Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ը Կը Հովանաւորէ Ջաւախքի Ճամբարները

July 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0718arsjavakhk

Անգամ մը եւս 50 ջաւախահայ պատանիներ երկու շաբթուան ճամբար պիտի վայելեն Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կեդրոններուն մէջ: ՀԵԴ-ի ճամբարի խորհրդատուները եւ վարիչները իրենց կարելին կ՛ընեն` թեթեւցնելու ու պայծառացնելու ջաւախահայերու դժուարին կեանքը, թէկուզ` ճամբարի տեւողութեան ընթացքին: Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը դարձեալ հովանաւորեց պատանիները. արդարեւ, 2006-2007 տարեշրջանէն ի վեր շրջանը կը հովանաւորէ երկու կեդրոններու տարեկան գործունէութեանց բոլոր ծախսերը:

«Հայրենի Ջաւախքը անբաժան մասնիկն է մեր հայրենիքին», ըսաւ Մարալ Մաթոսեան` ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան համաատենապետուհին` աւելցնելով. «ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամին հովանաւորած երիտասարդական կեդրոններու կարիքներուն հասնելու միտումով Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը «Ջաւախքի գանձանակ»-ներով այս տարի եւս շօշափելի բաժին բերաւ այս ծրագիրին»:

Շրջանի դպրոցներու աշակերտութիւնը, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դասարաններ, ներառեալ` ՀՕՄ-ի միօրեայ դպրոցներու աշակերտները, հանգանակեցին այդ գումարները` գանձանակներու ծրագիրին միջոցով, որ կը միտի բարեսիրութիւնն ու Ջաւախքի պատմութիւնը միացնել: Այս տարի դպրոցները միասնաբար հանգանակեցին 18,333 տոլար, որ ուշագրաւ գումար է, որովհետեւ նոյն աշակերտները նշեալ տարեշրջանին ընթացքին շատ այլ բարեսիրական նպատակներու համար եւս հանգանակութիւն կատարեցին:

Նուիրատու դպրոցներուն անունները, վայրերն ու գումարները հետեւեալներն են.

ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Սան Ֆեռնանտօ Հովիտ` 636 տոլար,
ՀՕՄ-ի «Արաքս» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Սաութ Պէյ` 125 տոլար,
ՀՕՄ-ի «Լոռի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Հիւսիսային Սան Ֆեռնանտօ Հովիտ` 277 տոլար,
ՀՕՄ-ի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց` 799 տոլար,
ՀՕՄ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Նորթ Հոլիվուտ` 128 տոլար,
ՀՕՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Կլենտէյլ` 354 տոլար,
ՀՕՄ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոց, Օրենճ Քաունթի` 355 տոլար,
ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի միօրեայ դպրոց, Փասատինա` 335 տոլար,
Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան աւետարանական վարժարան, Շըրմըն Օքս` 385 տոլար,
Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄ-ի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկապարտէզ, Էնսինօ` 1575 տոլար,
Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարան, Էնսինօ` 4311 տոլար,
Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան, Սան Ֆրանսիսքօ` 800 տոլար,
Մեսրոպեան ազգային վարժարան, Փիքօ Ռիվերա` 426 տոլար,
Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարան, Հոլիվուտ` 3235 տոլար,
Ս. Աստուածածնայ Ռիչըրտ Թիւֆենքեան մանկամսուր, Կլենտէյլ` 2390 տոլար,
Վահան եւ Անուշ Շամլեան ազգային վարժարան, Կլենտէյլ` 2202 տոլար:

ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» յանձնախումբի անդամները եւ այլ կամաւորներ քրտնաջան աշխատեցան գումարները հաշուելու եւ տարեշրջանին ընթացքին հրապարակային ու հանգանակային աշխատանքներով իրենց կարելին ըրին` ջաւախահայութեան օգնելու համար:

Մաթոսեան այս առթիւ նաեւ ըսաւ. «ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ իւրաքանչիւր հայ աշակերտի, նաեւ` ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» յանձնախումբին»:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Արժեւորելով Յիշատակը

Յաջորդը

Նշմար. Յիսուսի Մայր Մարիամի Մզկիթ Թարթուսի Մէջ…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.