Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿՐԿՆԱՊԱՏԿՈՒԱԾ Է

August 18, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թրքական բանտի պահակակէտ մը

Բանտերու ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնը հրապարակած է զեկուցում մը, որուն մէջ կը նշուի, որ 2006-էն 2010 երկարող ժամանակաշրջանին ընթացքին Թուրքիոյ բանտարկեալներուն թիւը կրկնապատկուած է: 2011-ի տուեալներով այդ թիւը հասած է 124074-ի:

«Էս.Ի.Թայմզ» կայքէջին կողմէ հրապարակուած տուեալները թրքական, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն մտահոգութիւնը յառաջացուցած են:

«Մեր երկրին մէջ իրաւական համակարգը այնպիսի ուժեղ գործելաոճ ունի, որ թոյլ կու տայ պատժել իւրաքանչիւր կասկածեալի, երբեմն նոյնիսկ երեխաները բանտին մէջ կը յայտնուին», յայտարարած է Պոլսոյ Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան նախագահ Էօզթիւրք Թիւրքտողան եւ աւելցուցած, որ թուրք դատաւորները գրեթէ իւրաքանչիւր կասկածեալ տարիներով ճաղերու ետեւ կը պահեն` մինչեւ հետաքննութեան աւարտը:

Թուրքտողան ընդգծած է, որ բանտարկեալներուն 47 առ հարիւրը բանտերուն մէջ առանց դատարանի որոշումին կը պահուին, շուրջ եօթը հազար բանտարկեալ ալ ճաղերու ետեւ յայտնուած են քաղաքական դրդապատճառներով:

«Թուրքիոյ մէջ կը շարունակէ գործել խօսքի ազատութեան վերաբերեալ բռնատիրական օրէնքը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքը, որոնց «շնորհիւ» շատերը եւ հիմնականին մէջ քիւրտերը ճաղերու ետեւ կը յայտնուին», կ՛ըսէ դանիացի լրագրող Մարք Կիլեթ եւ կ՛աւելցնէ, որ բազմաթիւ մարդիկ կը ձերբակալուին` կառավարութեան դէմ դաւ նիւթելու կասկածներով: Կիլեթ կը նշէ, որ բանտարկեալներու թիւի աճին համար այլ պատճառներ ալ կան: «Պատուի համար սպանութիւններու մասին օրէնքը արդիականացուած է, եւ ոչ միայն սպաննողը օրէնքի առջեւ պատասխան կու տայ, այլ նաեւ անոր ընտանիքին բոլոր անդամները, որոնք դաւ նիւթած են անոր հետ, աւելի դաժան պատիժ կը ստանան», կը նշէ Կիլեթ:

Այլ թուրք իրաւապաշտպան մըն ալ իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ այն հարցին նկատմամբ, որ դատավարութիւնները յաճախ այնքան կը ձգձգուին, որ մեղադրեալները բանտին մէջ կը մահանան:

Իսկ հետաքննող լրագրող Մուսթաֆա Սէօնմեզ կը կարծէ, որ վերոնշեալ խնդիրին ետին «կանգնած են» ոչ արդար դատարաններ, գործազրկութիւնը, ընկերային խնդիրները եւ յանցաւոր գործունէութեան խրախուսումը:

Ի դէպ, ըստ նոյն զեկուցումին, Հայաստանի մէջ բանտարկեալներու թիւը 40807 է:

 

Նախորդը

ՔԱԿ 8 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ

Յաջորդը

«ԵԹԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԻ ՄԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻՆ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԲՆԱԿԱՆԱԲԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՄՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.