ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ Թուրքիոյ շղթայազերծած զինուորական վերջին արշաւի երեւոյթին ու դրդապատճառներուն անդրադարձած էինք` զանոնք դիտելով արտաքին քաղաքականութեան պրիսմակէն, ինչ որ խորքին մէջ մետալին մէկ երեսն է միայն: Միւս երեսը կը վերաբերի Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան:
Յստակ է, որ թրքական բանակի հարուածները կեդրոնացած են ՔԱԿ-ի եւ ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւս 28 յուլիսին Չինաստան մեկնելէ առաջ իր կատարած յայտարարութեամբ յստակ դարձուց, որ իր ուշադրութեան կեդրոնը քիւրտերն են եւ ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ը: Այս բոլորը մտածել կու տան, թէ շղթայազերծուած զինուորաքաղաքական արշաւին գլխաւոր նպատակը յաչս թրքական հասարակութեան քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ԺԺԿ) վարկաբեկելն ու քիւրտ գործիչներու քաղաքական չէզոքացումն է, որպէսզի անոնք հաւանական արտակարգ խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին չկարենան վերստին հասնիլ 7 յուլիսի յաջողութեան, ինչ որ իշխող կուսակցութեան պիտի արտօնէ խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն դառնալով Էրտողանը օծել սուլթան:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (ԱՇԿ) օժանդակութեամբ իշխող կուսակցութեան թեկնածուի խորհրդարանի նախագահ ընտրութենէն եւ ԱՇԿ-ի` համախոհական կառավարութեան մը մաս կազմելու մերժումով կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն (ԱԲԿ)-Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն (ՀԺԿ) բանակցութեանց տարազով անելի մը ստեղծումէն ետք, Էրտողան 28 յուլիսի իր յայտարարութեամբ նաեւ յաւելեալ փաստ մը տուաւ կանխահաս ընտրութիւններու անխուսափելիութիւնը ապահովելու համար ԱՇԿ-ի հետ իր լռելեայն գործակցութեան մասին, երբ անուղղակի կերպով աջակցութիւն արտայայտեց Գերագոյն դատարանի գլխաւոր դատախազին մօտ նշեալ կուսակցութեան մէկ օր առաջ ներկայացուցած դիմումին, որ կրնայ քրտական կուսակցութեան փակման առաջնորդել: Ան նշեց, որ թէեւ սկզբունքով կուսակցութիւններու փակման դէմ է, սակայն ԺԺԿ-ի երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը պէտք է վերցուի, որպէսզի անոնք դատարանին առջեւ պատասխան տան «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ իրենց կապերուն» առնչութեամբ:
Թուրքիոյ արեւմուտքցի դաշնակիցները թէեւ աջակցութիւն յայտնեցին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դէմ անոր զինուորական արշաւին, սակայն միեւնոյն ժամանակ քրտական հարցի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը ընդգծեցին: Այլ խօսքով` տողատակի յայտնեցին, որ քիւրտերուն դէմ զինուորական գործողութիւնները չեն առաջնորդեր այդ նպատակի իրագործման, այլ` կողմերու դիրքորոշումներուն կարծրացման: Էրտողան քաջ գիտէ այդ մէկը, ահա թէ ինչու քրտական հարցով խաղաղութեան հոլովոյթին շարունակումը նկատեց անկարելի: Ներքաղաքական գետնի վրայ քիւրտերու չէզոքացումը կրնայ խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան մեծամասնութիւն ապահովել, սակայն քրտական հարցին լուծման համար կենսական եղող յուսալի զրուցակիցէ մը զրկել իշխող կուսակցութիւնը:
Շղթայազերծուած զինուորաքաղաքական արշաւը յստակ կը դարձնէ, որ թէեւ քրտական հարցին լուծումը ԱԲԿ-ի համար առաջնահերթութիւն մըն է, սակայն նախագահական համակարգի ապահովումը` առաջնահերթ առաջնահերթութիւնն է, որուն ապահովումը, սակայն, ի շահ Էրտողանին է եւ ի վնաս անոր ղեկավարած երկրին: