Հայաստանեան «Ժողովուրդ» օրաթերթը կը գրէ. «Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, վերջին մէկ տարուան ընթացքին 4300-ով նուազած է: Նշենք, որ եթէ պաշտօնապէս կը նշուի, թէ մնայուն բնակչութեան թիւը նուազած է, ապա ասիկա կը նշանակէ, որ այդքան թիւով մարդ հրաժարած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութենէն: Հարցը այն է, որ մնայուն բնակչութեան թիւին մէջ ներառուած են նաեւ արտասահման աշխատանքի մեկնող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները:
«Այսինքն` արտագաղթի այն տարբերակը, երբ մարդիկ Հայաստանէն կը հեռանան, սակայն քաղաքացիութենէն չեն հրաժարիր, մնայուն բնակչութեան թուաքանակին մէջ չ՛արտացոլար: Իսկ ինչ կը վերաբերի արտագաղթի թիւերուն, ապա, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, այս տարուան առաջին կէսէն Հայաստանէն մեկնած եւ չեն վերադարձած Հայաստանի Հանրապետութեան 103,994 քաղաքացի: Բնականաբար, մեկնած եւ չվերադարձածներուն մէկ մասը մինչեւ տարեվերջ պիտի վերադառնայ Հայաստան: Սակայն փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտագաղթի թիւը կը կազմէ նոյն տարուան առաջին կիսուն մեկնած եւ չվերադարձածներու թիւի շուրջ կէսին չափ»:


