Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Մօտ Օրէն Համապարփակ Պատերազմ Պիտի Շղթայազերծէ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

August 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Incirlik_8-05-15

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց, որ ամերիկեան պատերազմական օդանաւեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր կը հասնին Թուրքիոյ մէջ օդուժի զօրակայաններ, ուստի մօտ օրէն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պիտի շղթայազերծուի համապարփակ պատերազմ մը:

Չաւուշօղլու «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ մեր համաձայնութեան ծիրին մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրեցինք մեր զօրակայանները, մասնաւորաբար Ինճիրլիքը բանալու իմաստով»:

«Կը տեսնենք, թէ օդաչուով եւ անօդաչու ամերիկեան օդանաւեր կը հասնին, եւ մօտ օրէն միասնաբար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ համապարփակ պատերազմ պիտի շղթայազերծենք», ըսաւ ան: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ երէկ ամերիկեան օդուժը Ինճիրլիքէն մեկնելով իր առաջին յարձակումը գործած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ:

Մինչ այդ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ երէկ անակնկալ կերպով մեկնեցաւ Պրիւքսէլ: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, ան այնտեղ կրնայ հանդիպում ունենալ ՔԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Տեմիրթաշ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մերժեց այն ամբաստանութիւնները, թէ իր կուսակցութիւնը կը ծառայէ իբրեւ ՔԱԿ-ի բանբերը, եւ Սուրուճի յարձակումին ՔԱԿ-ի հակադարձութիւնը «կեղտոտ արարքներ» կոչեց:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» հաղորդեց, որ Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը մեղադրական եզրակացութիւն պատրաստած է երկրի 18 լրագրողի դէմ` մինչեւ 7,5 տարի բանտարկութեան առնչութեամբ: Լրագրողները կը մեղադրուին «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն իրականացնելու» մէջ:

Դատախազութեան կողմէ մեղադրականը կազմուած է ահաբեկչութեան զոհ դարձած դատախազ Մեհմեթ Սելիմ Քիրազի` գերեվարուելուն լուսանկարները տարածած 9 օրաթերթի պատասխանատու տնօրէններու եւ անոնց այլ աշխատակիցներու դէմ:

Յիշեցնենք, որ Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրման կուսակցութիւն-ճակատը 31 մարտին գերեվարած էր Պոլսոյ հանրապետական դատախազ Մեհմեթ Սելիմ Քիրազը: Թրքական անվտանգութեան ծառայութիւններուն կողմէ նոյն օրը երեկոյեան ձեռնարկուած յատուկ գործողութեան ընթացքին դատախազը գլխէն ու կուրծքէն վիրաւորուելով մահացած էր:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներու Հետ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Շուրջ Հասարակաց Մօտեցում Տակաւին Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի. Հայաստանի Միջազգային Դրամանիշերու Պահեստները Դարձեալ Սկսած Են Նուազիլ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.