Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՄԻՋԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ

August 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միւֆթի Քապպանի` Հըզպալլայի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Հանրապետութեան միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար էլ Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, շէյխ Ապտել Մեժիտ Ամմար, Մոհամետ Սալեհ եւ Ամին Շըրրի:

Հանդիպումէն ետք միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ Տար էլ Ֆաթուան բոլոր լիբանանցիներուն տունն է եւ կը զբաղի ամբողջ Լիբանանի ազգային եւ իսլամական հարցերով:

Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց Լիբանանի մէջ իսլամական համախոհութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը` բանիւ եւ գործով: Ան շեշտեց, որ միջիսլամական համախոհութիւնը իր կարգին կը նպաստէ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման:

Քապպանի զգուշացուց միջիսլամական լարուածութենէն եւ այդ լարուածութիւնը սրող գրգռութիւններէն ու փոխադարձ ցեխարձակումներէն: «Նման գրգռութիւններ եւ սադրանքներ կրնան կիրքեր հրահրել եւ փողոցին մէջ թարգմանուիլ իբրեւ վտանգաւոր արարքներ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ դիմացինը ջնջել, եւ եթէ երբեք այդ լարուածութիւնը հասնի փողոց, ապա լիբանանցի ժողովուրդը պիտի ըլլայ հիմնական զոհը:

Միւֆթի Քապպանի նաեւ հաստատեց, որ Լիբանանի միակ թշնամին Իսրայէլն է:

Նշենք, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի նախանցեալ օր այցելած էր հանրապետութեան միւֆթիին եւ հանդիպումին աւարտին Տար էլ Ֆաթուայէն կատարած էր սուր ցեխարձակումներ եւ ամբաստանութիւններ Դիմադրութեան եւ Հըզպալլայի հասցէին` վերջինս նկատելով միլիս, որուն զէնքը ուղղուած է լիբանանցիներուն դէմ:

 

Նախորդը

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐ ՆԻՍՏ ՄԸ

Յաջորդը

ԱՊԱՏԻ. «ՄԵՆՔ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ԱՅՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ, ՈՐ ՉԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑԱԾ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.