
Հայաստանի մէջ ռուսական զինուորական խարիսխի զինուորական դատարանը 12 օգոստոսը ճշդած է իբրեւ Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան գործով մեղադրեալ զինուոր Վալերի Փերմեաքովի նկատմամբ քրէական գործով դատական նիստի օր: Այդ մասին յայտնած է Հիւսիս-կովկասեան շրջանային զինուորական դատարանի մամլոյ քարտուղար Ալէոնա Կածքալոն:
Դատարանը նաեւ երկարաձգած է Փերմեաքովի բանտարկութեան ժամկէտը` մինչեւ 30 յունուար 2016:
Ան կը մեղադրուի ռուսական քրէական օրէնսգիրքի երեք յօդուածներով նախատեսուած յանցագործութիւններ կատարելով` զէնքով դասալքութիւն, զէնքի ու զինամթերքի գողութիւն եւ զէնքի ու զինամթերքի անօրինական ձեռքբերում, փոխանցում, պահպանում, տեղափոխութիւն եւ կրում:


