
Tert.am կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Շըրնաք նահանգի կառոյցի հայ համանախագահ Ասմին Քիրաչ «Ֆէյսպուք»-ի ճամբով մահուան սպառնալիքներ ստացած է 25 եւ 26 յուլիսին:
Թրքական «Էվրենսել» լրատուական կայքը գրած է, թէ Քիրաչին յղուած պատգամներուն մէջ եղած են հայերու եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներու հասցէին հայհոյանքներ ու սպառնալիքներ:
«Հա՛յ, պիտի մեռնիս: Բոլորդ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներ էք, հեռացէ՛ք Թուրքիայէն», գրուած է պատգամի մը մէջ:
Քիրաչ նշած է, որ իրեն ուղղուած սպառնալիքները նոր չեն, որովհետեւ ան սպառնալիքներ ստացած է նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն սեմին:
Ան նաեւ նշած է, որ իր տան վրայ այնպիսի նշան դրած են, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը կը դնէ Սուրիոյ քրիստոնեաներու տուներուն վրայ: Նոյն ժամանակաշրջանին անոր նաեւ հեռաձայնելով սպառնացած են` «Տունդ նստէ՛, թէ չէ գլուխդ կը կտրենք»:
«Այդ սպառնալիքը ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ Պոլիս բնակող բազմաթիւ հայերու կատարուած է: Անոնք եւս այդ գծով մտահոգ են, սակայն չեն գիտեր ո՞ւր երթան կամ որո՞ւ դիմեն», ըսած է Քիրաչ: