
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ նորոգուելու ու մշակոյթի կեդրոն դառնալու կարգը եկած է Էսկիշեհիրի հայոց եկեղեցւոյ:
Էսկիշեհիրի Սիվրիհիսար նահանգին կապուած հայոց եկեղեցին, որ Ս. Երրորդութիւն կը կոչուի, կառուցուած է 1881-ին: Այս եկեղեցին, որ Անատոլուի մեծագոյն հայկական եկեղեցիներէն մէկն է, երկար ատեն գործածուած է իբրեւ շտեմարան: Յղկուած քարէ շինուած եկեղեցւոյ ետեւի կողմը կը գտնուի մկրտարանը, իսկ հարաւային մասին մէջ` հոգեւորականներու յատուկ սենեակը: Երբ բարենորոգումի աշխատանքները վերջ գտնեն, եկեղեցին իր ցուցասրահով, համերգասրահով եւ ժողովասրահով պիտի օգտագործուի իբրեւ մշակոյթի տուն:
Բարենորոգումի աշխատանքը պիտի կատարուի Միջին Արեւելքի «Թեքնիք» համալսարանի եւ «Կազի» համալսարանի գործակցութեամբ: Մշակոյթի այս տունը զբօսաշրջիկներուն համար պիտի բացուի. անիկա պիտի օժտուի Սիվրիհիսարի տեղական գորգերով, կարպետներով եւ նմանօրինակ պատմական գործերով: