Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Դէպի Հայրենիք. 137 Բանակող Պատանիներ Հայրենի Հողին Վրայ Պիտի Շարունակեն Իրենց Գաղափարաշունչ Դաստիարակութիւնը

Յուլիս 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

11046177_844162478971029_5722401512246395296_o

«Մեզի վստահուած գործը քիչ է, աւելի՛ն կ՛ուզենք»: Այսպիսի արտայայտութիւններ շատ յաճախ կը կրկնուին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն առօրեային մէջ, սակայն յատկապէս ապրիլ ամսուան ընթացքին պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած «Մե՛նք ենք մեր Դատին իրաւատէրերը» խորագրեալ հացադուլին ընթացքին, այդ արտայայտութիւնները ո՛չ միայն գործի պատրաստակամութիւն էին, այլ նաեւ հրաւիրակոչեր` միասնաբար յաջողցնելու նոր մարտահրաւէրներ:

Այսպէս, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը դաշնակցական պատանիին գաղափարաշունչ դաստիարակութեան հրամայականով եւ Հայաստան-սփիւռք կապը սերունդէ-սերունդ առաւել ամրապնդելու հեռանկարով կազմակերպած է ութօրեայ բանակում` Հայաստանի Կոտայք մարզի Քանաքեռաւան շրջանի «Սերժ Գալուստեան» բանակավայրին մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 124 պատանիներ հայրենի հողը գրկելու իրենց կեանքի երազի իրականացման հայրենասիրական խանդավառութեամբ, հինգշաբթի 30 յուլիս 2015-ի երեկոյեան, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին ՀՅԴ «Դէպի Երկիր» զինատար խումբերէն չորսին յատկանշական անուններով պիտի հասնին բանակավայր` հոն գտնելով պատասխանատուներն ու Երեւանի պատանեկան միութենէն եւ Կոտայքի մարզէն 13  պատանի ընկերներ:

«Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» խորագիրով սոյն բանակումի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 31 յուլիսի երեկոյեան` «Սերժ Գալուստեան» բանակավայրին մէջ, ներկայութեամբ պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ընկերներու ու բարեկամներու:

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի Հայաստանի բանակումի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, պատանիները առիթը պիտի ունենան ճանչնալու հայրենիքը, գրկելու հայրենի հողը, խմելու հայոց պատմութեան ամէնէն նորագոյն յաղթանակներէն`  հերոսական Արցախի ջուրը, շօշափելու հայրենիքի պաշտպան զօրանոցի զինուորներուն կենցաղը, ծանօթանալու նոր հայրենակից պատանի ընկերներու, փոխանակելու ապրումներ, կատարելու յատկանշական հանդիպումներ եւ ծանօթանալու շրջաններու մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:

Ութօրեայ սոյն բանակումը համալրուած է դաստիարակչական ծրագիրի ամէնօրեայ յատուկ օրակարգով ու մարզական միջոցառումներով, որոնք մաս կը կազմեն ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի դաշնակցական պատանիի հոգիի, մտքի ու մարմնի կազմաւորման առաքելութեան: Այսպէս, պատանիները պիտի լսեն դասախօսութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կապակցութեամբ` վեր առնելով դաշնակցական պատանիին դերը հայութեան հաւաքական պայքարին մէջ, պիտի մասնակցին զրոյցներու եւ խմբային աշխատանքներու, յանձնախումբերու դրութեամբ կազմակերպելու դաստիարակչական մրցումներ ու պատրաստելու իրենց վստահուած դաստիարակչական աշխատանքները: Մարզական այլ ձեռնարկներու կողքին, պատանիները նաեւ պիտի իրականացնեն Լիբանանի բանակավայրէն ու իրենց առօրեայ աշխատանքներուն ընթացքին հնչեցուցած Արագածի լանջերուն դրօշ զետեղելու մարտահրաւէրը` գործնապէս բարձրանալով անոր ամեհի լեռները:

«Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումով, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը դաստիարակչական բովանդակութեամբ ու կարգապահ ընթացքով կը միտի ամրապնդելու մասնակիցներու գաղափարական ու կազմակերպական ըմբռնումները, քայլ առ քայլ իրականացնելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով նոր մարտահրաւէրներ:

Նախորդը

«Կիւրճիեֆ» Ժողովրդական Նուագարաններու Համոյթը Այս Շաբաթավերջին Պիտի Ներկայանայ Լիբանանի Արուեստասէրներուն

Յաջորդը

Էրտողան Կ՛ազդարարէ Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութեան Կարելիութեան Մասին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?