ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Աւելի քան տասը տարիներ առաջ կը գրէի ուրիշ նշմար մը` Մարիամի Որդի Յիսուսի մզկիթին մասին, Սայտայի գիւղերէն մէկուն մէջ… Յիսուս եւ Մարիամ երբ կը մեծարուին իսլամական մզկիթներու մէջ, սա կը նշանակէ, թէ ոչ միայն իսլամ-քրիստոնեայ բախումը դատապարտուած է, այլեւ միաժամանակ դատապարտուած է եւ աւելի մեծ ուժգնութեամբ` միջիսլամական բախումը, սիւննի-շիի բախումը, որ ներկայիս կը քաջալերուի ամերիկեան կայսերական քաղաքականութեան կողմէ` որպէս հեռահաս ռազմավարութիւն, որուն մարմնացումներէն է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Իսլամական պետութիւնը… ՏԱՀԵՇ, որ քանդիչ պատերազմ հռչակած է մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ:
Մեր համեստ կարծիքով, ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւնները սանձելու համար բիրտ ուժէն եւ առաւել եւս վայրագ միջոցներէն աւելի ազդուն ու արդիւնաբերը կրօնական խաւարամտութեան ստեղծած թուխպ ամպերը փարատելու եղանակն է, որ երէկ` տասնամեակ մը առաջ, գործածուած էր Սայտայի մէջ, եւ ուրբաթ, 5 յունիս 2015 թուականին գործածուեցաւ Թարթուսի մէջ` բացումը կատարելով Յիսուսի Մայր Մարիամի մզկիթին:
Իսլամական կրօնը բնաւ երբեք թշնամին չէ քրիստոնէութեան, եւ ոչ իսկ յուդայադաւանանքին, այլ այս երեք կրօնները կը համարէ հաւասարապէս միաստուածութեան կրօններ (Ահլ-Ուլ-Քիթապ) եւ ուրեմն` Ահլ-Ուլ-Զիմաթ, երեքը իրարու հանդէպ օգնութեան պարտական դարձնելով:
ՏԱՀԵՇ-ի շղթայազերծած կրօնական պատերազմը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի քրիստոնէական «հարիւրամեայ» պատերազմը բացարձակ կապ չունին իսլամի եւ քրիստոնէութեան մաքրամաքուր սկզբնաղբիւրներու հետ, այլ հետեւանքն են իսլամի եւ քրիստոնէութեան էսթապլիշմենթացումին` կրօնը չարաշահելով քաղաքական յարձակողական վայրի նպատակներու համար: Պատմութեան ծանօթ են հակաէսթապլիշմէնթացման տասնեակներով ժողովրդական ու գիւղացիական յեղափոխական շարժումներ, որոնցմէ հոս յիշենք հայկական Թոնտրակեան շարժումը, իսլամական Քարամիթաներու շարժումը եւ եւրոպական բողոքականութիւնը:
16-րդ եւ 17-րդ դարերուն Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած կրօնական պատերազմները` «Հարիւրամեայ պատերազմ»-ն ու «Երեսնամեայ պատերազմ»-ը, նոյնքան անմարդկային ու գազանավայել էին որքան` ներկայիս ՏԱՀԵՇ-ի գործած ոճիրները:
Կրօնական մոլեռանդութիւնը վայրի բնազանդական բնոյթ ունի եւ բացարձակ կապ չունի բանականութեան հետ, հետեւաբար կոյր ուժ մըն է, զոր չարաչար կ՛օգտագործեն ՉԱՐ ծրագրեր հետապնդող յարձակողական մեծ տէրութիւնները: Այս է պատճառը, որ նուաճողական պատերազմները կը մղուին ցեղային ու կրօնական մոլեռանդութեան կոյր ուժին միջոցով, որ ահագին է եւ ահաւոր, քան` միւս միջոցները: Այս միջոցները աւելի կործանարար են, քան քաղաքական ու դասակարգային պայքարի նպատակները, որոնք կապ ունին բանականութեան հետ… որ վիճարկումի առարկայ կ՛ըլլայ եւ կը տկարացնէ կոյր ուժին վայրագութեան թափը…
16-րդ եւ 17-րդ դարերու Եւրոպայի քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ եւ յանուն Աստուծոյ կրօնական մոլեռանդութեան կոյր ուժին գործած խենէշ ոճիրներէն արձանագրուած են հետեւեալ արարքները.
– Ողջ հերետիկոսին դիմազեղծումը, քանի որ ան պէտք չէ նմանի Աստուծոյ դէմքին, զայն պէտք է դիմափոխել` Սատանայի դէմքին… ուրեմն` փորել հերետիկոսին երկու աչքերը ողջ-ողջ եւ զանոնք վերածել երկու կարմիր` արիւնթաթախ խոռոչներու, քանի որ սատանային աչքերը կարմիր են… Նաեւ` ողջ-ողջ կտրել անոր քիթը, ականջները եւ շուրթերը:
– Ողջ հերետիկոսին կղկղանք կերցնել, քանի որ ան կը մերժէ հաղորդութիւն, ճաշակ առնելը…:
– Կին հերետիկոսին բունոցին մէջ կենդանիներու կոտոշներ խոթել:
«Հերետիկոս»-ը, որ ողջ-ողջ չարչարելու այս մեթոտը այսօր կը գործածեն նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մոլեռանդները երեք եղանակներով` 1) զոհերը հրկիզել, 2) զոհերը կենդանի թաղել մինչեւ վիզը հողին մէջ եւ 3) զոհերը կենդանի թաղել մինչեւ վիզը` պեթոնի մէջ:
Իսկ լիբանանեան թայֆայական ներքին պատերազմի օրերուն, այս մեթոտը խաչադրօշակիր մոլեռանդները գործածեցին երկու եղանակներով` 1) պաղեստինցի «հերետիկոսները» կենդանի թաղել մինչեւ վիզը պեթոնի մէջ, եւ 2) պաղեստինցի «հերետիկոսները» կապելով զինուորական կառքերու` զանոնք ստորնաքարշ պտտցնել փողոցներուն մէջ մինչեւ մահ… Անոնք այս եղանակը նաեւ գործածեցին Խալիլ Պետեւի թաղին մէջ ոչ թէ պաղեստինցի, այլ հայ քրիստոնեայ «հերետիկոս» նահատակ Հրաչ Գազանճեանին դէմ…
Եւ այս բոլորը, որովհետեւ վերջին Ահեղ Դատաստանի օրերը կը մօտենան, եւ ամէն հաւատացեալ իր փրկութիւնը ստանալու համար Աստուծմէ` պէտք է աշխարհը մաքրագործէ հերետիկոսներէն:
Իսկ ՏԱՀԵՇ-ի բարբարոսները հերետիկոսներուն դէմ կը գործեն իրենց ոճիրները` արժանանալու համար դրախտի հուրի-փերիներուն…
Հոս տեղին է վերյիշեցնել, թէ մեր իմաստուն թոնտրակեցիները կը մերժէին կտրականօրէն նաեւ վերջին ահեղ առասպելները, առանց պատկերացնելու վստահաբար, թէ ինչպիսի՛ աղէտներ պիտի գործէին այդ առասպելները… վերջին ահեղ դատաստան… դրախտ… եւն:
Իբր թէ Աստուծոյ անունով, Աստուծոյ հաճոյանալու համար եւ Աստուծոյ փառքի՜ն համար գործուած այս հին ու նոր ոճիրները հաճելի կրնան ըլլալ միայն ու միայն ՉԱՐ նպատակներ ու ծրագիրներ հետապնդող կայսերական-կայսերապաշտական մեծ տէրութիւններուն, որոնց մեծագոյնն է այսօր Միացեալ Նահանգները` Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ զինակցութեամբ, առանց որոնց` ՏԱՀԵՇ-ը չէր կրնար հասած ըլլալ ներկայիս ունեցած իր մշտանորոգ ուժին նոյներուն կողմէ:
Թարթուսի նորաբաց «Տիրուհի Մարիամ»-ի մզկիթը, 5 յունիս 2015 թուին, առաջին ապտակը տուաւ կրօնական մոլեռանդութիւնը հովանաւորող վերոյիշեալ պետութեանց երեսին, իսկ երկու օր ետք այդ պարտութիւններն ու ՏԱՀԵՇ-ը ստացան երկրորդ ապտակ մը` 7 յունիս 2015-ին, նորօսմանական սիւննիական Թուրքիոյ մէջ, երբ Էրտողան Ա. սուլթանի վարչակազմը տապալեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն… շնորհիւ` ՔԱԿ-ի քաղաքական կազմակերպութեան եւ Տեմիրթաշի գլխաւորած ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան սպասելի յաղթանակին, զոր ջերմօրէն ողջունեցին ո՛չ միայն բազմազգ ու բազմակրօն Թուրքիոյ, այլեւ աշխարհի բոլոր հակառակորդները` կրօնական մոլեռանդութեան:
2015 թուի յունիսի 5 եւ 7 օրերը յաղթանակի պատմական օրեր հանդիսացան աշխարհի բոլոր կրօնական ու ցեղային մոլեռանդութեան հակառակորդ ժողովուրդներուն համար, ներառեալ` հայ ժողովուրդին, յոյսի եւ լոյսի շողերով պայծառացնելով դարադարձային 2015 թուականը եւս:
9 յունիս 2015