
Այս տարուան յուլիսին Հայաստանէն Վրաստան մեկնած է աւելի քան 180 հազար մարդ, որ 11.9 առ հարիւրով աւելին է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ: Տուեալները ներկայացուցած է Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ այդմ, Վրաստան մեկնած զբօսաշրջիկներու թիւով երկրորդ տեղը Ազրպէյճանն է, երրորդը` Թուրքիան:


