով»:
«Զաստուած տեսնել» բաժինով Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ.
«Գերագոյն բաղձանքը, զոր իւրաքանչիւր հաւատացող եւ մանաւանդ խորունկ հաւատացող անհատ կ՛ունենայ – տիրանալ սիրտի սրբութեան եւ արժանանալ Աստուծոյ տեսութեան: Եւ Քրիստոս երանի կը կարդայ անոնց, որոնք այդ շնորհքը ընդունելու պատրաստ են, որովհետեւ բոլորին տրուած չէ անիկա, այլ անոնց, որոնք աստուածային սիրով ջերմացուցած իրենց հոգին, կը վանեն իրենց սիրտերէն ամէն չար մտածում, ամէն թշնամանք, ամէն բիծ, եւ սիրտի կատարեալ մաքրութեամբ, անկեղծ հաւատքով ու աղօթքով կը նուիրուին Աստուծոյ:
«Սուրբ սիրտ» արտայայտութեամբ կը հասկնանք մարդկային սիրտի, հոգիի եւ միտքի այ՛ն մաքրագոյն եւ պարզագոյն վիճակը, որ վիճակն է երկրաւոր բիծերէ եւ ախտերէ զերծ մարդուն, առաջի՛ն մարդուն, որ աստուածային արարչագործ մատներուն դրոշմը կը կրէր իր վրայ, իսկ իր ներսիդին` անապակ աղբիւրներու վճիտ հայելին, որուն մէջ կը ցոլանար Աստուծոյ պատկերը, աստուածային նմանութիւնը:
«Ի՞նչ բաներով կրնայ պարծենալ քրիստոնեան», հարց կու տայ Զարեհ սրբազան եւ կը շեշտէ ըսելով.
ա) Քրիստոնեային պարծանքը իր տկարութեանց խոստովանութիւնը պէտք է ըլլայ:
բ) Քրիստոնեային պարծանքը իր կրած նեղութիւնները պէտք է ըլլան:
գ) Քրիստոնեային պարծանքը իր հաւատքին առաւելութիւնը պէտք է ըլլայ:
դ) Քրիստոնեային պարծանքը իր եղբայրները պէտք է ըլլան:
ե) Քրիստոնեային պարծանքը Աստուած ինք պէտք է ըլլայ:
«1700-ամեակը եւ հայ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան հարցերը» բաժինով Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ, որ հայ եկեղեցին ազգային եկեղեցի է, բայց «ազգային եկեղեցի» բացատրութեամբ եկեղեցին չի նոյնանար եւ չի շփոթուիր պետական եւ քաղաքական կառոյցներուն հետ:
***
Յաջորդող գլուխներով Զարեհ սրբազան կը խօսի Մեծ եղեռնի եւ նահատակներու սրբադասման մասին, արթնութեան եւ իրաւունքներու հետապնդման ու հաւատարիմ յետնորդութեան կոչերով: Իսկ եկեղեցական-երաժշտագիտական բաժինով կը խօսի հայ եկեղեցական երգին ծագումին ու զարգացումին, մեղեդիներուն, տաղերուն եւ գանձերուն մասին: Պատմական բաժինով կը ներկայացնէ Կիլիկեան` իբրեւ փոքրիկ Հայաստան եւ Արծաթի դարը: Գիրքին վերջին մասը զանազան նիւթերու շուրջ զրոյցներ եւ ելոյթներ, նաեւ ուսանողական տարիներու գրութիւններ են: