Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Արժեւորելով Յիշատակը

July 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

asbarez_Lisbon5

Լիզպոնի տղոց` Արայի, Սեդրակի, Սարգիսի, Սիմոնի ու Վաչէի ինքնանուիրումը ոգեկոչական, յիշատակի ձեռնարկներով կամ գրութիւններով գնահատելը անհրաժեշտութիւն է, սակայն` ո՛չ բաւարար:

Անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի անոնց անուններէն ճառագայթող հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը կարելի ըլլայ փոխանցել նոր սերունդին եւ անտեղեակներուն ու անտարբերներուն մատուցել գերագոյն արժէքներու համար զոհաբերութեան պատրաստակամութեան ճաճանչող օրինակ մը:

Անբաւարար է բոլոր անոնց համար, որոնք այդ երիտասարդներուն հերոսական արարքին մէջ կը տեսնեն` հրաւէր, կոչ, յանձնառութեան պատգամ, ու այդ պատգամի ուժով կը գնահատեն իրենց ու շրջապատին մասնակցութիւնը` ազգային շահերու պաշտպանութեան գործին:

Լիզպոնի տղոց հաստատած յանձնառութեան նշանաձողին հասնիլը կրնայ անկարելի ըլլալ, սակայն անոր ձգտիլը կրնայ միակ ընդունելի այլընտրանքը ըլլալ անոնց համար, որոնք կը կիսեն այդ հերոսներուն գաղափարական հանգանակը:

Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ յաւելեալ լարում` միութենական կամ կուսակցական բոլոր պարտականութիւններու իրականացման ճանապարհին:

Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ յաւելեալ լրջութիւն ու զգաստութիւն` պատասխանատուութեան ամէն մակարդակի վրայ գտնուողներու պարագային:

Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ անկեղծութիւն ու ճշմարտութիւն` միութենական-ընկերային յարաբերութիւններու մէջ:

Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ յաղթահարումի փորձ` սնափառութեան ու փառասիրութեան տուրք տուող մտայնութեան, գործելակերպին ու վարուելակերպին:

Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ առաջին ու միակ հերթին` սեփական ներդրումը գնահատելու խստագոյն չափանիշի որդեգրում, առանց ուրիշներու հետ համեմատութիւններով արդարացումներ փնտռելու, ամէն անգամ երբ տկարանանք, թուլանանք:

Անիրական ձգտում չէ ասիկա: Փաստը` Արցախը ազատագրողները, հայրենիքի սահմանները պաշտպանողները, Հայ դատին զինուորագրուածներու փաղանգը:

Նախորդը

Դամասկահայ Ներկայացուցիչներ Ներկայ Կը Գտնուին «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Համար Տեղեկատուական Միջազգային Խորհրդաժողով»-ին

Յաջորդը

ՀՕՄ-ը Կը Հովանաւորէ Ջաւախքի Ճամբարները

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.